Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր
Պատկառելի Կրօնական Ժողովը իր 16 Մարտ 2020 թուակիր Է. արտակարգ նիստին նկատի ունեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման կապակցութեամբ արձանագրուած զարգացումները, աշխարհացրիւ ու Թուրքիոյ տեղական միջոցառումները։
Այս ուղղութեամբ արդէն կատարուած են ու կը կատարուին լուրջ թելադրութիւններ՝ վարակման տարածումը սանձահարելու առաջադրութեամբ հաւաքական ձեռնարկները դադրեցնելու ուղղութեամբ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ գումարուած Կրօնական Ժողովը իր որոշումներն ու թելադրական ազդարարութիւնները կ՚ուղղէ Հոգեւորականաց Դասուն, Համայնքային ու Թաղային Մարմիններուն եւ մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին՝ ըստ հետեւեալի.
Ցնոր տնօրինութիւն դադրած են անխտիր բոլոր հաւաքական պաշտամունքները՝ Ժամերգութիւն, Ս. Պատարագ, Արեւագալ ու Հսկում։
Կիրակնօրեայ Պաշտամունքները եւ Ս. Պատարագի մատուցումը կը կատարուի դռնփակ՝ Եկեղեցեաց Հոգեւոր պաշտօնեաներուն ու իրենց անմիջական օժանդակողներուն մասնակցութեամբ։
Արեւագալի եւ Հսկման արարողութիւնները եւս կը կատարուին դռնփակ՝ Եկեղեցեաց Հոգեւոր պաշտօնեաներուն ու իրենց անմիջական օժանդակողներուն մասնակցութեամբ։
Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներուն դռներն ու գաւիթները բաց կը մնան հաւատացելոց առջեւ մոմավառութեան ու անհատական աղօթքներու համար, այն պահերուն միայն երբ պաշտամունք տեղի չ՚ունենար։
Յուղարկաւորութեան արարողութեան կը մասնակցին միայն ննջեցեալի անմիջական մերձաւոր պարագաները։ Իսկ կը դադրին յետ թաղման Տան Կարգի եւ Հոգեսուրճի, նաեւ Կիրակամտից արարողութիւնները կատարել Եկեղեցեաց սրահներուն մէջ։ Փոխարէն՝ կը թելադրուի աւանդական առտնին աղօթքը՝ հանգուցեալի տան մէջ, մասնակցութեամբ կրկին մերձաւոր պարագաներուն։ Կարեւորութեամբ կը թելադրուի նաեւ խուսափիլ ցաւակցական այցելութիւններէ եւ այդ կատարել այլ միջոցներով։
Ս. Պատարագի մատուցմամբ Եկեղեցւոյ մէջ կատարելի Հոգեհանգստեան արարողութիւնները եւս տեղի կ՚ունենան դռնփակ եւ կը թելադրուի մերձաւոր պարագաներուն գերեզմանատան այգուցը կատարել՝ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուելու փոխարէն։ Իսկ գերեզմանատան մէջ կատարելի այգուցները պէտք է սահմանափակուին մերձաւոր պարագաներով։
Եկեղեցիներու սրահներուն մէջ տեղի ունեցող որեւէ հաւաք ու սիրոյ սեղան կամ այլ մէկտեղումներ եւս կը դադրին։
Պատրիարքարանը փակ է ընթացիկ այցելուներու։
Պատրիարքարանի Թանգարանը եւս փակ է հանրութեան։
Առ այդ, մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն կը թելադրենք ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւիլ եւ գործադրել պետութեան թելադրած պարտաւորութիւնները։ Կը թելադրենք այս տագնապալի շրջանին չձեռնուիլ եւ հեռու մնալ գիրկընդխառնուելով զիրար ողջունելու սովորութենէն։ Նաեւ կը թելադրենք եկեղեցւոյ շրջափակերէն ներս եւ արտաքոյ եկեղեցւոյ հեռու մնալ աջ համբոյրով յարգանք ցուցաբերելու աւանդութենէն։
Մեր եկեղեցիներուն քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւներուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն կը թելադրենք մեր աղօթքի տուներէն ներս հոգ տանիլ պէտք եղած մաքրութեան եւ հականեխիչ միջոցներով։
Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարի պատրաստութեան այս ապաշխարութեան շրջանին կ՚աղօթենք որ Աստուած աշխարհի ու տառապեալ շրջանակներուն պարգեւէ խաղաղութիւն։ Ամենայաղթ Սուրբ Խաչի Նշանին զօրութեամբ յաղթահարուին նեղութիւններն ու ցաւերը։ Աստուած առողջութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք կարիքն ունին առողջանալու եւ ազատելու այս ժահրի յառաջացուցած հիւանդագին վիճակէն։ Աստուած կարողութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց որոնք առողջապահական ոլորտէն ներս հաւատարմաբար կը ծառայեն հիւանդներու ցաւերը ամոքելու վսեմ առաքելութեամբ։
Աստուծոյ շնորհները, սէրը եւ ողորմութիւնը մեր բոլորին վրայէն անպակաս ըլլայ։ Ամէն։
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