ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԱՒ

Լաւ թող ըլ­­լայ ձեր կեան­­­քը, գոր­­­ծը լաւ, կի­­­նը լաւ (կամ՝ էրի­­­կը),ըն­­­կերնե­­­րը լաւ, տունն ու տե­­­ղը լաւ... Իսկ, ի՞նչ է կը կար­­­ծէք, որ այդ բո­­­լոր բա­­­րեմաղ­­­թութիւննե­­­րու հա­­­սարակ կո­­­տորակն է- ծա­­­ռայա­­­սէր, հա­­­մեստ միավանկ մը։ Այ­­­սօր, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, եկէ՛ք, լա­­­ւու­­­թիւն մը ընենք այդ լա­­­ւահամ­­­բաւ բա­­­ռին։ Կ՚առա­­­ջար­­­կեմ, որ լաւ մը հասկնանք «լաւ» բա­­­ռի պատ­­­մութիւ­­­նը, դարձնենք անոր լա­­­ւորակ էջե­­­րը, եւ ալ լսենք քա­­­նի մը լա­­­ւիմաց մար­­­դու խրատն ու եր­­­գը։

Բնիկ հայ­­­կա­­­­­­­կան բառ է ան։ Ստու­­­գա­­­­­­­բանա­­­կան ար­­­մատնե­­­րը լաւ չեն ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ւած, կամ լաւ եւս, լոկ այլ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու հետ հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւններ են կա­­­տարո­­­ւած։ Մեր լա­­­ւագոյն լե­­­զուա­­­բան­­­նե­­­­­­­րը եկած են այն եզ­­­րա­­­­­­­կացու­­­թեան, թէ բուն կը նշա­­­նակէ «ձեռքբե­­­րում, օգուտ, շահ, շա­­­հաւէտ»։

Գի­­­րերու գիւ­­­տով սկսեր ենք լաւ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րել անոր պատ­­­մութիւ­­­նը։ Առա­­­ջին ան­­­գամ զայն տե­­­սեր ենք հո­­­գեւոր-խրա­­­տական գրա­­­կանու­­­թեան մէջ. «Լաւ է խո­­­նարհ գեղ­­­ջուկ՝ որ Աս­­­տուծոյ ծա­­­ռայէ, քան զհպարտ փի­­­լիսո­­­փայ», «Լաւ է այժմէն յա­­­ռաջա­­­տես լի­­­նել, եւ կան­­­խաւ պատ­­­րաստել ինչ բա­­­րի, քան յու­­­սալ յօգ­­­նութիւն այ­­­լոց», «Լաւ է լսել զպա­­­տու­­­հաս իմաստնոյ, քան լսել մար­­­դոյ զերգս անմտաց»,«Լաւ է մա­­­նուկ աղ­­­քատ եւ իմաս­­­տուն՝ քան զթա­­­գաւոր ծեր եւ ան­­­միտ», «Լաւ է աղ­­­քատ՝ որ գնայ ճշմար­­­տութեամբ, քան զմե­­­ծատուն սուտ»։

Ոս­­­կե­­­­­­­դարուն բա­­­ռը զար­­­գա­­­­­­­ցաւ աւե­­­լի լաւ քան եր­­­բեք։ Լա­­­ւիմաց գրիչ­­­ներ գրա­­­կանա­­­ցու­­­ցին անոր պատ­­­կե­­­­­­­րալից բար­­­դութիւննե­­­րը։ «Լա­­­ւակամ»ը յի­­­շեց Խո­­­րենա­­­ցին, «լա­­­ւագոյն»ը Եղի­­­շէն, իսկ «լա­­­ւաբար», «լա­­­ւածա­­­նօթ», «լա­­­ւահա­­­յեաց» եւ «լա­­­ւորեար» բա­­­ռերը՝ Ղա­­­զար Փար­­­պե­­­­­­­ցին։ Ղա­­­զար Փար­­­պե­­­­­­­ցիի գրի­­­չին կը պար­­­տինք հե­­­տեւեալ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը. «Ինձ լաւ լի­­­ցի մե­­­ռանել, քան եթէ զոք ի հա­­­ւատա­­­ցելոց վասն անար­­­ժան գոր­­­ծոյ մատ­­­նել անաւ­­­րի­­­­­­­նաց»։ Ինչպէ՞ս մոռ­­­նանք Եղի­­­շէ պատ­­­մի­­­­­­­չի խրա­­­տը, թէ՝ «Լաւ է կոյր աչօք քան կոյր մտօք» (Այս մէ­­­կը, համ­­­բե­­­­­­­րեցէք 1500 տա­­­րի եւ դար­­­ձեալ պի­­­տի յայտնո­­­ւի։) Ու­­­նինք նաեւ՝ լա­­­ւազ­­­գի, լա­­­ւակն, լա­­­ւախօս, լա­­­ւատես, քա­­­ջալաւ եւ բա­­­րելաւ բա­­­ռերը։

