ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԻԵԱՆ
65տարեկանը անց բոլոր, մայրիկները, հայրիկները, մեծ մայրիկները եւ մեծ հայրիկները աւելի քան ամիս մըն է, որ բանտարկուած են տուներու մէջ։ Նոյնիսկ որ հեռուէն հետեւինք կը նշմարենք թէ օր ըստ օրէ կը խանգարուի անոնց տրամադրութիւնը, կը տկարանայ մտային եւ մարմնական կարողութիւնները։ Անոնք ուրախ են որ գոնէ նուազագոյն կարիքները հոգալու ի վիճակի են։ Բայց միւս կողմէ կը նկատենք որ փողոց չելլելը, ծանօթի մը հանդիպելով բարեւելը եւ նման պարզ բաներ այս տարիքի մարդկանց համար շատ կարեւոր են։
Հաւանական բնականոնացումը Թուրքիոյ պայմաններու մէջ նուազագոյն ամիս մը ետք կարելի պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ այդ պայմաններով իսկ 65 տարեկանէն վեր եղողներուն ենթարկուած սահմանափակումը պիտի կրնայ շարունակուիլ։ Այս հեռանկարով պետէ է ընդունինք որ կատարուածը հետզհետէ կանխամիջոց մը ըլլալէ աւելի բռնութեան վերածուած է։ Եթէ տուեալ պայմաններու մէջ պիտի չուզենք որ մեկուսացումը անձայն անշշուկ անոնց մտային կարողութիւններն ալ խանգարէ ստիպուած ենք յատուկ կարգադրութիւններ պահանջելու։ Ազատ օդ շնչելը, քալելը, իր տան մօտ շրջելը, համաճարակին ամենաբուռն կերպով ապրուած Իտալիոյ կամ Գերմանիոյ մէջ ալ չէր արգիլուած։
Արդէն մկանները տկարացած, քալելու դժուարացող, կէս ժամ շէնքին առջեւ որ ելլէ շնչած թթուածինէն գլխապտոյտ ապրող զանգուածի մը մասին կը խօսինք։ Կեանքէ ամենաշատ հաճոյք ստացած պարզ սովորութիւններէն իսկ զրկուած տարեցները հասարակութեան ամենադիւրաբեկ հատուածը կը ներկայացնեն։ Կանխամիջոցներուն դիմելով փողոց ելլել, պայծառ օդի եւ արեգակի բարիքներէն օգտուիլը պէտք է դիտել մարդու իրաւունք ըլլալով։ Ուրեմն ստիպուած ենք այդ իրաւունքը պաշտպանելու։
Մարդիկ կեանքի կը կապուին իրենց մշակած ընկերային յարաբերութիւններով։ Այժմ բոլորը հասկցած են, որ այդ յարաբերութիւնները պէտք է տեղի ունենան որոշ ֆիզիկական հեռաւորութիւնը պահելով։
Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգին մէջ ամենախիստ կանխամիջոցները կը կիրարկուին։ Ամիս մըն է որ կը շարունակուի փողոց ելլելու արգելքը։ Բայց գնումները, քալելը, բժիշկի կամ աշխատանքի երթալը այդ արգելքի սահմանումէն դուրս է։ Երբեք չէ կիրարկուած տարիքով սահմանուած փողոց ելլելու արգելք մը։ Ընդ հակառակը միշտ խրախուսուեցաւ ազատ օդ շնչել, առանձին կամ ընտանիքի անդամներով մարմնամարզութիւն ընել։ Հաւանաբար յառաջիկայ շրջաններուն եւս պիտի շարունակուի ճամբորդութեան սահմանափակումները։ Ամիսներ շարունակ կարելի պիտի չըլլայ բազմաթիւ երկիրներ ճամբորդել։ Նոյնիսկ կողք կողքի առանց պատշգամբի տուներէն ելլելով ամարանոց երթալը անգամ խնդիր պիտի ըլլայ։ Մինչդեռ այս դժուար ժամանակը յաղթահարելու համար հաց ու ջուրի աստիճանով անհրաժեշտ է դուրսը ժամանակ անցնել։ Արդէն կ՚ապրինք նոր «բնականոնութիւն»ներ։ Ալ աւելի կարծրացած է բռնատիրական վարչաձեւերը։ Ներկայ ճգնաժամը կը գերազանցէ բոլոր պետութիւններուն տնտեսական կարողութիւնը։ Զանգուածները արդէն առկայ նիւթական անբաւարարութիւններու կողքին կը մատնուին նոր մղձաւանջի։ 65 տարեկանէն աւելի մեծերը ազատ օդ շնչելէ զրկելը պետութեան առողջապահական դրութեան վրայ նոր բեռեր պիտի բերէ։ Ոչ թէ ամբողջական արգիլումներով, այլ որոշ կարգադրութիւններով կարելի է կեանքը նոյնիսկ համաճարակի պայմաններուն տակ աւելի տանելի դարձնել։ Սա պարզապէս նախապատուութեան խնդիր է։