ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Քորոնա ժահրի կործանիչ ծաւալումը կը շարունակուի հինգ ցամաքամասերու վրայ։ Հետզհետէ թափ կը ստանայ պատուաստումի համար աշխատութիւնները։ Նոյնիսկ յառաջիկայ շաբաթներուն բժշկագիտական ճշգրտութեամբ հաստատուի պատուաստի որեւէ բաղադրութիւն, անոր ընդարձակ գործադրութեան համար կը նախատեսուի մօտ 18 ամիսներու հեռանկար մը։ Վարակը համարեա հսկողութեան տակ առնուած է իր ծագած վայրի՝ Չինաստանի Վուհան քաղաքի շրջակայքը։ Հոն զգալիօրէն նուազած են նոր վարակի դէպքերը։ Այս պահուն աղէտը աւելի ծանր կը սպառնայ հին աշխարհի Իտալիա եւ Իսպանիա երկիրները։ Ինչպէս նշած են բժիշկները վարակը կ՚աճի երկրաչափական բազմապատկութեամբ։ Այս առումով Իրանէ ետք ուշադրութեան արժանի երկիր մըն է Թուրքիան։
Թուրքիոյ մէջ Առողջապահութեան Նախարար Ֆահրետտին Քոճա առաջին անգամ 11 Մարտին յայտարարեց քորոնայով վարակուած առաջին անձի մասին։ 17 Մարտի կէսգիշերուայ դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ վարակուածներու թիւը հասած էր 98-ի եւ այդ նոյն օր արձանագրուած էր մահուան առաջին դէպքը։ Մահացողը 89 տարեկան այր մըն էր եւ վարակը ստացած էր Չինաստանի հետ շփում ունեցող իր աշխատողէն։
Քորոնա ժահրը Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ ալ գոյացուցած է նախ մտահոգութեան եւ հետզհետէ խուճապի մթնոլորտ։ Բոլորին կողմէ նկատելի է երկրի մեծ քաղաքներուն եւ անոնց մարդաշատ հրապարակներուն մատնուած դատարկութիւնը։ Իսթանպուլի Քաղաքապետարանը հաղորդեց, որ մեթրոփոլիդենի եւ հանրաշարժի դրութեամբ ճամբորդողներու թիւը նուազած է 48 տոկոսով։ Բազմաթիւ գործատեղիներ իրենց անձնակազմին յորդորած են միայն տնական աշխատութիւն։
Թաքսիմի հրապարակի վրայ համպուրկեր եւ նման պատրաստի սնունդ վաճարող կղպակներէ մէկուն սեփականատէրը կը յայտնէ թէ 15 հոգիէ բաղկացող անձնակազմէն չորսը արդէն ղրկած են տարեկան արձակուրդի։ «Երկու կամ երեք ամիս հազիւ կրնանք դիմադրել այս կացութեան։ Ապա ստիպուած պիտի ըլլանք աշխատողներու թիւը նուազեցնելու» կ՚ըսէր խանութպանը։ Յայտնի է, որ համաճառակի տեղի տուած ճգնաժամը տակաւին լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ երկրի արդէն իսկ անկայուն տնտեսութեան վրայ։
Միւս կողմէ աւելի մեծ մտահոգութեան պատճառ մըն է ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածի տգիտութիւնը, այս զարգացումներու հանդէպ։ Շուրջ 30 հազար ուխտաւորներ այցելած էին իսլամներու սրբավայր Մեքքէ քաղաքը եւ Թուրքիոյ մէջ վարակի յայտնաբերումէն անմիջապէս ետք սկսած էր անոնց վերադարձը։ Ժամանող առաջին խումբերը առանց որեւէ միջամտութեան ենթարկուելու դիւրաւ մտան երկիր։ Այդ միջոցին յառաջացող քննադատութիւններէն ետք կառավարութիւնը որոշեց կանխամիջոցներու դիմել եւ յաջորդ խմբակները ուղղուեցան դէպի քարանդինայի մեկուսացման վայրեր։ Սակայն իշխանութիւններու այս որոշումը մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց ուխտաւորներու մօտ։ անոնք փորձեցին փախուստ տալ իրենց տեղադրուած հանրակացարաններէն։ Ոստիկանները դժուարաւ կրցան արգելք ըլլալ այդ փախուստի փորձերուն։
Մինչ այդ որոշ ուշացումով ալ ըլլայ կառավարութիւնը որոշեց ուրբաթօրեայ պաշտամունքներէն հեռու պահել հաւատացեալները խորհուրդ տալով թէ կարելի է տան մէջ եւս աղօթք կատարել։
Սակայն այս ալ հանդիպեցաւ բուռն հակազդեցութեան, քանի որ անոնք կը պնդէին թէ ապահով են մզկիթի մէջ եւ Աստուծոյ տան մէջ ժահրը չի կրնար վնասել իրենց։
Կանխամիջոցներու վերջինը յայտարարուեցաւ 18 Մարտի յետմիջօրէին Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի կողմէ։ Ան յայտնեց թէ սոյն կէսգիշերուայ դրութեամբ փակուած են երկրի դէպի Եւրոպա բացուող սահմանադռները։ Այսպէս Թուրքիա կը մեկուսանայ Եւրոպայի դէմ իր ցամաքային սահմաններով։
Ըստ երեւոյթի քորոնա ժահրը յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն պիտի շարունակէ Թուրքիոյ ընկերաքաղաքական օրակարգի գլխաւոր նիւթը մնալ, քանի որ ինչպէս աշխարհի զանազան երկիրներ, Թուրքիա եւս անպատրաստից գտնուեցաւ այս աղետի դիմաց։