Վշտաբեկ քնար
Աշնանաբեկ մրգաստան
Կաշառաբեկ պաշտօնեայ
Նախանձաբեկ իշխանուհի
Նաւաբեկ ծովագնաց
Գազանաբեկ գառնուկ
Սովաբեկ աքսորեալ
Սրտաբեկ սիրահար
Ցրտաբեկ ուղեւոր
Վաստակաբեկ խմբագիր
Անբեկանելի բարեկամութիւն
Դիւրաբեկ խաղաղութիւն
Այդ ո՞ր արմատն է, որ հայոց լեզուին տուեր է գրական պատկերներու եւ արտայայտութիւններու այսպիսի հարստութիւն մը։ «Բեկ» բառն է ան, արմատ մը հնագոյն, որ նոյնքան համեստ է եղած եւ ծառայասէր։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ դիւրաբեկ է երկիր մոլորակի բնակիչներու առողջութիւնը, ու անոր քաղաքական եւ տնտեսական համակարգը գլխիվայր կը գլորի դէպի բեկումնային կէտի մը, կ՚առաջարկեմ զրուցել «բեկ»ի մասին, քանզի, շինիչ է ան եւ ունի մխիթարութեան քանի մը խօսք։
Մեր ամենահին արմատներէն է «բեկ» միավանկը։ Ստուգաբանական յարաբերութիւններ ունի բազմաթիւ լեզուներու հետ։ Անոր ծննդակից են լատիններու frangere, գոթերու brikan, անգլիական fragile, break եւ գերմանական brechen բառերը։ Բոլորն ալ կը նշանակեն «կոտրել, խորտակել»։
Հայերս, որ շինարար ժողովուրդի համբաւը կը վայելենք, ուշադրութիւն դարձուցեր ենք, եւ սա զարմանալի երեւոյթ է, «բեկ» արմատին ու անոր հետ կառուցեր ենք ութսունէ աւելի բառ։ Իսկ ի՛նչն է աւելի յատկանշական՝ բոլորն ալ, եթէ նկատի չառնենք «բեկաբոյժ» եւ «յուսաբեկ»ը, աւանդուած են Ոսկեդարէ ու լայն գործածութիւն գտած՝ հայկական մատենագրութեան մէջ։
Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութեան մէջ կան «բեկ»երու հարստութիւն մը։ Ըստ երեւոյթին, Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդները սիրած են «բեկանել»՝ կոտրել ու թափել։ Սուրբ Գիրքի մէջ կան «կոտրած» շիշ, սիրտ, հաց, զաւակ, ոսկոր եւ ողն։ Նոյնիսկ ունինք «բեկանել ողն» գրաբարեան դարձուածքը։ Տպաւորիչ են նաեւ հետեւեալ խօսքերը. «Բժշկէ զբեկեալ սիրտս», «Իւղով եւ խնկով եւ գինւով զուարճանայ սիրտ, եւ բեկանի ի տրտմութենէ անձն»։ Այս պահուն յարմար կը տեսնեմ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս յառաջացեր է «Բեկանել հաց» դարձուածքը։ Հին ժամանակ բարակ հաց կը շինէին, դանակով չէին կտրեր, այլ կը բրդէին կամ կը բեկանէին, ուստի սովորական եղած է «բեկանել հաց» արտայայտութիւնը, այսինքն սեղան նստիլ կերակուր ուտելու։ Այդպէս ըրաւ եւ Յիսուսը, երբ որոշեց հինգ նկանակով հազարներ կշտացնել. «Եւ առեալ զհինգ նկանակն եւ զերկուս ձկունս՝ հայեցաւ յերկինս, օրհնեաց եւ եբեկ»։
