ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԵԶ

Դուք ցանկացեր էք գիտ­նալ, թէ ո՞րն է հա­­յոց լե­­զուի ամե­­նէն չար­­քաշ միավան­­կը։ Այդ պա­­րագա­­յին ձեզ, հայ­­կա­­­կան բա­­ռերու յար­­գե­­­լի երկրպա­­գու, կը հրա­­ւիրեմ մտո­­վի ճա­­նապար­­հորդել հայ­­րե­­­նի ան­­դաստան­­ներ ու դի­­տել այն հսկա­­յակազմ չոր­­քո­­­տանին, որ խրո­­ւած սեւ հո­­ղի թանձր շեր­­տե­­­րու մէջ՝ ակօս­­ներ կը բա­­նայ։ «Եզ»ն է ան, քա­­րէն հաց քա­­մող մեր ազ­­գի ամե­­նէն յոգ­­նա­­­ջան ու քնա­­րական բա­­ռը։ Եթէ հարցնէք, թէ ցե­­խի ու ծանր աշ­­խա­­­տան­­քի ի՛նչն է քնա­­րական, սպա­­սեցէք մին­­չեւ այս յօ­­դուա­­ծի մայ­­րա­­­մու­­տը ու դուք հա­­ճոյ­­քով կը լսէք պա­­տաս­­խա­­­նը։ Այժմ եզը, մշա­­կի հա­­ւատա­­րիմ կե­­նակի­­ցը, թող շա­­րու­­նա­­­կէ իր աշ­­խա­­­տան­­քը «յա­­նուն տան սե­­ղանին», «յա­­նուն նօ­­թի թշո­­ւառին» կամ՝ «յա­­նուն Տի­­րոջ նշխա­­րին», վկա­­յակո­­չելով Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի խօս­­քե­­­րը, իսկ մենք ան­­դին, ծա­­ռի մը շու­­քին ապա­­ւինե­­լով զրու­­ցենք ու տես­­նենք, թէ «եզ» բա­­ռը ինչ ակօս­­ներ բա­­ցած է մայ­­րե­­­նի լե­­զուի դաշ­­տե­­­րու մէջ։

Բնիկ հայ­­կա­­­կան է գրա­­բար «եզն» բա­­ռը, որ այժմ մէկ եր­­րորդով ամոր­­ձա­­­տուած ըլ­­լա­­­լով՝ մնա­­ցեր է «եզ»։ Հայ­­կա­­­կան մա­­տենագ­­րութեան հնա­­գոյն էջե­­րու մէջ կա­­րելի է լսել անոր բա­­ռաչիւ­­նը, այ­­սինքն՝ անոր մա­­սին վկա­­յու­­թիւններ. «Մի՛ վա­­րես­­ցես զէշ եւ զեզն ի միասին», «Ուր ոչ գոն եզինք, մսուրք սուրբ են»։

«Եզ» ար­­մա­­­տի տո­­կուն ու­­սե­­­րուն վրայ, դեռ Ոս­­կե­­­դարուն սկսեր ենք մաս­­նիկներ բեռցնել, որ­­պէսզի ան շար­­ժէ մեր միտ­­քե­­­րը։ Այ­­նուհե­­տեւ ու­­նե­­­ցեր ենք եր­­կա­­­րակեաց լծոր­­դութիւններ, ինչպէս՝ «եզ­­նա­­­լուծ», «եզ­­նա­­­լեզու», «եզ­­նա­­­մոլ», «եզ­­նա­­­նոց», 6-րդ դա­­րուն՝ «եզ­­նա­­­ճաշակ» եզան կամ կո­­վու միս ու­­տող, «եզող» եզ­­նե­­­րու լու­­ծը վա­­րող, 12 դա­­րուն՝ «եզ­­նակ» ոս­­կե­­­գոյն թե­­ւաւոր ճճի, 15-րդ դա­­րուն՝ «եզ­­նա­­­ծախ» եզ­­նա­­­վաճառ կամ մսա­­վաճառ, 18-րդ դա­­րուն «եզ­­նակն», «եզին աչք», կամ՝ «եզ­­նաչք» խա­­ղողի խո­­շոր, մսոտ, սեւ տե­­սակ մը։ Ու­­նե­­­ցեր ենք նաեւ դար­­ձո­­­ւածքներ. «Եզան եղ­­ջիւրէն բռնել», «Եզան պէս յա­­մառիլ», «Եզան տակ հորթ փնտռել»։ Հայ­­րե­­­նի մա­­մու­­լի ամե­­նասի­­րած քա­­ղաքա­­կան դար­­ձո­­­ւածքն է, «Ինչ որ նե­­րելի չէ եզին, նե­­րելի է Զեւ­­սին», այ­­սինքն երկրի մէջ դիրք ու­­նե­­­ցողին ամէն ինչ կա­­րելի է։

