ՔԻՒՉԻՒՔՉԵՔՄԵՃԷՅԻ ԵՐԱԺԻՇՏՆԵՐԸ

Սեպտեմբերի պայծառ օրերէն մէկուն էր, Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ դաշտապտոյտի ենք։ Քենեկալներէս մէկուն մեծագոյն հաճոյքն էր ճաշ եփել, սեղան սարքել եւ բարեկամներու հետ կիսել այդ պատրաստութիւնը։ Նոր ամուսնացած ամիսներուս, առ նուազն շաբաթը մէկ անգամ մեզ ընթրիքի կը հրաւիրեր։ Անգամ մըն ալ մեզ առած ու Քիւչիւքչեքմեճէյի ծովափը դաշտապտոյտի տարած էր։ Ընդարձակ տարածքի մը վրայ, սեղան կամ աթոռներ չունեցող բացօթեայ ճաշարան մը հասանք։ «Շատ կանուխ եկանք կ՚երեւի» մտածեցի մտքովս։ Հազիւ երկու վայրկեան ետք երկու մարդ, ծառի մը տակ սեղան մը բերին, ապա շուրջը աթոռներ շարեցին։ Քենեկալիս կարճ բացատրութիւնները լսելով իսկոյն հեռացան։ Քիչ ետք կրակարան մը, թէյնիկ եւ տեսակ տեսակ աման-չամանով վերադարձան։ Միսն ու բանջարեղէնները մեր ինքնաշարժի սնտուկէն եկան։ Հազիւ այդ պահուն հասկցայ ճաշարանին կանոնը, սնունդը մեզմէ, սպասարկութիւնը իրենցմէ էր։ Հաճելի օր մըն էր, կուշտ ու կուռ կերած էինք։ Բայց օրուայ անմոռանալի պահը յետմիջօրէին ապրեցայ։ Պարզ, անպաճոյճ, թախծոտ ձայն մը թրքերէն ծանօթ երգ մը կը կանչէր։ Երգը ուրախ էր, իսկ ձայնը... Երաժշտութիւնը, որ հեռուէն կը լսուէր, հետզհետէ մօտեցաւ ու տեսայ զինք։ Եռեակի ջութակահարն էր։ Կը նուագակցէին ճիւմպիւշն ու տարպուքան։ Գնչուներ էին։ Կախարդած էր ջութակահարի ձայնը։ Հասած էին մեր սեղանին։ Երգիչը աչքերուս մէջ նկատեց հայրենաբաղձութիւնը ու անցաւ մի այլ թախծոտ սիրերգի։ Ձայնովը զիս տարաւ ուրիշ աշխարհներ։ Տարուածութենէս վերադարձայ «աղբեր» կոչով։ Միւս սեղանները շրջած պահուն նկատած էի մարդկանց երգ պատուիրելը։ Նոյնը տարիներ առաջ ապրած էի Մեքսիկա, Կուատայարա, «Մարիաչի» երգիչներու հետ։ Հոն ալ Պոլսոյ նման երաժշտութիւնը փողոցներն էր։ Օրն ի բուն լուսամուտերէն, պատշգամբներէն կը հոսի ու կը պատէ մարդը, կը տանի կարոտով լեցուն ամպերուն, սիրոյ երազանքներուն։ Հալէպ, Պէյրութ, Աթէնք, Հռոմ, Իսթանպուլ երաժշտութիւնով շնչող քաղաքներ են։ Փողոցներուն երաժշտութիւն չլսուած քաղաքը հոգի ալ չ՚ունենար։ «Ախպեր» ըսած էր ջութակահարը, հիմա իմ հերթն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