«Ակօս»ի հիմնադիր եւ հրատարակութեան տնօրէն Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ։ Դատավարութեան այս փուլին կը լսուին զանազան վկայութիւններ։ Ինչպէս ծանօթ է Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդրի հետ առնչուած բոլոր մեղադրեալները եւ ականատեսները պետական պաշտօնեաներ են, որոնք դէպքի պահուն կը զբաղեցնէին զանազան պաշտօններ։ 18 Փետրուարի նիստին յատկապէս քննարկուեցաւ 2004-ին Եասին Հայալի ձեռամբ գործադրուած Տրապիզոնի «Մեք Տանըլտս» ճաշարանի դէմ յարձակումի մանրամասնութիւնները։ Այս ծիրէն ներս այդ թուականին Տրապիզոնի ոստիկանութեան Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժնի փոխ տնօրէն Ատեմ Սաղլամի լսումները։ Անոր վկայութեամբ Էրհան Թունճէլ, յարձակումի առնչութեամբ դատուելէ ետք քանի մը անգամներ այցելած է իրենց բաժինը ու բարեւած են իրար։ Այդ պահուն Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու հարցուց թէ Եասին Հայալ ի՞նչ նիւթով նամակ գրած է իրեն։ Փոխ տնօրէնը յայտնեց թէ Եասին Հայալի հետ որեւէ յարաբերութիւն չէ ունեցած եւ խնդրոյ առարկայ նամակին համար ալ օրինական բողոք ներկայացուցած է։
Ատեմ Սաղլամ իրաւապաշտպան Պաքըրճըօղլուի յաջորդ հարցումներուն ալ պատասխանեց «Չեմ յիշեր» ըսելով։ Ապա վկայութիւններ բերաւ այս անգամ Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Ահաբեկչութեան հետ պայքարի բաժնի պետ Ահմետ Սելիմ Աքեըլտըզ։ Ան եւս մանրամասնութիւններ փոխանցեց ոճիրէն վերջ Արդարադատութեան նախարար Ճեմիլ Չիչեքի, Ներքին գործոց նախարար Ապտիւլքատիր Աքսուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ միասին կատարած քննարկումներուն մասին։
Դատական նիստին երկրորդ օրը քննարկուած նիւթերէն մէկն էր ոճրագործի ձերբակալութենէն ետք տեղի ունեցած նկարահանութեան գայթակղութիւնը։ Այս նիւթի շուրջ ալ վկայութիւններ բերաւ, այդ շրջանի Ոստիկան զօրաց հրամանատար Սերտար Եիւճել։ Եիւճել խոստովանեցաւ թէ նկարահանման մասին իրեն հրաման տրուած է նոյն ինքն Ոստիկան զօրաց ընդհանուր հրամանատարութեան կողմէ։ «Սակայն իմ ակնարկածս ոչ թէ այս տեսակի նկարահանում մըն էր, այլ պաշտօնական գործողութիւն մը» ըսաւ Սերտար Եիւճել։
Դատավարութիւնը կը շարունակուի թերթիս տպարան գացած եւ յաջորդող օրը։