Եզը այժմ ծան­­րօ­­­րէն ետ­­դարձ կը կա­­տարէ։ Վեր­­ջա­­­ցեր է ակօ­­սի մէկ գի­­ծը։ Ահա այդ շար­­ժումը կ՚առա­­ջար­­կեմ «եզ­­նա­­­դարձ» կո­­չել։ Հին յու­­նա­­­կան աշ­­խարհին ծա­­նօթ «βουστροφηδόν» («վուս» եզ, «ստրո­­ֆի» դառ­­նալ) բա­­ռի թարգմա­­նու­­թիւնն է ան։ Գրե­­լու հնա­­գոյն ձեւն էր եզ­­նա­­­դար­­ձը, մէկ տո­­ղը ձա­­խէն աջ, ապա յա­­ջոր­­դը աջէն ձախ։

Եզը հայ շի­­նակա­­նի հա­­մար խորհրդա­­նիշն էր ոյ­­ժին ու կեան­­քին ու հա­­ւատքն ու­­նէր անոր ան­­մա­­­հու­­թեան։ Ան­­յի­­­շելու ժա­­մանակ­­նե­­­րուն, Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի վրայ երբ մար­­դը բնու­­թեան տար­­րե­­­րով կ՚ըն­­կա­­­լէր իր շրջա­­պատը, եզը պաշ­­տա­­­մունքի առար­­կայ էր։ Գե­­ղար­­քունի­­քի նախ­­նա­­­դարեան դամ­­բա­­­րան­­նե­­­րու մէջ յայտնա­­բերած են եզ­­նե­­­րու կմախքներ, իսկ Վա­­նայ ծո­­վու վրայ, Ար­­ճէ­­­շի մօտ՝ եզան պրոն­­զէ ար­­ձան։ Քրիս­­տո­­­նէու­­թեան շրջա­­նին, Համ­­բարձման տօ­­նին եզը զար­­դա­­­րած են ծա­­ղիկ­­նե­­­րով ապա մա­­տաղ ըրած։

Հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թեան մէջ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին բարձր պա­­տուան­­դա­­­նի վրայ դրաւ «եզ»ը այն օրը, երբ գրեց «Յա­­րու­­թեան» տա­­ղը։ Բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մէջ սուրբը կը պատ­­կե­­­րաց­­նէ սայլ մը, որ ծանր կ՚իջ­­նէ Մա­­սիսէն։ Սայ­­լը ու­­նի ոս­­կի աթոռ, բե­­հեզ ծի­­րանի, անոր վրայ բազ­­մած է Որ­­դին ար­­քա­­­յի, աջ կողմն են վեց­­թե­­­ւեան սե­­րով­­բէ­­­ներ, ձախ կող­­մը բազ­­մա­­­չեայ քե­­րով­­բէ­­­ներ, առ­­ջե­­­ւը գե­­ղեցիկ մա­­նուկներ։ Իսկ ի՞նչ ոյժ պի­­տի շար­­ժէ սայ­­լը։ Նա­­րեկա­­ցին գրեր է. «Եզինքն են սաթ ու սպի­­տակ, / ծաղ­­կա­­­խայ­­տուցք, արա­­գաքայլք, ըն­­թա­­­ցականք, / եղ­­ջիւրն ամէն խա­­չան­­ման, / եւ մազն ամէն հոյլ մար­­գա­­­րիտ. / եւ ահա շար­­ժէր սայ­­լիկն ա՛յն, / եւ ահա խա­­ղայր անիւն ա՛յն»։ Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի ծան­­րակշիռ ար­­քան եզն է։

Գոր­­ծի աւար­­տին, երբ բարձրա­­նայ լու­­սի­­­նը, մշա­­կը կ՛եր­­գէ այսպէս. «Լուսնակն անոյշ, հովն անուշ, / Վա՜յ, լէ՛, լէ՛, լէ՛, լէ՛, / Մաճ­­կալ պառ­­կեր՝ քունն անուշ»։ Քու­­նի մէջ ե՞զ։ Գի­­տէ՞ք ի՛նչ կը նշա­­նակէ ան. ան­­վա­­­խու­­թիւն, կո­­րով, մոր­­թե­­­լը՝ մա­­հուան վնաս, լծո­­ւած զոյ­­գը՝ միու­­թիւն, ախո­­ռի մէջ որո­­ճալը՝ հա­­ւատա­­րիմ աշ­­խա­­­տող, օգ­­նութիւն, գե­­րը՝ մօ­­տալուտ եր­­ջանկու­­թիւն, նի­­հարը՝ սով, սպի­­տակը, ցատ­­կո­­­ղը՝ պա­­տիւ, շահ, սե­­ւը՝ վտանգ, կար­­մի­­­րը՝ կեան­­քի վտանգ, մի­­սը ու­­տե­­­լը՝ վիշտ, հի­­ւան­­դութիւն, նստի­­լը՝ մեծ, բա­­րի լուր, հե­­տը կռո­­ւիլը՝ թշնա­­մի, սար­­սափ, իսկ առանց եղ­­ջիւրնե­­րու՝ զի­­նաթափ թշնա­­մի։ Ժո­­ղովուրդը այդպէս հա­­ւատա­­ցեր է։