«Բեկ» բառի համար բեկումնային եղաւ 1002 թուականը, երբ Գրիգոր Նարեկացին աւարտեց Մատեանը։ Այդ գիրքի մէջ «բեկ»ը եզակի պատկերներ եւ արտայայտութիւններ ստեղծեց։ Ահա նարեկեան գոհարներ. «Մահու զանբուժելի բեկութիւն», «Գազանաբեկ ոչխար», «Սրտաբեկ արգահատութիւն», «Ահարկու սրտաբեկութիւն»։ Սուրբը ինքզինք կոչեց «բեկեալ» ու աղաչեց Աստուծոյ. «Մի՚ խորտակեր զբեկեալս», «Մի՚ ջախջախեր զբեկեալս»։ Բանաստեղծը կը գիտակցէր, թէ ինքը (եւ առհասարակ մարդ արարածը), դիւրաբեկ է, ինչպէս խնցեղէն ամանը։ Այժմ, խնդրենք, որ Վերինը չհարուածէ մեզ իր սաստկութեամբ. «Բեկեալ խեցեղէն անօթոյս մի՛ ուժգնութեամբ մարտիցես»։
Դուք կ՚ուզէ՞ք «բեկ»ով շինուած ութսուն բառէ նմոյշներ լսել։ (Ճիշդ է, անոնց մէկ մասը ժամանակավրէպ է, բայց մենք սիրալիր լսենք, գուցէ անոնք վերջին անգամ երեւան հայկական տպագիր մամուլի մէջ)- ախտաբեկ, գազանաբեկ, դիւրաբեկ, այսաբեկ, անդամաբեկ, լերդաբեկ, ոսկրաբեկ, ոստաբեկ, կաշառաբեկ, կառափնաբեկ, ասպարաբեկ, ահաբեկ, հարուածաբեկ, հրամանաբեկ, քամակաբեկ։ «Աղէբեկ» ածականը յարմար եկաւ Մովսէս Խորենացիին, երբ քերթողահայրը պիտի նկարագրէր Տիգրան թագաւորը, «Աղէբեկ ծայրիւ հեռաց՝ Երուանդեանս Տիգրան»։ Քնարական է «աշնանաբեկ»ը, այսինքն՝ ըստ Հայկազնեան լեզուի բառարանի «Դեղնատերեւ աշնանաբեկ լինել՝ թափեալ ՚ի սառնամանեաց»։ Բեկը բեկեալ (կոտրտած) ածականը նկարագրեց նախ մեր լեռնաշխարհը՝ «Ճամբուն աջ կողերնիս լեռը բոլորովին բեկը բեկեալ...», Վասպուրական նահանգի Անձեւացիք գաւառի Հոգուոց վանքի ձորը, ըստ Գարեգին Սրուանձտեանցի, ապա պատանի բանաստեղծի մը ներաշխարհը երկու անգամ. «Ես ուզեցի սիրել զեփիւռ, / Որ երկնքէն թռչի բեկը բեկ», «Սիրոյ մրմունջ, հառաչ լսեցի բեկը բեկ խօսք», Պետրոս Դուրեան։ «Երկիւղաբեկ» բառով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը պատմեց, թէ աշխարհը Մեծն Արտաշէսի իշխանութեան օրերուն ինչպէս կ՚երկնչէր Հայաստանէն, «Աշխարհ համայն երկիւղաբեկ / Ոչ խիզախէ ընդդիմամարտ»։ «Նաւաբեկ» ածականով ծածանեցաւ հայկական շարական մը, «Փրկեա՛ ՚ի վտանգէ զնաւաբեկս ՚ի յալեաց ծովէ»։ Նոյն ածականով, 1861 թուականին, Մոսկուայի «Հիւսիսափայլ»ի մէջ Ստեփանոս Նազարեանցը նկարագրեց հայ ազգը, «Նաւաբեկ, Մարդկային ազգի ովկիանոսում»։ «Նիզակաբեկ» բառը 1858 թուականին Վենետիկի մէջ դարձաւ դիւցազնական՝ շնորհիւ Հայր Արսէն Բագրատունիի քնարին, «Բազմակոյտ դիականց կոտորելոց սատակամահ, / Խառն՛ի խուռն առանց ձիոց ընդ զէն ասպար նիզակաբեկ»։ Սիլվա