9Մարտ երկուշաբթի երեկոյեան տեսա-լսողական դրութիւնով Սիլիվրիի բանտէն յայտ ներկայացնող Օսման Քաւալա երրորդ անգամ ձերբակալուեցաւ անհիմն պնդումներով։ Այս վերջին ձերբակալութեան մասին իրաւապաշտպան Իլքան Քոյունճու ձերբակալման գործընթացը նկարագրեց հետեւեալ կերպով։ «Առաջին ձերբակալման ընթացքին ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց, հայցը լսեց, փոխանցեց դատախազութեան եւ դատախազութիւնն ալ առանց յայտ լսելու թղթածրարը դատարան ղրկեց ձերբակալութեան պահանջով։ Օսման Քաւալա Հաշտարար Պատժական Ատեանի կողմէ ձերբակալուեցաւ։
Ձերբակալութեան երկրորդ գործընթացին ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց, առանց հայց լսելու փոխանցեց դատախազութեան եւ դատախազութիւնն ալ առանց հայց լսելու ձերբակալման պահանջով փոխանցեց դատարան։
Օսման Քաւալա Հաշտարար Պատժական Ատեանի կողմէ ձերբակալուեցաւ։
Ձերբակալման երրորդ գործընթացին ալ ոստիկանութիւնը հայց չպահանջեց, դատախազութիւնը նոյնպէս։ Հաշտարար Պատժական Ատեանն ալ նոյնպէս առանց մեղադրեալի հայցը լսելու ձերբակալման որոշում կայացուց։
Օսման Քաւալա նոյն մեղադրանքի հարցաքննութեան մէջ երեք անգամ ձերբակալուեցաւ եւ մէկ անգամ ալ ազատ արձակուեցաւ եւ այժմ Քաւալա բոլորովին ուրիշ մեղադրանքով կրկին ձերբակալուած է։ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանի որոշումին, դատական բարեփոխումներու հրահանգին հակառակ ձեւով կը շարունակեն Օսման Քաւալան բանտարկութեան պայմաններու մէջ պահել։ Ես որպէս փաստաբան կ՚ամչնամ իրենց հաշուոյն»։
Այս մասին Քաւալա եւս յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ եւ ըսաւ հետեւեալը. «Երկուշաբթի երեկոյ, վերջին պահուն ստեղծուած լրտեսութեան մեղադրանքով երրորդ անգամ ձերբակալուեցայ։ Յստակ է թէ նախորդներուն նման, ոեւէ փաստացի տուեալէ զուրկ այս պնդումը ալ աւելի անհեթեթ է, քան նախորդները։ Կը ջանայ շրջանցել Դատական բարեփոխումի թելադրած «Ամբաստանագրի նախորդող ձերբակալման երկու տարուայ սահմանումը եւ ԵՄԻԱ-ի որոշումը։ ցաւալի ու մտահոգիչ է տեսնել այն իրողութիւնը, ըստ որու ձերբակալութիւնս ամէն քնով շարունակելու նպատակը հասած է դատական համակարգը օրինազանցութեան աստիճանին հասցնելու։ Այս ընթացքի բնական համարուիլը վտանգաւոր օրինակ մը պիտի ըլլայ պատժական դատերու համար»։
Յայտնի է, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Օսման Քաւալայի դէմ յարուցուած դատական գործողութիւնը բացարձակապէս կապ չունի արդարադատութիւն հասկացողութեան հետ, քանի որ խնդիրը հետզհետէ վերածուած է վրիժառութեան։ Իրաւաբանական բոլոր սկզբունքները անխնայ կերպով ոտնակոխուած են եւ իրաւական համակարգը կը գործէ քաղաքական ուժերու հրահանգներուն համաձայն։ Մնաց որ Քաւալա այս մասին առանձին չէ, ան կը բաժնէ Սելահատտին Տէմիրթաշի, Ահմետ Ալթանի եւ նոյն պայմանները բաժնող բազմաթիւ ընդդիմադիրներու վիճակած օրինազանցութիւնը։