ԷՏՎԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է բոլորին ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութեան ընդառաջ արդէն հասած է Թամբի մրցակիցը յստակեցնելու ճակատագրական փուլը։ Շաբաթ օր կայանալիք Հարաւային Գարոլայնայի ընտրութիւններուն յաջորդող երեքշաբթին այժմէն կը նշուի «Արտակարգ Երեքշաբթի» անուանումով։ Այդ օր Գալիֆորնիա, Թեքսաս, Մասաչսըթս եւ Վիրկինիայի նման մեծ նահանգներու ընտրութիւնները պիտի կայանան։ Այս նահանգներու մէջ կը բնակի ԱՄՆ-ի 40 տոկոսը։ Հետեւաբար 3 Մարտին նախագահութեան թեկնածուն որոշող պատգամաւորներու մէկ երրորդը պիտի ճշդուին այս ընտրութեան արդիւնքով։
Տուեալ պայմաններու մէջ օրակարգի կարեւորագոյն անունն է Պերնի Սենտրս։ Ան ինքզինք կը ներկայացնէ «ժողովրդավարական համայնավար» ըլլալով։ Չէ անդամակցած Ժողովրդավարական Կուսակցութեան եւ ծերակոյտի մէջ կը զբաղեցնէ անկախ պատգամաւորի դիրքը։
Այժմ բոլորին մտքին մէջ ձեւաւորուած հարցումը հետեւեալն է՝ արդեօք Պերնի Սենտրս պիտի կրնա՞յ թեկնածու դառնալ եւ եթէ այո, այս անգամ ալ արդեօք պիտի կրնա՞յ նախագահ Թրամբին փոխարինել։
Սենտրսի այս յայտնութիւնը անակնկալ մը չէ անշուշտ։ Ան 2016-ի ընտրութիւններուն բաւական լուրջ այլընտրանք մը ըլլալով ներկայացած էր դեմոկրատական ընտրանիի անվիճելի թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի դիմաց։ Սենտրսի կողմնակիցներ կը հաւատային թէ անոր թեկնածութիւնը գողացուած է կուսակցութեան վերնախաւի ձեռքով։
Իսկ Հանրապետական Կուսակցութեան առաջատար դէմքերը չէին կրցած յաջողիլ Թրամբի վերելքը կասեցնելու։ Ըստ երեւոյթի նոյն վտանգը 2020-ի ընտրութիւններուն այս անգամ կը սպառնայ դեմոկրատականներուն։
Թրամբ եւ Սենտրս իրարու հակասող կերպարներ ըլլալով հանդերձ ներկայ վարչութենէն դժգոհ եղողներու եւ գործող ընթացքը բարեփոխել ուզողներու համար նախընտրելի անուններ են։
Սենտրս երիտասարդներուն յոյս ներշնչող պատգամներ ունի։ Բայց միաժամանակ անոր ծրագիրները մտահոգութիւն կ՚առաջացնեն դրամատուներու, ապահովագրութեան ընկերութիւններու, դրամի շուկաներու ոլորտներէ ներս։ Նախ եւ առաջ ան չի վարանիր հրապարակաւ. «Համայնավար եմ» ըսելու։ Այսպէսով կը ճակատի երկու կուսակցութիւններու դէմ։ Կան «Միլենեալները», այսպէս կը կոչուին երրորդ հազարամեակի սերունդը, որոնց կենսամակարդակը աւելի ցածր պիտի ըլլայ բաղդատմամբ իրենց ծնողներուն։ Սետնրս անոնց կը խոստանայ ձրի բարձրագոյն ուսում, անվճար բժշկական ծառայութիւններ, բաւականին բարձր եղած ուսման պարտքերու ջնջում, աշխատանքի ապահովում եւ մարիհունայի նման բնական թմրեցուցիչներու ազատ վաճառք։
