Նորակազմ Կեդրոնական Սեղանի Անդրանիկ Հաւաքոյթը

Պատրիարքէ զուրկ տասնամեայ շրջանի ընթացքին կուտակուած, անլուծելի մնացած բոլոր խնդիրները այժմ կը փորձուի լուծել նոյն դերակատարներով։ Դերակատարներ՝ որոնք գլխաւոր պատասխանատուն պէտք է համարուէին առկայ ճգնաժամին։ Անոնք իբրեւ թէ ընտրուած վարչայիններ, երկար տարիներ իրենց անհատական ու անձնական կիրքերով անելի մատնեցին այս համայնքի խնդիրները, հիմա կը ներկայանան որպէս հարց լուծող անուններ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք նախորդ հինգշաբթի Պատրիարքարանի մէջ կայացած ժողովի մասին ուղարկուած յայտարարութիւնը։

Ամեն. Տ. Սահակ Բ Պատ­­րիարք Սրբա­­զան Հօր նա­­խագա­­հու­­թեամբ, Պատկ. Կրօ­­նական Ժո­­ղովոյ ան­­դամնե­­րու եւ հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային մար­­միննե­­րու ատե­­նապե­­տերու մաս­­նակցու­­թեամբ 18 Փետ­­րո­­­ւար 2020-ին կա­­յացած խորհրդակ­­ցա­­­կան հան­­դի­­­պու­­մին կազ­­մո­­­ւած Կեդ­­րո­­­նական Սե­­ղանը Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հօր հրա­­ւէրով 12 Մարտ 2020, Հինգշաբ­­թի, ժա­­մը 17.00-ին ու­­նե­­­ցաւ իր անդրա­­նիկ հան­­դի­­­պու­­մը, նա­­խագա­­հու­­թեամբ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան ար­­տա­­­սանած Տէ­­րու­­նա­­­կան Աղօթ­­քով սկսած հան­­դի­­­պու­­մին, նախ քան օրա­­կար­­գը առա­­ջար­­կով խորհրդակ­­ցութիւն տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ առող­­ջա­­­պահա­­կան այժմէական հար­­ցին՝ Քո­­րոնա վի­­րու­­սի հետ առըն­­չո­­­ւած լու­­րե­­­րու շուրջ։ Յայտնի դար­­ձաւ թէ այս ծա­­նօթ առող­­ջա­­­պահա­­կան հար­­ցի կա­­պակ­­ցութեամբ պաշ­­տօ­­­նական մար­­միններ ար­­դէն իսկ պէտք եղած մի­­ջոցա­­ռումներ ձեռք առած են եւ որո­­շուե­­ցաւ պե­­տական պաշ­­տօ­­­նական զե­­կոյցնե­­րու եւ կամ հրա­­հանգնե­­րու ուղղու­­թեամբ ըն­­թա­­­նալ ու այս ուղղու­­թեամբ մեր վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէն ու աղօ­­թատե­­ղինե­­րէն ներս հար­­կա­­­ւոր մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու դի­­մել։

Այս կա­­րեւոր հար­­ցին մա­­սին կա­­տարուած խորհրդակ­­ցութե­­նէն յե­­տոյ միաձայ­­նութեամբ որո­­շուե­­ցաւ նո­­րակազմ սե­­ղանը անո­­ւանել «Հայ Հիմ­­նարկնե­­րու Միու­­թեան Վար­­չա­­­կան Խոր­­հուրդ»։ Այս անու­­նը որ­­դեգրո­­ւեցաւ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով մեր հա­­մայնքա­­յին ու թա­­ղային հիմ­­նարկնե­­րու մէկ­­տե­­­ղու­­մը որո­­շուած էր կո­­չել «Հայ Հիմ­­նարկնե­­րու Միու­­թիւն», որ վե­­րանո­­ւանումն էր «Հիմ­­նարկնե­­րու Մի­­ջեւ Եր­­կը խօ­­սու­­թեան Հար­­թակ», այ­­սինքն «Վա­­տիփ» անո­­ւան։

Ձեռ­­նարկո­­ւեցաւ դի­­ւանի կազ­­մութեան, որուն կ՚ան­­դա­­­մակ­­ցին Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու՝ Ատե­­նապետ, Տիգ­­րան Կիւլմէզ­­կիլ եւ Իս­­քէնտէր Շա­­հին­­կէօզ՝ Փոխ Ատե­­նապե­­տներ, Յա­­րու­­թիւն Շան­­լը՝ Ատե­­նադ­­պիր, Սար­­վէն Սէրթշիմ­­շէք, Գրի­­գոր Աւագ Քա­­հանայ Տա­­մատեան։ Խոս­­րով Քէօլէ­­դաւի­­թօղ­­լու ստանձնեց աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին խումբի հա­­մակարգչի պաշ­­տօ­­­նը։

Յետ խորհրդակ­­ցութեան որո­­շուե­­ցաւ կա­­նոնագ­­րութեանց մշակ­­ման աշ­­խա­­­տանքնե­­րը տա­­նիլ ներխմբա­­յին խորհրդակ­­ցութեամբ եւ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ի ձե­­ռին գտնո­­ւած կա­­նոն­­նե­­­րը, ի պա­­հան­­ջել հար­­կին դի­­մելով իրա­­ւաբան­­նե­­­րու։ Բնա­­կանա­­բար տա­­րուած աշ­­խա­­­տանքնե­­րէն յե­­տոյ պատ­­րաստե­­լի կա­­նոնագ­­րի շուրջ տե­­սակ­­ցութիւններ պի­­տի ըլ­­լան պաշ­­տօ­­­նական պատ­­կան իշ­­խա­­­նու­­թեանց հետ։

Նկա­­տելով որ հա­­մայնքա­­յին կեան­­քէն ներս հա­­մայնքա­­յին եւ թա­­ղային հիմ­­նարկնե­­րու մի­­ջեւ տնտե­­սական զօ­­րակ­­ցութիւն մը ապա­­հովե­­լու լուրջ պա­­հանջքը կար Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հօր առա­­ջար­­կով եւ միաձայ­­նութեամբ կազ­­մո­­­ւեցաւ Տնտե­­սական Զօ­­րակ­­ցութեան Յանձնա­­խումբը, որուն կ՚ան­­դա­­­մակ­­ցին Պետ­­րոս Շի­­րինօղ­­լու, Տիգ­­րան Կիւլմէզ­­կիլ, Իս­­քէնտէր Շա­­հին­­կէօզ, Թո­­րոս Ալ­­ճան, Սի­­մոն Չէ­­քէմ, Սար­­վէն Սէրթշիմ­­շէք, Վա­­րու­­ժ ան Մա­­ղաքեան, Յա­­րու­­թիւն Շան­­լը, Սէվ Հիմ­­նարկէն՝ Արետ Եր­­կա­­­նեան եւ Հայկ Աս­­լա­­­նեան։ Յանձնա­­խումբը կը գլխա­­ւորէ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը։

Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հայ­­րը շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց ներ­­կա­­­ներու մաս­­նակցու­­թեան հա­­մար եւ ար­­ձակման աղօթ­­քով վեր­­ջա­­­ցաւ հան­­դի­­­պու­­մը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