Այս բա­­­ռը կը սի­­­րէ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ պաշ­­­տօններ ըն­­­դունիլ։ Մա­­­կբայ է, երբ ըսենք, «Տախ­­­տա­­­­­­­կամա­­­ծը լաւ փայ­­­լե­­­­­­­ցու­­­ցի», ածա­­­կան է երբ ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցի «միտք, մարդ, վար­­­պետ, ըն­­­կեր, խօսք, վարք» եւ այլն գո­­­յական­­­նե­­­­­­­րուն, իսկ գո­­­յական կը դառ­­­նայ, երբ նա­­­խակրթա­­­րանի ու­­­սուցչու­­­հի մը աշա­­­կեր­­­տի տետ­­­րա­­­­­­­կին կար­­­միր մե­­­լանով գրէ «Լաւ»։ Յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, դուք սո­­­րուած էք նաեւ, թէ միշտ չէ որ բա­­­ռը կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծուի հա­­­ճելի վի­­­ճակ­­­նե­­­­­­­րու մէջ, եթէ կե­­­րած էք «լաւ ապ­­­տակ», կամ՝ «լաւ ծեծ»։

Ուշ միջ­­­նա­­­­­­­դարուն հայ տա­­­ղասաց­­­ներ լաւ մը իւ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցին այս բա­­­ռը։ Ֆրի­­­կը խրա­­­տական խօս­­­քե­­­­­­­րով հիւ­­­սեց եր­­­կա­­­­­­­րաշունչ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւն մը ու զայն կո­­­չեց «Բան լաւ»։ Իսկ «Առակ լաւ եւ պի­­­տանի» ժո­­­ղովրդա­­­կան աւան­­­դութեան մշա­­­կու­­­մի մէջ ան խրա­­­տեց հե­­­ռու մնալ ագա­­­հու­­­թե­­­­­­­նէ։ 1260-1331 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րուն ապ­­­րած Խա­­­չատուր Կե­­­չառե­­­ցին ըսաւ. «Խա­­­չատո՛ւր, առ­­­նել լաւ է, քան ասել եւ ոչ կա­­­տարել, աղ­­­քատ եւ ար­­­դար լաւ է, քան գի­­­տուն եւ յոյժ մո­­­լորել... Սա­­­կաւ գի­­­տու­­­թիւն լաւ է, քան գի­­­տել եւ ոչ կա­­­տարել, մին ձե­­­ռօք եր­­­կինս լաւ է, քան եր­­­կու ձե­­­ռօք դե­­­գերել»։ 1500-ական­­­նե­­­­­­­րուն Յով­­­հաննէս Թլկու­­­րանցին, որ մեր առա­­­ջին աշ­­­խարհիկ բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րէն էր, լաւ աչ­­­քով նա­­­յեցաւ հո­­­ղեղէն գե­­­ղեց­­­կուհիին. «Աղէկ պատ­­­կեր բո­­­լոր եւ գե­­­ղեցիկ ես... Լաւ որ սի­­­րես դու զիս՝ սի­­­րեմ ես քեզ»։ 1600-նե­­­րուն աշուղ Նա­­­ղաշ Յով­­­նա­­­­­­­թանը, որ երաժշտա­­­կան արո­­­ւես­­­տի լաւ վար­­­պետ էր, Թիֆ­­­լի­­­­­­­սի մէջ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւեցաւ այսպէս. «Լաւ է ընդ իմաստնոց միշտ քաղ­­­ցած մնալ, քան ընդ տգի­­­տաց ու­­­տել ու ցնծալ»։ Նոյն քա­­­ղաքի մէջ, եր­­­կու դար յե­­­տոյ, Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանն է, որ գրեց «լաւ» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւններ։ 1908 թո­­­ւակա­­­նին, ան նկա­­­րագ­­­րեց իր երա­­­զած տու­­­նը. «Ամե­­­նից սի­­­րուն, լաւ տու­­­նը, որ կայ, / Էս գորշ խրճիթն է, / Էս հին խրճիթն է, / Գե­­­տի եզեր­­­քին, / Ծա­­­ռերի տա­­­կին»։ 1917 թո­­­ւակա­­­նին բա­­­նաս­­­տեղծը գրեց քա­­­ռեակ մը ու նկա­­­րագ­­­րեց իր նե­­­րաշ­­­խարհը. «Ինչքան ցաւ եմ տե­­­սել ես, / Նենգ ու դաւ եմ տե­­­սել ես, / Տա­­­րել, նե­­­րել ու սի­­­րել,- / Վա­­­տը՝ լաւ եմ տե­­­սել ես»։ Եւ ահա բա­­­նաս­­­տեղծի վեր­­­ջին խրա­­­տը. «Հէ՛յ, պա­­­րոն­­­նե՛ր, ականջ արէք / Թա­­­փառա­­­կան աշու­­­ղին, / Սի­­­րո՛ւն տիկ­­­նայք, ճա­­­հե՛լ տղերք, / Լա՚ւ ուշ դրէք իմ խա­­­ղին։ / Ես լա­­­ւու­­­թեան խօսքն եմ ասում, / Որ ժպտում է մեր սրտին. / Ո՞վ չի սի­­­րում, թէ­­­կուզ դուշման, / Լաւ արար­­­քը, լաւ մար­­­դին»։

