ԴԱՇՏԱՊՏՈՅՏ ՔԸՐՔՓԸՆԱՐԻ

Եուսոֆ նախքան Ճէսընը լուսանկարելու, փորձեց սպիտակ յախճապակի պնակէն օգտուելով լոյսի ուղղութիւնը փոխել ու դէմքին ստուերի մէջ մնացած հատուածը լուսաւորել։ Բայց երբ Ճէսըն յանկարծ նկատեց թէ զինք պիտի նկարէր, իսկոյն պնակը դրաւ գլխին, միջնադարեան սրբանկարներու հրեշտակներուն նման։

Քըրքփընարի փահլեւանները կը նկարէինք։ Ընդմիջման պահ մըն էր։ Ինչ լաւ օրեր էին։ Ամէն ինչ նորութիւն էր ինծի համար։ Ամէն բանով հետաքրքիր էի։ Նոր բարեկամութիւններ, նոր վայրեր...։ Համարեա տասը տարի անցած է։ Դեր սիրահար եմ այս երկրին, զոր հայրենիք համարած եմ։ Բայց այդ տարիներուն պարզապէս կախարդուած էի լուսանկարելու արժանի այսքան շատ վայրեր յայտնաբերելով։ Նոր ծանօթացած լուսանկարիչ բարեկամներս իրենց միջեւ կարծես հաղորդակցութեան ցանցով մը կը կապուէին իրարու։ Տեղացի լուսանկարիչները օտար պաշտօնակիցներու հանդիպելէ ուրախ կ՚երեւէին։ Ինծի համար ալ հաճելի էր թուրքիացի լուսանկարիչներու յաջող գործերուն հետ ծանօթանալը։ Գործը հաճելի երեսակ մը եւս ունէր։ Տեղացի կամ օտար, լուսանկարիչի մը հետ ծանօթանալով, ծանօթացած կ՛ըլլաս անոր ծանօթ բոլոր լուսանկարիչներուն հետ։ Այս առիթին տիրանալու համար պայման է ընկերական ըլլալ։ Այսինքն երբ մէկը ձեզ տեղ մը հրաւիրէ, պէտք է ընդառաջել։ Երբեմն կը պատահէր ձեւով մը Իսթանպուլ եկած 5 կամ 6 լուսանկարիչի եւ անոնց թիւով ալ տեղացի պաշտօնակիցներու հետ սեղանակից ըլլալու երեւոյթներ։ Իրենք կը հաղորդակցէին դիմատետրի միջոցաւ։ Այդ տարիներուն ես տակաւին հաշիւ չէի բացած դիմատետրի վրայ։ Աւելին՝ կը բնակէի Պէյլիքտիւզիւի նման քաղաքի ծայրամաս համարուած թաղերէն մէկը։

Հազիւ իրենցմէ մէկուն զանգահարելով է որ տեղեակ կ՚ըլլայի նման հանդիպումներէ։ Տեղացի լուսանկարիչ բարեկամներու միջոցաւ կը լսէի գնչուներու աւանդական խրախճանքներու, դաշտապտոյտներու եւ նման միջոցառումներու մասին։ Քըրքփընարի իւղոտ ըմբշամարտերէն ալ տեղացի լուսանկարիչի մը՝ Եուսուֆ Տարըերլիի հրաւէրով գացած էի։ Անոնք շատ բարի մարդիկ են եւ իրենց նկարած նիւթերը չեն նախանձիր իրարմէ։ Կը կարծեմ թէ սա է իրական առատաձեռնութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