«Կապը զօրքերի ղեկավարութիւնն է։ Առանց լաւ կապի չկայ ղեկավարութիւն։ Առանձնապէս դժուար է ղեկավարել զօրքերին մարտական պարագայում, որտեղ կապն է, որ յատուկ նշանակութիւն է ստանում։ Միանգամայն պարզ է, որ իւրաքանչիւր պետ եւ իւրաքանչիւր շտապ կարող է ղեկավարել միայն այն դէպքում, երբ նա ունի իր ձեռքում լաւ կարգաւորուած կապ»։ Ահա այս պարբերութեամբ կը սկսի 1931-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Յուշատետր կապի մասին» գիրքը, որ նախատեսուեր է Կարմիր բանակայիններու համար։ Կասկած չկայ, թէ ձեռատետրի մէջ յիշուած ռազմավարական կապը ճակատամարտի ժամանակ կեանքի ու մահուան սահմանագիծ է։ Եթէ այսքան կարեւոր է «կապ»ը, այսօր, յարգելի ընթերցող, զրուցենք այդ միավանկի մասին ու տեսնենք, թէ ան ի՛նչ հանգոյցներ կազմեր է հայկական Ոսկեդարը ժամանակակից գրականութեան միացնող կապի վրայ։
19-րդ դարու բառարան մը այսպէս կը խօսի «կապ» գոյականի մասին. «Ինչ մի զուգիչ, զօդիչ, պնդիչ իրի ընդ իրի, իրօք կամ նմանութեամբ. որպէս պարան, լար, շղթայ. աղխ. շաղկապ. յօդ. եւ Սէր. Երդումն. եւ Արգելք ազատութեան. Կապումն»։ Բառս ամրապէս կապուած է հնագոյն ժամանակներուն։ Ստուգաբանական բառարանները կը մատնանշեն բնիկ հնդեւրոպական «կապէ կամ «կափ» արմատները, որոնք կը նշանակեն «բռնել, վերցնել»։
Մեր հնագոյն մատենագրութեան մէջ երեւելի են բազմաթիւ «կապ»եր, ինչպէս՝ «Լո՛յծ զկապ պարանոցի քոյ», «Իբրեւ որթք արձակեալք ՛ի կապոյ», «Զամենայն ուխտ եւ զամենայն երդումն կապոյ»։ Դաւիթ Անյաղթ իմաստասէրը, որ սերտ կապեր ունէր Բիւզանդիոնի եւ նոր-պղատոնականութեան հետ, մեզի տուաւ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Տաժանաբար լուծանէի զյոգնաթախանձ կապ կենցաղոյս»։ Ագաթանգեղոսը երբ կը յիշէր մեր հին զոհարաններու շքեղութիւնն ու ազնուութիւնը, բացատրեց, թէ անոնք ունէին արծաթեղէն եւ ոսկեղէն սպասներ, նշանակապ եւ պալարակապ մետաքսեղէններ։ 11-րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին էր, որ անքակտելի կապեր կնքեց այդ համեստ միավանկի ու իր միտքերու միջեւ։ «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի մէջ բարձրացող հառաչանքները Սուրբի անտեսանելի կապն էին Վերինի հետ։ Նարեկացիին կը պարտինք քնարական բազմաթիւ արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Մի խզեր զկապ միութեան», «Բոց գեհենին ինձ բորբոքեցաւ, ծառայութեանն լուծ սաստկացաւ, ստրկութեանն կապ զօրացաւ», «Հալին մեղք, հալածին դեւք, ջնջին յանցանք, խզին կապանք»։ Նարեկացին ունի նաեւ պատկերալից բառակապակցութիւններ- կապ՝ մեղքերու, մահուան, կանոնի... Մէկ այլ սուրբ, Ներսէս Շնորհալին մեզի բացատրեց, թէ ո՛վ կրնար մահուան չար կապը լուծել. «Ադամայն կապ մահու լուծեալ ձայնիւ Հզօրին / Կոչողին հրաման լուծանէր զնա ի կապից»։ Յովհաննէս Երզնկացի տաղասացը հարց տուաւ. «Խելոքին հարցուկս եղան, թէ զպատճառն ո՞վ իսկի գիտէ, / Աստուած է՞ր հոգի ստեղծել եւ ի հողոյ ի մարմին կապել է»։ Միջնադարեան մէկ այլ տաղասաց, Անդրէաս Արծկեցին, որ Վանայ ծովու վրայ, Նարեկայ վանքի դիմացի ափի վրայ կ՚ապրէր, աշխարհիկ տրամադրութեամբ նկարագրեց գարնան եւ ուրախ կեանքի կապը. «Ահա եղեւ այլւի գարուն, / Վերացաւ փութով սաստիկ ձուն... / Երեւելով փոքրիկ հաւին / Եկեալ նստաւ յոստս ծառին, / Արձակեցաւ կապ լեզուոյ, / Յորժամ ետես զկոկոն վարդին»։
