8Մարտ Համաշխարհային Կանանց Օրուայ առթիւ աւանդական ցոյցի պատրաստութիւններ տանող կանանց դիմաց շրջապատուեցաւ Թաքսիմի հրապարակը եւ Իսթիքլալ փողոցը։ այդ արգելքներով հանդերձ կիներ մեծ դիմադրութիւն ցուցաբերեցին տարածքը շրջափակող ոստիկաններուն դէմ եւ փորձեցին արշաւել արգիլեալ տարածքը։
Ոստիկանութեան եւ կիներու միջեւ թէժ կռիւներ տեղի ունեցան, որոնց հետեւանքով աւելի քան 24 կիներ բերման ենթարկուեցան։ Անոնք յաջորդ օր արդէն ազատ արձակուեցան։
Միւս կողմէ ցոյցերու ընթացքին ոստիկանութիւնը կրկին անգամ օգտագործեց արցունքաբեր կազերը, որոնց հետեւանքով շատեր ալ շնչահեղձութեան մատնուեցան։
Ոստիկաններու եւ կանանց միջեւ հրմշտուքը հասաւ մինչեւ Գարագիւղի նաւամատոյցը, ուր այստեղ կիներ յայտարարեցին օրուայ իմաստը եւ ուխտեցին անզիջող մնալ կիներու իրաւունքներու համար մղուած պայքարին մէջ եւ պաշտպանել բոլոր նախորդ ձեռքբերումները։
Կիները ինչպէս կ՚ակնկալուէր իրենց վերտառութիւններով եւ վանկարկումներով պահանջատէր դարձան կիներու խլուած իրաւունքներու նկատմամբ։