Ինչպէս ծանօթ է քորոնայի վարակը եւ անոր դէմ գործադրուած կանխամիջոցները բաւականին սուղ արժած են գրաւոր մամուլին։ Սակայն ճգնաժամը ալ աւելի ծանր տանողներն են ազգային փոքրամասնութիւններու պատկանող թերթերը։
Այդ առումով յարմար դատեցինք անոնց մատնուած իրավիճակը լսել, նոյն ինքն հրատարակիչներէն։ Այս մասին «Մարմարա» օրաթերթի հրատարակութեան վարիչ Արի Հատտէլեր կը յայտնէ, թէ «Մարմարա» եւս մատնուած է կարեւոր դժուարութիւններուն առջեւ։ «Թուրքիոյ մէջ առաջին մահուան դէպքը մեր խմբագրութեան շատ մօտ գտնուած եւ մեր ալ յաճախ հանդիպած դեղատունի մը սեփականատէրն էր։ Իր հետ միասին դեղարանի անձնակազմն ալ քարանթինայի պայմաններուն ենթարկուեցան։ Այս զարգացումները դիտելով որոշեցինք խմբագրատունը փակել եւ թերթը առցանց պատրաստելու մասին։ Զրկուելով տպագրուած թերթի վաճառքէն արդէն նիւթական կորուստ մը ունեցած էինք։ Անոր աւելացաւ նաեւ եկեղեցական ծանուցումներու դադրիլը։ Նախապէս կը կարծէինք, թէ հազիւ քանի մը շաբաթ պիտի տեւէ այս ընթացքը, իսկ հիմա կը տեսնենք, որ բնականոն աշխատանքի վերադառնալու համար աւելի երկար ժամանակի կը կարօտինք։ Չեմ գիտեր թէ արդէն դժուար պայմաններով գոյատեւող թերթերը դեռ որքան կրնան դիմագրաւել նիւթական այս նեղ կացութիւնը։ Կ՚ուզեմ կոչ ընել մեր համայնքի պատասխանատու դիրքի վրայ գտնուող վարչակազմերուն, որոնք իրենց ծանուցումներու համար բաւարար չտեսնեն «Դիմատետր»ի եւ այլ ընկերային ցանցերու միջոցները ու իբր զօրակցութիւն ծանուցումներ տալով զօրակցին ազգային մամուլին»։
Յունարէն հրատարակուող «Ափոյեւ Մաթինի» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Միխայիլ Վասիլեատիսի համաձայն ամենամեծ խնդիրը տպուած թերթը առաքելու գործին մէջ կը յայտնուի։ «Մեր ընթերցողներու տարիքի միջինը բարձր է եւ սովորութիւն չունին էկրանի վրայ թերթ կարդալու։ Թերթը կը տպենք 600 տպաքանակով, որ արդէն կը համապատասխանէ իսթանպուլաբնակ 600 յոյն ընտանիքներուն։ Թերթը մեծաւ մասամբ ընթերցողին կը հասնի ցրուիչներու ձեռքով, որոնք դարձեալ տարեց մարդիկ են։ Ամբողջովին դադրած է ծանուցումներն ու գովազդները եւ այս ընթացքին առայժմ լուծում մը չենք կրցած գտնել»։
Հրեայ համայնքի լրատուամիջոց «Շալոմ»ի հրատարակութեան տնօրէն Իվօ Մոլինաս եւս կը շարունակէ տպագիր հրատարակութիւնը։ «Անձնակազմի հետ երկար քննարկեցինք առցանց հրատարակելու խնդիրը։ Բայց նկատի ունենալով մօտակայ «Փեսահը», հրաժարեցանք այդ միտքէն։ Առաջին երկու շաբաթ աւելի սեղմ անձնակազմով խմբագրատան մէջ աշխատելէ ետք որոշեցինք տուներէն աշխատելու։ Որոշ կաղացումներով հանդերձ յաջողած ենք թերթը ընթերցողին փոխանցելու։ Ի մէջ այլոց նշեմ, թէ թերթը շատ աւելի նուազ էջերով լոյս կը տեսնէ ճգնաժամի շրջանին։ Կը դժուարանանք անորոշութեան պայմաններուն մէջ ապագայի մասին կանխատեսումներ ունենալու։ Մնաց որ տունէն աշխատելով, խմբագրատունէն զրկուելով աշխատանքի կորովն ալ նուազած է։ Այս օրերուն կը դիմադրենք շնորհիւ մեր կամաւոր գրողներուն, գովազդ տուողներուն եւ անձնակազմին իր գործին հանդէպ ունեցած սիրոյն ու պատասխանատուութեան գիտակցութեան»։
Քաղաքիս հնագոյն մամուլն է «Ժամանակ», որ 113 տարիներէ ի վեր անխափան կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ «Ժամանակ»ի հրատարակութեան տնօրէն Արա Գօչունեան եւս մտահոգ է, տիրող ծանր պայմաններու բերումով։ «Ան կ՚ափսոսայ, որ համաճարակը զուգադիպած է Մեծ Պահքի եւ Ս. Զատկի շրջանին։ «Ժամանակ այժմ միակ հայատառ մամուլն է, որ կը շարունակէ իր տպագրութիւնը։ Մեծ զգուշութեամբ կը շարունակենք խմբագրատան մէջ թերթը պատրաստելու գործը։ Կը մաղթեմ որ այս անցումային շրջանը յաղթահարենք պահպանելով մեր հիմնական արժանիքները»։