Եթէ քրիստոնէութիւնը բազմաթիւ ժողովուրդներու միասնական կրօնն է, այդ միասնականութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ երեւոյթներու, որոնք կամ ի ծագումէ հայկական են կամ ալ տարիներու ընթացքին ունեցած են հայկական եռանգ։ Այդ տեսակի տօներուն մէջ խիստ յատկանշական է Վարդանանցը, որ ուղղակիօրէն առնչուած է Բարեկենդանի եւ Մեծ Պահքի խորհուրդին հետ։ Չէ որ Բարեկենդանը վերջակէտն է կենարար կեանքի, որմէ ետք սկիզբ պիտի առնէ ապաշխարութեան խորհրդանշան պահքի օրերը։ Այդ տրամադրութիւնը ինչպէս բազում համայնքներէ ներս, մեր ժողովուրդին մօտ ալ հետզհետէ աւելի նուազ եռանդով կը յիշուի իր հաւատքի երեսակով, բայց անդին կայ ու կը մնայ տօնի ազգային դիմագիծը։ Ժամանակի հոլովոյթով հայերս կրցած ենք պահել հին աւանդութիւնը եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակենք անցեալի ոգեւորութեամբ յիշել ու տօնել այդ կարեւոր օրը։
Յատկապէս Բարեկենդանը անցեալին շատ աւելի մեծ շուքով կը յիշուէր քաղաքի փողոցներուն վրայ։ Այդ ոգեւորութիւնը կ՚երեւի թէ խոտոր թուեցաւ ոմանց համար, որոնք 1940-ական տարեթիւերուն արգիլեցին այդ տօնակատարութիւնը։ Իսկ վերջերս նոր ջանք մը կը նկատուի երբեմնի Բարեկենդանը վերականգնելու համար։
Այս տարի այդ ջանքը խրախուսողը Շիշլիի քաղաքապետարանն է, որ կը պատրաստուի անցեալի փառքերով Բարեկենդան տօնելու։ Հայ Առաքելական եկեղեցին այս ուրախ տօնը իր պատշաճութեամբ ապրեցաւ նախորդ շաբաթավերջին։ 2020-ի Բարեկենդանի համար հիմք հանդիսացած է Յունաց տոմարը եւ Քաղաքապետարանն ալ մտադիր է այս նշանակելի օրը վերապրեցնել յունական սովորութեամբ՝ «Փակլախորանի»ով։ Ահաւասիկ բառ մը, որուն ստուգաբանութիւնը հետզհետէ առեղծուածային դարձած է հարեւան ժողովուրդներու միջեւ։ Հայերս բառի ստուգաբանութիւնը կը տանինք «Փակեալ Խորան»ի, սակայն որքանով ճիշդ է այդ մեկնաբանութիւնը դժուար է յստակացնել։ Ուրեմն կը մնայ ուրախութիւնն ու խրախճանքը, խինդ ու ծիծաղը։ Այս բոլորով հանդերձ Շիշլիի քաղաքապետարանի կանխատեսածը իր մէջ ունի նաեւ մշակութային բովանդակութիւն, քանի որ ծրագրուած է զանազան ելոյթներ կամ բանախօսութիւններ աւանդութեան անցեալը եւս վերյիշելու նպատակաւ։
Այդ օրուայ համար Քաղաքապետարանին կ՚աջակցի Յունաց թաթաւլայի նախկին վարժարանը, որուն կամարներուն տակ պիտի կայանայ 2020-ի «Փակլախորանի»ն։