Ապա եկան քեր­­թողներ ու «եզ» բա­­ռը դար­­ձուցին գրա­­կան. «Եզին շո­­ղիքն ինչ փոյթ թէ իրենց ձեռ­­քե­­­րը կ՚օծէ», «Ան­­դին բլու­­րէն վար, դէպ քա­­ղաքը, ճռըն­­չուն, / Մեծ­­ղի եզ­­ներ, որոնց եղ­­ջիւրն այ­­գե­­­պանն / Որ­­թա­­­տունկի սա­­ղարթնե­­րով է պսա­­կեր, / Կը քա­­շէին սայ­­լերն ամ­­բողջ բեռ­­նա­­­բարձ / Ող­­կոյզնե­­րու դէ­­զերով / Եւ ալի­­քով գի­­նիի», Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժան, «Ու ես պի­­տի եր­­գեմ եր­­գը եզին, արօ­­րին, խո­­փին», Հա­­մաս­­տեղ, «Հուժկու եզ­­ներ, կա­­լերուն շուրջը զոյգ զոյգ, հրա­­շագործ ցո­­րեանը պի­­տի կամ­­նեն», Սիաման­­թօ, «Բա­­բի Օհա­­նը... եզան նման աշ­­խա­­­տել գի­­տէր», Ակ­­սել Բա­­կունց, «Գու­­թան քա­­շող եզան հսկայ աչ­­քե­­­րի պէս», «Եզան աչ­­քե­­­րի միամիտ փայլ», «Եզան մկա­­նուտ վզի շփում», Պա­­րոյր Սե­­ւակ։

Մեր հո­­ղի հա­­րազատ ու հա­­ւատա­­րիմ բա­­ռը, զար­­մա­­­նալի չէ, որ յար­­մա­­­րած ըլ­­լար անոր բար­­բառնե­­րուն։ Բա­­ռը Ագու­­լի­­­սի մէջ «իզ­­նը» էր, Գո­­րիսի եւ Ար­­ցա­­­խի մէջ «յէզ­­նը», Համ­­շէ­­­նի մէջ «յիզ», իսկ Ոզ­­մի (կամ Ոզի­­մի) մէջ «իզ»։ Ապա եր­­կի­­­րը, ի՛նքը դար­­ձաւ «եզ», երբ յայտնո­­ւեցան տե­­ղանուններ- Եզ, Բա­­լուի մօտ գիւղ, Եզան անցք, Կի­­լիկիոյ մէջ լեռ, Լամբրո­­նի հիւ­­սիս-արեւ­­մուտքը, Եզան Սուրբ, Գո­­րիսի ուխտա­­տեղի, ինչպէս նաեւ՝ Եզանց հո­­վիտ, Եզն, Եզ­­նա­­­ձոր, Եզ­­նանց բերդ, Եզ­­նուտ եւ Եզա­­նիստ։

Այնքան նո­­ւիրա­­կան էր բա­­ռը, որո­­շեցինք զայն մար­­դու յա­­տուկ անուն դարձնել, այ­­նուհե­­տեւ մեր պատ­­մութիւ­­նը ու­­նե­­­ցաւ երե­­ւելի ան­­ձեր, ինչպէս Վար­­դա­­­նանց պա­­տերազ­­մի մէջ յի­­շուած Եզ­­նիկ եպիս­­կո­­­պոսը, Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նիչ­­նե­­­րէն Եզ­­նիկ Կող­­բա­­­ցին եւ «Թուղթ առ Մաշ­­տոց» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան հե­­ղինակ Եզ­­նակ կա­­թողի­­կոսը։ Իսկ չորս Աւե­­տարա­­նիչ­­նե­­­րէն Ղու­­կասն է եզը, զո­­հի խորհրդա­­նիշը։

Եզը քնա­­րական է։ Կա՞յ մէկ այլ ազգ, որ եր­­գեր յօ­­րինած ըլ­­լայ իր եզան հա­­մար։ Հայ գեղ­­ջուկն է ան։ Կո­­միտա­­սը լսեր է այդպի­­սի եղա­­նակ մը. «Ձիգ տու, քա­­շի՛, ա՜յ եզը... Լուծդ մա­­շի, ա՜յ եզը... Արա հո՜, հո՜, ա՛րա հո՜»։ Կա՞յ մէկ այլ ազգ, որ ծունկի եկած ըլ­­լայ իր եզան առ­­ջեւ, աղա­­չէ ու անոր ձօ­­նէ ող­­բա­­­ձայն եր­­գեր, «ախ­­պեր, սի­­րուն, ծա­­ղիկ, նախ­­շուն» ածա­­կան­­նե­­­րովը զար­­դա­­­րէ զայն։ Այժմ, ունկնդրենք կո­­միտա­­սեան մէկ այլ երգ ու այդպի­­սով շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնենք եւ հրա­­ժեշտ տանք եզան.

«Հո, արա եզօ, ջան ախ­­պեր, ջան...

Թոլ արա եզօ, ջան ախ­­պեր,

Դեհ, սի­­րուն ել, ել՜, ել՜ ել՜,

Դեհ ծա­­ղիկ ել՜ ել՜ ել՜ ել՜,

Դեհ նախ­­շուն ել՜ ել՜ ել՜ ել՜»։