Այդ տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն, երբ լաւ ըն­­­թացքի մէջ էր հայ­­­կա­­­­­­­կան գրատ­­­պութիւ­­­նը, ակնկա­­­լելի էր, որ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ «լա­­­ւ» գիր­­­քեր ու­­­նե­­­­­­­նայինք։ Ցա­­­ւօք սրտի՝ լոկ մէկ գիրք։ Ահա ձե­­­զի ցոյց տամ այդ միակ հնա­­­տիպ գիր­­­քը, որ իր խո­­­րագի­­­րին վրայ ու­­­նի «լաւ» բա­­­ռը։ Հնդկաս­­­տա­­­­­­­նի Կալ­­­կա­­­­­­­թա քա­­­ղաքի մէջ 1841 թո­­­ւակա­­­նին լոյս տե­­­սած պրակ մըն է հա­­­մեստ. «Լաւ տետ­­­րակ ի սմայ պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կին կար­­­ճա­­­­­­­ռօտ քե­­­րակա­­­նական զո­­­ւար­­­ճութիւնք»։ Կը յի­­­շէ՞ք Եղի­­­շէ պատ­­­մի­­­­­­­չի խօս­­­քը։ Այդ մէկն ալ 2012 թո­­­ւակա­­­նին, Երե­­­ւանի մէջ դար­­­ձաւ գիր­­­քի անուն, երբ լոյս տե­­­սաւ հո­­­գեբոյժ Յա­­­րու­­­թիւն Մի­­­նասեանի ստուար աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւնը, «Լաւ է կոյր աչօք, քան կոյր մտօք»՝ ակա­­­նաւոր կոյր հա­­­յերու կեն­­­սագրա­­­կան բա­­­ռարան։

Վե­­­րադառ­­­նանք մեր բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րուն եւ մօ­­­տենանք մեր օրե­­­րուն։ Տէ­­­րեանը, այս բա­­­ռով յայտնեց իր երկմտու­­­թիւնը. «Չգի­­­տեմ՝ այս տխուր աշ­­­խարհում / Որն է լաւ, որը վատ. / Ես սի­­­րում եմ աչ­­­քերդ խո­­­հուն / Եւ խօս­­­քերդ վհատ»։ Ապա Պա­­­րոյր Սե­­­ւակը, սի­­­րահար տղայ, գրի առաւ քա­­­նի մը «լաւ» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւն։ Այսպէս էին վեր­­­նա­­­­­­­գիր­­­նե­­­­­­­րը. «Եթէ լաւ է այն», «Ինչ լաւ է», «Լա­­­ւից դժգոհ», «Որ լաւ կը լի­­­նի», «Լա­­­ւագոյ­­­նը»։ Վեր­­­ջի­­­­­­­նի մէջ ան գո­­­վեր­­­գեց ամէն ին­­­չի «լա­­­ւագոյն»ը, ինչպէս՝ «Լա­­­ւագոյն ժպիտ ասո­­­ւածը, ան­­­շո՛ւշտ, / Փակ աչ­­­քե­­­­­­­րովն է։ / Իսկ լա­­­ւագոյ­­­նը երա­­­զանքնե­­­րի՝ Բա՛ց աչ­­­քե­­­­­­­րովը»։ Ապա բա­­­նաս­­­տեղծը սի­­­րոյ մէկ այլ խոս­­­տո­­­­­­­վանու­­­թիւն կա­­­տարեց. «Ինչ լաւ է, որ դու աշ­­­խարհի մէջ կաս... Ինչ լաւ է, որ դու լոկ պատ­­­մութիւն չես… Եւ ինչ լաւ է, ինչ լաւ է, որ բա­­­նաս­­­տեղծ եմ ես»։

Մեր յօ­­­դուա­­­ծը, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, աւար­­­տենք լաւ եր­­­գով մը, որ կաս­­­կած չու­­­նիմ, թէ լաւ տրա­­­մադ­­­րութիւն կը ստեղ­­­ծէ ձեր մտքի մէջ.

Շրջում եմ ես տրտում,

Քո պատ­­­կերն իմ սրտում,

Քո խօս­­­քերն իմ մտքում,

Իմ լաւ, իմ լաւ։