Այսօր, յարգելի ընթերցող, արհամարհենք Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ինչպէս նաեւ՝ Յովհաննէս Թումանեանի անուան Տիկնիկային Թատրոնի) հրահանգը ու զրուցենք երկրագունդի վրայ ժամանակաւորապէս արգիլուած բառի մը մասին... համբոյր, անշուշտ, թէ ձեռքերը -եւ շրթունքները- լաւ մը լուալէ յետոյ։ (Եւ, ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ այս քաղցր բառը, որուն պարունակութեան քառասուն տոկոսը «համ» է եւ վաթսուն տոկոսը՝ «բոյր», օր մը կրնար ախտաբեր դառնալ)։ Բայց մենք, եկէ՛ք այսօր ասպետանանք, ջերմօրէն ողջագուրենք անոր համբուրելի պատմութիւնը, ընդ որում վայելենք գրական եւ քնարական կրքոտ պահեր։ Արդարեւ, այս յօդուածով մենք կը կազմենք համբոյրներու հանդիսարան մը։
Մեր գրականութեան մէկուկէս հազարամեայ պատմութեան մէջ «համբոյր» գոյականի ամենէն ջերմեռանդ գործածութիւնը կատարեր են Գեղապաշտ շրջանի բանաստեղծները։ Անոնց ստեղծած քերթուածներուն անշուշտ, թէ պիտի անդրադառնանք, սակայն, նախ ակնարկ մը նետենք հայկական Միջնադարուն ու ճաշակենք ժամանակաշրջանի բոյրը։
Գրական համբոյրի առաջին հպումը եղեր է Աստուածաշունչի մէջ, Քրիստոսի դէմքի վրայ, ու ինչպէս ծանօթ է բոլորիդ, այդ մէկը վատահամբաւ է եղած, դաւաճան։ Սուրբ Գիրքի համար մեր մատենագիրները թարգմաներ են ութը «համբոյր», մէկը «թշնամւոյ», միւսները՝ «սրբութեան»։ Այնուհետեւ, մեր հոգեւոր գրականութիւնը նորանոր համբոյրներ յօրիներ է, ի մի բերելով արմատ բառեր, ինչպէս՝ բարեհամբոյր, հեզահամբոյր, դառնահամբոյր եւ անհամբուրելի։ Դժուար սիրելի անձերը կամ երեւոյթները կոչեր ենք «դժուարահամբոյր», իսկ եկեղեցական արարողութիւններէ ետք ունեցեր ենք «աջհամբոյր»։ «Համբոյր»ներու ամենէն հազուագիւտը կը պարտինք Սիմէոն Կաթողիկոսին, որ կոնդակի մը մէջ գրեր է. «Քրիստոնէական սուրբ եւ միահամբոյր խաղաղութիւն»։
11-րդ դարուն «համբոյր» բառը դեռ աշխարհիկ չէր դարձած։ Ահա Գրիգոր Նարեկացիի համբոյրներու փունջը, ուր կայ հոգեւոր շունչ. «Համբոյր փրկական», «Շրթանց կափուցմամբ զերկիր համբուրեմ», «Համբուրեցի դառնութիւն», «Բան համբուրելի», «Անհամբոյր ծանակիչ», «Ի գիրկս հայրենի նստեալ ի համբոյր սրբութեան»։
1000-էն մինչեւ 1500, զարմանալի բան, «համբոյր»ը կարկամած ըլլալ կը թուի։ Այդ դարերուն հայ տաղասացները նախընտրեր են «պագ» բառը։ «Համբոյր» բառը սիրային երկի մէջ գործածող ընտիր բանաստեղծներէն մէկն է Ղազար Սեբաստացին. «Ինձ՝ քո ծառայիդ, քիչ մի մօտեցիր, / Առնում համբուրեմ, դու ի լուր կացիր»։ Մէկ այլ բանաստեղծ, որուն անունը ցաւօք սրտի անծանօթ է, բառը գործածեց խաչեալ Քրիստոսին նուիրած ողբի մէջ։ Տրտմաշունչ այդ երկը կը պատկերէ Աստուածամայրը, որ իր որդւոյն ձեռքերը կը բաղձար համբուրել. «Ո՜հ թէ լինէր ինձ ի քեզ մօտիլ, / Չարչարագործ ձեռսդ համբուրել»։
Ի՞նչ է «համբոյր» բառի ծագումը։ Պատասխանները բազմաթիւ են եւ անհաստատ, թէ «համ» (մի, ամբողջ) եւ «բիւր» բառերու համադրութիւնն է, այսինքն թէ անհատներ այսպէս կը հաղորդուին, իրարու կը միանան, «համ» եւ «բոյր» բառերու համադրութիւնն է, որովհետեւ հին դարերուն համբոյրի ժամանակ իրարմէ հոտ կը քաշէին, եկած է պարսկերէն «բուսիտան» բայէն, որ կը նշանակէ համբուրել եւ այլն։ Կը տեսնէ՞ք, ստուգաբանի լեզուն կը պապանձի, երբ փորձէ խօսիլ յուզումնային նիւթի մասին։ Ես կ՚առաջարկեմ բանաստեղծ պատանիի մը կարծիքը առնել, թէ ուրկէ՞ կը գան համբոյրները. «Համբոյրներ կու գան հովէ՜ն ու ծովէն, / Համբոյր լոյսէն որ չորս դիս կը ծաղկի»։ Միսաք Մեծարենցն էր ան, որ նաեւ ըսաւ. «Շրթունքս են ծարաւ միակ համբոյրին»։ Իսկ այժմ տողանցեն անոր ժամանակակիցները։ Նախ յիշենք Արտաշէս Յարութիւնեանը, որ «Երկունք» ժողովածուի մէջ բացատրեց, թէ ո՛ւր կ՚երթային բոլոր համբոյրները. «Համբոյրները թեւ կ՚առնեն, համբոյրները կը թռչին... / Եւ կ՛երթան ո՞ւր.