Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Խորհրդարանին ներկայացուցած է տնտեսական պաշտպանութիւն պահանջող առաջարկ մը։ Առաջարկը ստորագրած են կուսակցութեան երեք պատգամաւորներ՝ Կարօ Փայլան, Էրօլ Քաթըրճըօղլու եւ Նեճտեթ Իփէքեիւզ։ Անոնք կ՚առաջարկեն, թէ արգիլուի աշխատանքէ զրկելու մասին որոշումները, մինչեւ 30 Յունիս դադրեցուի հիմնական ծառայութիւններէ դուրս մնացած բոլոր աշխատանքները եւ համաճարակի տեւողութեամբ վճարովի կերպով արձակուին աշխատողները։
Առաջարկին մէջ կը նշուի, որ գործաւորներ, գործարարներ, փոքր ձեռնարկութիւններու սեփականատէրեր, կիներ եւ սահմանափակ ապրուստով գոյատեւող քաղաքացիները պահպանուին, գոնէ նուազագոյն մակարդակի եկամուտի տիրանալով։
Առաջարկը կ՚ընդգրկէ 15 կէտեր, որոնք են հետեւեալները.
1 Տարուայ տեւողութեամբ արգիլել գործէ հանելու դրութիւնը։
2 Հիմնական կարիքներէ դուրս մնացած բոլոր աշխատանքները կասեցնել մինչեւ 30 Յունիս 2020։
3 Համաճարակի տեւողութեամբ աշխատողները վճարովի արձակուրդի ղրկել։
4 Գործազուրկներու եւ 2500 ԹԼ.-էն նուազ եկամուտ ունեցողներու առանց որեւէ պայման պահանջելու նիւթական օժանդակութիւն ապահովել։
5 Եկամուտէ զուրկ կանանց ամսական 2500 ԹԼ. ուղղակի օժանդակութիւն տալ։
6 Համաճարակի տեւողութեամբ երկրի մէջ բնակող գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն ամսական 2500 ԹԼ օժանդակութիւն տալ։
7 Նուազագոյն թօշակը բարձրացնել 2500 ԹԼ.-ի։
8 Յետաձգել հողագործներու պարտքերու գանձումը։ Իսկոյն վճարել անոնց զօրակցութեան բաժինները։
9 Բոլոր փոքր ձեռնարկութիւններուն օժանդակել 2500 ԹԼ.-ով։
10 Համաճարակի տեւողութեամբ առանց տոկոսի յետաձգել քաղաքացիներուն դրմատուներուն դէմ ունեցած պարտքերը։
11 Համաճարակի տեւողութեամբ կասեցնել բոլոր վարձքերը։ Մինչ այդ օգնել բոլոր այն կալուածատէրերուն, որոնք վարձքով կ՚ապրին։
12 Ելեկտրական հոսանքի, ջուրի, բնական կազի, հեռախօսի եւ համացանցի գանձումները սահմանափակել անհրաժեշտ չափերով։
13 Հարկերէ զրկել նուազագոյն աշխատավարձքը։
14 Չնչել ուսանողներու հանրակացարաններու համար ունեցած պարտքերը։
15 Պետականացնել բոլոր սեփական, առողջապահական հաստատութիւնները։