Այս երիտասարդ զանգուածը ընտրութիւններու հանդէպ ընդհանրապէս հետաքրքրութիւն չունի։ Հետեւաբար անոնց Սենտրսի ի նպաստ զօրակցութիւնը կրնայ ազդել բոլոր հաւասարակշռութիւններուն։ Օրինակի համար՝ անոնց նախորդ ընտրութիւններու չմասնակցիլը մեծապէս նպաստած էր Թրամբին։ Այս պայմաններու մէջ դեմոկրատներու որեւէ կերպով Սենտրսը խաղէն դուրս շպրտելով Ճօ Պայտընի կամ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Պլումպերկի թեկնածութիւնը ապահովելը բաւականի ռիսկային պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ Հիլըրի Քլինթն անձայն անշշուկ կը հետեւի զարգացումներուն, յոյսը կապելով կուսակցական համագումարի ընթացքին յանկարծակի կերպով իր անունին շուրջ համաձայնութեան մը վարկածին։ Անշուշտ Սենտրսի դէմ քննադատութիւնները հետզհետէ պիտի աճին։ Պիտի ուզեն կուսակցութեան համագումարի ընթացքին անոր պատգամաւորներու մեծամասնութեամբ ներկայանալը կանխել։ Այժմէն սկսած են անոր համայնավար կոչումին դէմ բազմաբնոյթ հալածանքներ։ Ամէն ինչ կը կառուցուի «Ամերիկա համայնավար չի կրնար ըլլալ» կարգախօսի վրայ։ Եւ աւելին կը պնդուին թէ Ռուսիոյ դաշնութիւնը Թրամբի կողքին կը զօրակցի նաեւ Սենտրսին։ Հետաքրքրական ուրիշ երեւոյթ մըն է Թրամբի հետ ունեցած զօրակցութիւնով ծանօթ «Ֆօքս Նիւս» գործակալութեան այս պահուն նման նիւթերու շուրջ աւելի զուսպ ոճ մը որդեգրած ըլլալու երեւոյթը։ Կարծես անոնք իրենց ռազմավարութիւնը կայացուցած են ընտրութեան մօտ ժամանակներու համար։
Սենտրսի մրցակիցները իրենց յոյսը կապած են այս վերջինիս, անցեալին ունեցած ելոյթներէն օգտուելու ռազմավարութեան վրայ։ Իրաւ ալ Սենտրս գովաբանած էր Ֆիտել Քաստրոն երկրի բնակչութեան ուսման մակարդակը բարձրացուցած ըլլալուն համար։ Դանիէլ Օրթեկայի հետ կազմած մտերմութիւնը Պոլիվիայի եւ Վենեզուէլլայի համայնավար իշխանութիւններու հետ ունեցած բարեկամութիւնը այժմ իրեն դէմ պիտի գործածուի որպէս սեւ քարոզչութեան նիւթեր։ Յիշենք որ, իր կուսակցականներն անգամ զինք քննադատած էին այդ երկիրներէն մեծ թիւով գաղթականներ ընդունած Ֆլորիտայի նման նահանգներուն մէջ։ Սակայն այդ բոլորը որքանով պիտի ազդէ երիտասարդներու նախասիրութիւններուն վրայ։ Վերջապէս սոսեալիզմի հանդէպ անոնց մերձեցումը շատ աւելի հանդուրժողական է, բախտատմամբ տարեցներուն։ Անոնք Սանտրսի կերպարին մէջ կ՚ակնկալեն Ֆինլլանտիա կամ Դանիայի նման երկիրներու նմանելու յոյսը։
Սենտրսի Թրամբի հետ ունեցած նմանութիւններէն մէկն ալ Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան շուրջ է։ Ան ալ մտադիր է զինուորները տուն բերելու։ Իսկ ան Թրամբէն կը տարբերի շատ աւելի կարեւոր նիւթով մը՝ ինք եւս հրեայ ծագում ունենալով հանդերձ կը մեղադրէ Իսրայէլի քաղաքականութիւնները եւ կը զօրակցի Պաղեստինին։ Ֆլորիտայի նման լուրջ հրեայ բնակչութիւն ունեցող նահանգներու մէջ Սենտրսի յոյսը պիտի ըլլայ երիտասարդ ընտրողները։
Սենտրսի կարեւորագոյն մրցակիցը մեծահարուստ Մայքլ Պլումպերկն է։ Ամերիկեան ընտրութիւններու ընթացքին դրամը շատ կարեւոր գործօն մըն է։ Թէեւ Սենտրս ժողովուրդի լայն խաւէ նուիրատուութիւններ հաւաքելով ամուր դիրքի մը տիրացած կ՚երեւի։ Բայց Պլումպերկ ի վիճակի է այս նպատակով 1 միլիառ տոլար ծախսելու։ Եթէ կուսակցութիւններու համագումարներուն պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը ապահովուած չըլլայ շատ կարեւոր գործօն մը