- / Աղուորներու հասցէին»։ Ահա, աշխարհականացած «համբոյր»ը ու քնարերգակ գրիչներու հոյլ մը զայն կը դրոշմէ մայրենիի ճակտին վրայ. «Աստղերն են ժպտում լուսեղէն նազով, / Խաղաղ դաշտերը մութն է համբուրում», «Խաղաղ գիշերով դու կը գաս ինձ մօտ, / Քնքուշ ձեռներդ ես կը համբուրեմ», Վահան Տէրեան, «Հորիզոնին հեռածուփ ծալքերուն մէջ ծիրանի, Վայրի Լուսինը Ծովուն ոսկի համբոյր կը կաթէ», Տիրան Չրաքեան, «Ինչո՞ւ հովիկ, անգու՜թ հովիկ, / Ցուրտ համբոյրներ կու տայ ձեզի. / Մոռցաւ՞ արդեօք իւր սէր գողտրիկ / Եւ իւր գգուանք փայփայելի», Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, «Ու ես՝ հողմավար՝ / Համբոյրիդ եկայ», «Այնպէս առատ համբոյր կար / Դալուկ լոյսին շրթներուն», Մատթէոս Զարիֆեան, «Մօտեցի՜ր, քնքոյշ ծաղի՜կը կեանքիս. / Համբոյրի մը մէջ մոռնամ ամէն ինչ», «Կու գան կոյսերն իմ անուրջիս, հերարձակ... / Իրենց հոգին՝ համբոյր համակ ու շուշան», Միսաք Մեծարենց, «Եթէ դրաւ ծոցիդ մէջ / Վարդ շուրթերէն համբոյր մի, / Զայն տուր պահեմ մինչեւ վերջ, / Մինչեւ յատա՜կը շիրմի», «Գիրգ այտերէդ սիրոյ ծաղիկք / Համբոյր մ՛ինձ տուր, անգո՛ւթ աղջիկ», «Իր խոր աչքէն մեղրածոր / Համբոյր մ՛առի կուշտ ու տաք... / Շրթանցս վրայ կը թրթռայ / Տակաւին այն վառ համբոյր», Դանիէլ Վարուժան, «Համբոյր մ՛առի ներան», / Համբո՜յր մ՛անհուն գորովի», «Մեր համբոյրներն պահեցին / Տերեւները խարշափմամբ», «Հրեշտակ մ՛էր նէ, հրեշտակ անթեւ։ / Ցուրտ համբոյր մը առի ճակտէն», Պետրոս Դուրեան, «Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ո՛վ քաղցրախօս Սրինգ, / Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու», Սիամանթօ։ Եղան օրեր, մեր համբոյրները դառնացան, ինչպէս Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Մահ քաջորդոյն» քերթուածի մէջ. «Վերջին համբոյր տամ քեզ, մա՛յրիկ։ / Հատուցանես զայն սիրուհւոյս»։ Պետրոս Դուրեանը վշտաց հայրենիքի ողբալի վիճակը տեսնելով. «Համբոյրին հետ շիթ մ՛զգացի արտասուաց, / Աչերս տեսան արցունքներու լոկ երկինք... Լռեցին քնար, համբոյր, գեղգեղ եւ մրմունջ»։ Իսկ մէկ այլ օր, երբ Դանիէլ Վարուժանի աչքերը հանդիպեցան սիրելիի մը դիակին, շրթունքն անոր յօրինեցին հետեւեալ տողերը. «Համբուրեցի։ Մտերմութեամբ սիրայեղց... / Ո՜վ համբոյր, դու արցունք մ՛էիր շրթունքի. / Քեզ յղացայ խոցուած սրտի արիւնով»։ Ապա եկաւ Զապէլ Եսայեանը, փրկուած մէկ ողբերգութենէ եւ երկրորդի մը նախօրեակին ու անգիտակ անոր, վէպի մը մէջ նկարագրեց տասնեակ մը պատկերալից համբոյրներ, ինչպէս՝ ցուրտ, երկար, խելայեղ, սրտագին, տենդագին, գերագոյն, վերջին, հաշտութեան, հրաժեշտի, տարօրինակ, ընկերական, եղբայրական, խուսափուկ, ինչպէս նաեւ՝ գթութեամբ մը լի եւ խռովքով լի։ Վերջապէս եկաւ Պարոյր Սեւակը ու «համբոյր» բառին վերադարձուց նախորդ դարու քնարականութիւնը. «Ոլորուն-կպչուն ձայնը մեր համբոյրի / Թող համերգուի այս վիրաւոր լռութեան մէջ»։ Իսկ մենք, մաղթենք, որ անարգել համբոյրներ ըլլան երկրագունդի վրայ, ու ձեր ապագայ համբոյրները ըլլան «Աւելի ջերմ եւ կրկնակի եռանդով», ինչպէս Թումանեանի տիկնիկային թատրոնի տնօրինութիւնը հրապարակեր է այս շաբաթ։ Մինչեւ այն ժամանակ մենք հրաժեշտի համբոյր տանք այս սիրելի բառին՝ սիրային երգ մը ձօնելով անոր.
Թոյլ տուր մօտենամ, ջուր խմեմ մաքուր,
Քո ալ շուրթերից առնեմ վառ համբոյր,
Ծաղկիր ինձ համար, երգիր ինձ համար։