«Կապ» բառը, հակառակ անոր, որ կաշկանդումի իմաստ մըն ալ ունի, իր հետ հիւսուած դարձուածքներու շնորհիւ մեր միտքերը պերճօրէն արտայայտելու ազատութիւն մը տուաւ մեզի։ Մէկ հատը, որ ունի «ամուսնացնել» իմաստը, գեղեցկագոյն գործածութիւնը գտաւ Ռուբէն Սեւակի տողերու մէջ. «Հոն սիրուն նշանած կայ, տանիմ գլուխը կապեմ, թոռնիկներու մեծ-հայր ըլլամ»։ Յիշենք, թէ բանաստեղծ բժիշկը ինքը ի՛ր գլուխը կապած էր նախ հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարի, ապա 1910 թուականին, Լոզանի օրիորդաց վարժարանի սան, գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամին հետ։ Այսօր մեր լեզուն «կապ»ով կրնայ նկարագրել երկրի եւ անոր բնակիչներու կեանքը։ Յիշենք քանի մը դրուագ. խզուած կապ անբարեացակամ երկիրներու հետ, սերտ կապեր՝ այլ երկիրներու հետ, մենք շիներ ենք թաղակապ տանիքներ, կամարակապ սիւնաշարեր եւ կամուրջներ, ստեղծեր ենք ամուսնական կապեր եւ սիրոյ ջերմ կապեր։ Առաւելաբար, կը վայելենք յաւերժօրէն սառ կապած գագաթի մը պատկերը։ Մեր բառով կը կապուին ծրարը, թոշակը եւ պսակը։ Դժբախտաբար ունեցեր ենք նաեւ ցաւող յօդակապեր, շղթայակապ իշխաններ, մեր ծրագիրները խոչընդոտող ոտնակապեր, անկապ խօսքեր, բերանակապ պատանդներ եւ կապը կտրած օրիորդիկներ։ Հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ ամենէն զօրաւոր կապը հաստատուեր է 1964 թուականին Երեւանի մէջ, երբ գործել սկսեր է «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ», նախապէս՝ «Արտասահմանեան երկրների հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապի հայկական ընկերութիւն»։
Նախադասութիւններ կապելու համար գործածեցինք շաղկապերու հոյակապ հոյլ մը.- եւ, ու, բայց, սակայն, իսկ, այլ, կամ, նաեւ, այլեւ, ապա, այսինքն։ Ապա բառը անցաւ բանաստեղծներու ձեռքին։ Դանիէլ Վարուժանը «Ճանապարհ Խաչի» քերթուածի մէջ դիմեց Քրիստոսին. «Ապտակուա՛ծ Յիսուս, / Դուն որ ունեցար ձեռքեր կալ ու կապ… / Գթա՛ ձեռքերուս», իսկ Պարոյր Սեւակը ընդվզեցաւ իր սիրածին. «Ինչպէս կոչել՝ չգիտեմ, բայց սա ինչ-որ մի կապ չի՝ / Այս քո աշունը շռայլ ու ջերմութիւնն իմ գարնան»։ Նոյն բանաստեղծ էր, որ նկատեց, թէ բառերը կրնան բոլորովին անհաղորդ ըլլալ իրարու հետ ու սա՝ վերջակէտն է խօսքի ու սիրոյ. «Եւ ա՛յն հասկացայ, / Որ դրամի պէս / Մաշուել են արդէն բառերը բոլոր. / Հասկացայ նաեւ, / Որ մինչեւ անգամ լաւ է աւելի / Բառերն իրար հետ կապ իսկ չունենան»։ Դուք կ՚ուզէ՞ք լսել մեր գրականութեան ամենէն կրքոտ «կապ»ը։ Այսօր հրաժեշտ տանք Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ու գրական հերոս Մարիամ իշխանուհիի խօսքերով, ուղղուած՝ Յովհաննէս վանահօր. «Մի՛ խօսիր այդպէս, մեր սրտերուն այդ կապը, մեր այդ ամբողջ սէրը եղեր է սուրբ, ջերմ ու ազնիւ, ինչպէս ջերմեռանդ աղօթքի մը մրմունջը, ինչպէս ընտիր կնդրուկի բոյրը, որ դէպի երկինք կը մխայ»։
Դուք, յարգելի ընթերցող, յաւերժապէս կապուած մնացէք մեր բառերուն, գիր ու գրականութեան։ Մեր համեստ միավանկը, կապը հաստատեց, թէ, այդ կապի մէջ է շքեղն ու ազնիւը։