Կապուտիկեանը ամենայն հայոց կաթողիկոսին ուղղած նամակի մէջ անոր ուսերը կոչեց՝ «վաստակաբեկ»- «Բանաստեղծուհու խօսքը առ Հայրապետն հայոց ։ Թանկագին վեհափառ, ծանր է հիմա ձեր հայրենիքի վիճակը, եւ նոյն համեմատութեամբ ծանր է Ձեր վաստակաբեկ ուսերին իջած բեռը։ 1993, Սեպտեմբեր, Երեւան»։ Կը յիշէ՞ք։ Նոյն ածականով Դանիէլ Վարուժանը նկարագրեց իր հօր ոսկորները, «Հա՛յր, ես կ՚երթամ այն ճամբայէն՝ որ ճերմակ / Մազերուդ զիս կը տանի, / Վաստակաբեկ ոսկրներուդ, ծեր սրտիդ»։ Ապա եկաւ Յովհաննէս Թումանեանը։ Անոր սիրտը լեցուած էր վիշտով. «Սիրտ իմ պանդուխտ, վշտաբեկ»։ Նոյն ցաւի մէջ էր Աւետիք Իսահակեանը. «Քո՛յր իմ, ամոքիր սիրտս վշտաբեկ»։ Իսահակեանն էր, որ տեսաւ, թէ ինչպէ՛ս չարաշուք կայծակներ խորտակուեցան Արարատին զարնուելով. «Անհուն թուով կայծակների / Սուրն է բեկուել ադամանդին, / Ու անցել»։ Նոյն օրերուն Պոլսոյ մէջ հնչեց բեկը բեկ քնարը Արտաշէս Յարութիւնեանի. « Սենեակս է լուռ՝ ու պատուհանս է մթին. / Կրթնած եմ անոր առջեւ սրտաբեկ»։ Տէրեանը, հայրենիքէն հեռու՝ երկու անգամ ողբաց. «Մատնեցի փոթորկին աղմկոտ, / Յուսաբեկ, թողած ղեկ ու թիակ», «Յուսաբեկ, մութ ու մէգ թող լինի, / Իմ վերեւ թող արեւ չխնդայ»։
«Բեկ» բառը, ի՛նչ պատիւ, իր քնարական ասպարէզի գագաթնակէտին հասաւ, երբ օր մը Պարոյր Սեւակը զայն դրաւ բարձր պատուանդանի վրայ. «Բեկանեմ շանթեր / իմ գլխի՜ վրայ, / որ ճերմակել է ո՜չ լոկ հարանքից ու չարչարանքից. / որ ճերմակել է բեկուած-բեկը բեկուած բազում շանթերի / դարաւոր փոշո՜ւց»։ Նոյն բանաստեղծութեան մէջ տեսանք իւրօրինակ, անկրկնելի բառակապակցութիւններ- «անբեկ վճիռ», «անբեկանելի վրէժ», «ինքնահոլով- ինքնակրկնող յուսաբեկութիւն»։ Շռնդալից այս քերթուածէն այն կողմ, մենք գիտենք, թէ «բեկ»ի նպատակը չէ սիրտեր կոտրել։ Ան, ինչպէս ըսեմ, հակառակ իր գրական բազմադարեան անցեալին, դեռ անտաշ է։ Ներեցէք, թէ ակամայ ցաւ պատճառեր է ձեր սրտին, կամ խորտակեր է ձեր յոյսերը։ Բայց ան, երբ զգուշութեամբ մօտենանք, կրնայ ծաղիկի մը չափ փափուկ ըլլալ ու շիկնիլ ալ։ Խօսիմ վերջին բառի մասին՝ «քարբեկ»։ Լեռնաբնակ, քնքոյշ ծաղիկ է ան։ Ամուր է, ո՚չ դիւրաբեկ։ Այդպէս է կոչուած, քանզի ժայռեր կը բեկանէ ու կ՚ապրի մանր ծերպերու մէջ։ Յօդուածը աւարտելու համար, այստեղ յիշեմ, որ Համօ Սահեանն ալ սիրած էր իր քարքարոտ ու բեկը բեկ երկրին երգեր ձօնել.
Հայաստա՛ն, անունդ տալիս,
Ժայռի մէջ մի տուն եմ յիշում…
Աւերակ տաճարի մի վէմ
Եւ բեկուած մի սիւն եմ յիշում։