Կեդրոնական սեղան 17 անդամներով

«Ակօս»ի նա­­խորդ թի­­ւով անդրա­­դար­­ձած էինք Պատ­­րիար­­քա­­­րանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ ծրագ­­րո­­­ւած նոր մար­­մի­­­նի մը ձե­­ւաւոր­­ման նիւ­­թին։ 18 Փետ­­րուար երեք­­շաբթի երե­­կոյեան Պատ­­րիար­­քա­­­րանի մէջ Սա­­հակ Բ. պատ­­րիար­­քի նա­­խագա­­հու­­թեամբ կա­­յացաւ տե­­ղեկա­­տուա­­կան հան­­դի­­­պում մը, այս նոր նա­­խաձեռ­­նութեան ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը ծա­­նօթաց­­նե­­­լու նպա­­տակով։

Եկե­­ղեցի­­ներու թա­­ղական խոր­­հուրդնե­­րու ատե­­նապե­­տերու մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­յացող ժո­­ղովին ներ­­կայ գտնո­­ւեցան նաեւ Կրօ­­նական ժո­­ղովի ատե­­նապե­­տը եւ այլ հո­­գեւո­­րական­­ներ։

Այսպէս քա­­ղաքիս դպրոց ու­­նե­­­ցող 13 հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թեան վրայ աւել­­ցաւ նաեւ Ս. Փրկիչ Հի­­ւան­­դա­­­նոցի հո­­գաբար­­ձութիւ­­նը, Պէյ­­քո­­­զի, Կէ­­տիկ­­փա­­­շայի եւ Գը­­նալը Կղզիի թա­­ղակա­­նու­­թիւննե­­րը եւ 17 ան­­դամնե­­րով կազ­­մո­­­ւած եղաւ Կեդ­­րո­­­նական սե­­ղանը։

ՎԱ­­ՏԻՓ հար­­թա­­­կի լու­­ծարկու­­մէն ետք այս նոր փորձ մըն է հա­­մայնքա­­յին խնդիր­­նե­­­րը խորհրդակ­­ցութեան եւ հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան պայ­­մաննե­­րու մէջ լու­­ծումի բե­­րելու հա­­մար։ Այս մա­­սին պա­­հան­­ջը եր­­կար տա­­րիներ առաջ օրա­­կար­­գի բե­­րողը եղած էր թեր­­թիս հիմ­­նա­­­դիր Հրանդ Տինք։ Այդ շրջա­­նին Տինք առա­­ջար­­կած էր հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու եկա­­մու­­տը հա­­ւաքել միացեալ ցան­­ցի մը մէջ (ortak havuz), ուրկէ բո­­լոր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը պի­­տի օգ­­տո­­­ւէին իրենց կա­­րիք­­նե­­­րուն հա­­մապա­­տաս­­խան ձե­­ւով։ Սա­­կայն ամէն մէ­­կը ինքնին իշ­­խա­­­նու­­թեան մը վե­­րածո­­ւած հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը խստիւ մեր­­ժե­­­ցին այս կամ­­քը։ Ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րու տակ առաջ­­նա­­­հերթ խնդիր մըն է հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու վար­­չութիւննե­­րու ընտրու­­թեան նիւ­­թը։ Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւնը պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թեան ըն­­դա­­­ռաջ խոս­­տա­­­ցած էր այս հար­­ցին ալ շու­­տա­­­փոյթ լու­­ծումը։ Իսկ հա­­սարա­­կու­­թեան մօտ ըն­­կե­­­րային խնդիր­­նե­­­րու նկատ­­մամբ հե­­տաքրքրու­­թիւնը ար­­դեօք պի­­տի կրնա՞յ կա­­յանա­­լիք այդ նոր ընտրու­­թիւննե­­րու մի­­ջոցաւ սերնդա­­փոխու­­թիւն մը, աւե­­լի կա­­րեւո­­րը գա­­ղափա­­րի փո­­փոխու­­թիւն մը ապա­­հովել, թէ ոչ։

Մրցակ­­ցութե­­նէ հե­­ռու կա­­յացող ընտրու­­թիւննե­­րը, որ­­քան ալ պահ­­պա­­­նողա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րու կող­­մէ ներ­­կա­­­յացո­­ւին «հա­­մերաշ­­խութիւն» իրա­­կանու­­թեան մէջ ըն­­կե­­­րային նե­­խածու­­թեան մը ապա­­ցոյցն են եւ ոչ աւե­­լին։

Իս­­կա­­­պէս ծանր օրա­­կարգ մը կայ նո­­րըն­­տիր պատ­­րիար­­քին առ­­ջեւ։ Հա­­զիւ որոշ կեն­­սունա­­կու­­թիւն ապա­­հովե­­լով է, որ պի­­տի կրնայ գո­­յաց­­նել իրեն զօ­­րակ­­ցող հա­­սարա­­կու­­թիւն մը, թէ ոչ հին շար­­քե­­­րը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կեն իրենց եսա­­կեդ­­րոն վար­­քը, որ եր­­բեք ճար չի դառ­­նար հա­­սարա­­կական խնդիրներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