21Փետրուար Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրը անգամ մը եւս օրակարգի կը բերէ երկրի մշակութային բազմազանութիւնը։ Այդ բազմազանութեան կարեւորագոյն դրսեւորումն է մայրենի լեզուները, որոնց գործածութիւնը երկար տարիներ ճնշման ենթարկուած էին։ Մայրենի լեզուներու կարեւորութեան գիտակցումով պատրաստուած նախագիծ մըն է «Հէյամոլի» մանկական երգերու հաւաքածոն։ Այշէնուր Քոլիվար եւ Օնուր Շենթիւրք այս աշխատութեան մէջ կատարած են Սեւ Ծովեան տարածաշրջանի մէջ խօսուած լազերէն, համշէնի բարբառով հայերէն, պոնտական բարբառով յունարէն, վրացերէն ու չերքէզերէն երգեր։
Ալթուղ Եըլմազի խորհրդատուութեամբ ու ՊԿՍԹ արտադրական ընկերութեան կողմէ պատրաստուած ծրագրին մէջ երգերու մշակումները կը պատկանին Օնուր Շենթիւրքի։ Իսկ Այշէնուր Քոլիվարի երգեցողութեան մերթ ընդ մերթ կը մասնակցին երգեցիկ խումբեր եւ մանկական երգչախումբեր։ Նշենք որ ալպոմի մէջ տեղ գտած երգերը Սեւ Ծովեան լեզուներու թարգմանուած է Իսմայիլ Աւճը (լազերէն), Մահիր Էօզքան եւ Հիքմեթ Աքչիչէք (համշէներէն), Ֆաթիհ Մէյտան, Քենան Եաշար եւ Կէօքսել Եըլմազ (վրացերէն), Մուրատ Փափշու (չերքէզերէն), Մեհմետ Աքիֆ Եըլտըրըմ (պոնտերէն) կողմէ։
«Հէյամոլի» նախագծին ծանօթացման համար Այշէնուր Քոլիվար եւ Օնուր Շենթիւրք Սեւ Ծովեայ քաղաքներու մէջ կը պատրաստուին մանուկներու հետ աշխատանոցներ կազմակերպելու։