Կրօնաբարոյական յուզումներով բեռնաւորուած այս օրերուս, պատշաճութիւնը կը պահանջէ թէ մենք ու մերոնց բոլոր ուշադրութիւնը ուղղուած մնայ Սուրբ Զատկի խորհուրդին վրայ։ Եթէ այդպէս չընենք, կ՚արժանանանք «Կեցաւ կեցաւ Աւագ շաբթուն տաճկըցաւ» հալածանքին։ Մեղայ, մեղայ, մեզմէ, մեր տուներէն հեռու։
Չես գիտեր ինչու այս վերջերս, երբ մեր եկեղեցիներէն ներս կարգին չեն կատարուած Արեւագալի արարողութիւնները, երբ զրկուած ենք նոր տարուայ ձիթենեաց ճիւղերէն, յաճախ կը մտաբերեմ Սոտոմ եւ Կոմոռա քաղաքներու կործանման առակը։ Ինքնուրացութեան, մարդ էակի մարդկութենէ հրաժարման մասին է հին կտակարանի այդ պատումը։ Համաշխարհային մարդկութեան մատնուած ներկայ անելը կարելի է վերագրել այն ծանր մեղքին, որ գործած ենք բնութեան, բարիին, ազնիւին, մարդկութեան եւ հետեւաբար Աստուծոյ հանդէպ։ Ի դէմ առասպելական առակէն, այս անգամ Ղովտ մըն ալ չէ գտնուած, որ գոնէ իր ընտանիքով միասին զերծ մնար պատիժէն։
Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը յայտարարեց թէ համաճարակը կը սպառնայ աշխարհի բոլոր երկիրներուն։ Թուրքիոյ Առողջապահութեան Նախարարն ալ իր կարգին յայտարարեց թէ վարակը ծաւալած է Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն։
Ժահրը պարտականութիւնը փոխառած է Գաբրիէլ հրեշտակապետի եւ մանգաղն ի ձեռին կը շրջի հասուն արտերու մէջ ցորեանի հասկերը, այս դէպքին՝ մարդկանց կեանքերը խլելով։ Բոլորս սարսափահար կը սպասենք բերքահաւաքի աւարտը։ Մասնագէտներու հաշուարկումով իւրաքանչիւր երրորդ օր կը կրկնապատկուի մահացողներու, իւրաքանչիւր չորրորդ օր ալ վարակուածներու հաշուեցուցակը։
Կ՚ակնկալուի թէ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու (կամ ալ ամիսներու) ընթացքին կանգ առնէ գերանդիի պտոյտը մեր արտերուն մէջ եւ հետզհետէ հանգի այս փորձութիւնն ալ։
Գալով մեր ու մերոնց շրջանակին, հոն ուրախութիւն կը տիրէ։ Սուրբ Զատիկը օրեր առաջ հասած է մեր թաղը եւ հիմա հեռախօսազանքերով իրարու կը փոխանցենք աւետիսը։ Եկած են Սարոյի եւ Իլքեմի մեծ յուզմունքով սպասուած երկուորեակները՝ Ճիվանն ու Անուշը։
Չեմ գիտեր թէ ի՞նչ թրթումով, այս գրութիւնը, որ աւետիսը ստանալէ հազիւ քանի մը ժամ ետք կը շարադրուի, փնտռած, գտած եմ հարազատ ընկերակցութիւն մը։ Ժօան Պայզ կ՚երգէ՝ «Gracias a la vida» կամ մերոնքական արտասանութեամբ «Կեցցէ կեանքը»։
Նոր երկու կեանքեր ծաղկած են մեր ընտանիքին մէջ։ Հասակ պիտի առնեն, աճին նախ մեր բարեմաղթանքներով, ապա փուշ ու տատասկով լեցուն արահետով պիտի ճշդեն իրենց ուղին։ Բան մը՝ որ իրենց նախնեակ յաջողեցան, ի՞նչ բոյթ, իրենք եւս պիտի յաջողին։
Ցաւն այն է թէ, յաջողելու համար իրենց համաշխարհային հասակակիցներուն հետ ուս ուսի տալով պիտի պայքարին նախորդ սերունդներու տեղի տուած աւերներու, կործանիչ միտքերու, չարիքներու դէմ։
Մեղաւոր ենք այ ժողովուրդ։ Թրամբը, Փութինը, Մաքրոնը, Մերքելը, Պոնսոնարօն կամ Օրպանը, Էրտողանը մեր սխալ կողմնորոշումներու հետեւանքներն են։
Պարզուեցաւ թէ մեր անյաջող մնացած պայքարի յաղթանակը գալիք սերունդէն պիտի ակնկալենք։ Ի՞նչ անարդարութիւն Աստուած իմ։
pakrates@yahoo.com