ըլլալով պիտի ներկայանայ նախկին նախագահ Օպաման։ Ան վերջին տեմոքրաթական նախագահն էր եւ մինչեւ այժմ կը վայելէ որոշ ժողովրդականութիւն եւ կը շարունակէ մնալ կուսակցութեան պետի դիրքին մէջ։ Մօտ անցեալին իր շուրջիններէն մէկը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ եւ ըսաւ թէ Սենտրս մեզի համար կրնայ վտանգաւոր թեկնածու մը ըլլալ։ Դեմոկրատներու գլխաւոր վախը բացի Թրամբի դիմաց պարտութիւն կրելէ, Խորհրդարանին մեծամասնութենէն զրկուիլն է նաեւ։ Սակայն Օպամա աւելի լուրջ մտածող եւ մանաւանդ ալ երիտասարդներու պահանջը նկատով քաղաքական գործիչ մը ըլլալով չի բաժներ նոյնիսկ իր կուսակցութեան մտավախութիւնները։
Եթէ Սենտրս յաջողի պատգամաւորներու 40 տոկոսին տիրանալ, համագումարին ալ կը յայտարարէ իր թեկնածութիւնը։ Բայց այդ թեկնածութիւնով միթէ կրնա՞յ յաղթել Թրամբին, բաւական հարցական է։
Ամերիկայի հայ հասարակութիւնն ալ երկրի բնակչութեան նման պարակտուած պատկեր մը կը պարզէ։ Երիտասարդները ընդհանրապէս Սենտրսի կողքին են։
Նոյեմբեր ամսուն Լոս Անճէլըսի մէջ կայացող ժողովին շատ բարձր մասնակցութիւն կար։ Նախապէս «Աւարտած է ցեղասպանութեան վիճաբանութիւնը» ըսած էր եւ խոստացած, թէ ընտրուելով պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը։ Ի տարբերութիւն նախապէս այս խոստումը դրժող Օպամայէն, բոլորը համոզուած են թէ ան չենթարկուիր Ամերիկայի խորունկ պետութեան սպառնալիքներուն։ Բացի այդ Սենտրս կ՚երաշխաւորէ Ղարաբաղի անվտանգութիւնը, տարածաշրջանի ականազերծման համար նիւթական օգնութիւն եւ Ատրպէյճանը պատասխանատու համարել հայերու դէմ գործածուած բռնութիւններէն։ Տակաւին խոստումներ կու տայ Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած հայկական կալուածներու վերադարձին համար աշխատելու։
Վերջապէս հայ համայնքը գոհացնելու համար հրաժարեցաւ ծագումով թուրք Ճենք Ույկուրի երեսփոխանութեան թեկնածութիւնը քաջալերելէ։
Յայտնի է, որ քանի մը շաբաթուայ ընթացքին շատ աւելի յստակ դիմանկար մը պիտի ձեւաւորուի մեր դիմաց։ Եթէ Սենտրս ձայներու մեծ տարբերութիւնով ներկայանայ, պիտի յաջողի՞ կուսակցութեան մէջ միասնութիւնը ապահովելով դէպի Նոյեմբերի ընտրութիւններուն առագաստ բանալ։ Ան պէտք է իր խոստացած Իսքանտինաւեան ոճով համայնավարութեան ճամբուն վրայ վստահեցնել, թէ որեւէ կերպով պիտի չվնասուին անհատական իրաւունքները եւ ազատութիւնները։
Նաեւ պէտք է ապահովէ բանուորներու արհմիութիւններու զօրակցութիւնը։ Հոս եւս կայ խոչընդոտ մը։ ԱՄՆ-ի յատուկ կիրարկումով մը արհմիութիւնները իրենք են որ կը շահագործեն աշխատողներու առողջութեան ապահովագրութիւնները։ Հետեւաբար այդ ծառայութեան պետականացումը կրնայ դժգոհութիւն յառաջացնել արհմիութիւններու մօտ։
Նշենք որ 2020-ի ընտրութիւնները շատերու մօտ կը յիշեցնէ 1972-ի ընտրութիւնները, ուր կը մրցէին Ռիչհարտ Նիքսըն եւ Սանտրսի հետ լուրջ նմանութիւններ ունեցող Ճորճ Մեք Կովըրն։ Ընտրութիւններու աւարտին Նիքսին 50 նահանգներէ 49 նուաճելով մեծ յաղթանակ մը տարած էր։