Գրականութիւնը թատրոնի բեմէն

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

 

«Մեր չունեցա­­ծը իրար­­մով գտնենք»։ Այս խո­­րագի­­րով բե­­մադ­­րո­­­ւեցաւ պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան հա­­մար նո­­րայայտ վա­­ղամե­­ռիկ բա­­նաս­­տեղծի՝ Հե­­րանոյշ Ար­­շա­­­կեանի գրա­­կանու­­թիւնը իր ոտա­­նաւոր­­նե­­­րու եւ նա­­մակ­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ։ Ար­­շա­­­կեանի յայտնու­­թիւնը կը պար­­տինք բա­­նասէր Սե­­ւան Տէ­­յիր­­մէնճեանի։ Առա­­ջին ան­­գամ ինք էր, որ տե­­ղեկա­­նալով «Ոմանք» երաժշտա­­կան խումբի «Բա­­նալիք» ալ­­պո­­­մի ծրագ­­րին առա­­ջար­­կած էր Հե­­րանոյշ Ար­­շա­­­կեանի գոր­­ծե­­­րը։ Յի­­շենք թէ «Բա­­նալիք»ի մէջ տեղ կը գտնէ հայ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան օրի­­նակ­­նե­­­րու վրայ յօ­­րինումներ։

Այս ան­­գամ «Ոմանք»ի մե­­նակա­­տար Լա­­րա Նա­­րին էր, որ Ար­­շա­­­կեանի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը վե­­րածեց թատ­­րերգու­­թեան մը, որ Եղիա Աք­­կիւնի բե­­մադ­­րութեամբ ներ­­կա­­­յացաւ հան­­դի­­­սատե­­սին։ Բե­­մին վրայ Եղիա Աք­­կիւնի, Լա­­րա Նա­­րինի կող­­քին պաշ­­տօն ստանձնե­­ցին Մա­­րալ Չիզ­­մե­­­ճիեան, Ժագ­­լին Չա­­թալ եւ Թա­­րա Տէ­­միր­­ճիօղ­­լու։

Թա­­րա Տե­­միր­­ճիօղ­­լու նաեւ ստանձնած էր լոյ­­սի ծրագ­­րա­­­ւորու­­մը։ Իսկ բե­­մի ետին կը գոր­­ծէին թատ­­րո­­­նի երի­­տասարդ նո­ւիրեալ­­ներ Անդրա­­նիկ Պա­­քըր­­ճըօղ­­լու, Տի­­յանա Չի­­լին­­կա­­­րեան, Մա­­նէ Քո­­փար, Մի­­րել­­լա Կիւ­­լեր Շու­­քուրով եւ Սե­­ւատա Խա­­չիկ Տե­­միր­­ճի։

«Յան­­կարծ» անու­­նին տակ մէկ­­տե­­­ղուած եւ բո­­լոր յա­­ւակ­­նութիւննե­­րէ ձեր­­բա­­­զատո­­ւած այս կազ­­մը ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն յա­­ջող թա­­տերա­­կան ներ­­կա­­­յացում մը մա­­տու­­ցեց այդ օր «Պո­­մոն­­թի Ատա» կո­­չեալ դահ­­լի­­­ճը այ­­ցե­­­լող հե­­տաքրքիր զան­­գո­­­ւածին։ Մէ­­կէ աւե­­լի յատ­­կութիւններ կան, որոնց մա­­սին պի­­տի ու­­զենք անդրա­­դառ­­նալ։ Վե­­րեւ հա­­կիրճ ձե­­ւով ներ­­կա­­­յացուած անձնա­­կազ­­մը նախ նշենք, որ իր ուղղու­­թիւնը ճշ­­դած է բե­­մի, բե­­մական ար­­հեստնե­­րու շրջա­­նակով։ Անոնք նո­ւիրու­­մով կա­­պուած են թատ­­րո­­­նին եւ կար­­ծես թէ այդ ճամ­­բու վրայ ալ կ՚ըն­­դա­­­նայ բո­­լորո­­վին գի­­տակից քայ­­լե­­­րով։ Կա­­տարո­­ւած գոր­­ծի յա­­ջողու­­թեան թե­­րեւս ալ ամե­­նաէական բա­­ցատ­­րութիւնն է այս։ Սի­­րել, նո­­ւիրո­­ւիլ եւ ապա այդ ուղղու­­թեամբ աշ­­խա­­­տիլ։ Այս ինքնին ար­­դէն իսկ յա­­ջողու­­թիւն խոս­­տա­­­ցող պատ­­րաստու­­թիւն է։ Ըրած գոր­­ծին հան­­դէպ սէր, ըրած գոր­­ծին հան­­դէպ նո­­ւիրում, կար­­ծես ապա­­ցոյ­­ցը կ՚ըլ­­լայ ակնկա­­լուած յա­­ջողու­­թեան եւ այդ յա­­ջողու­­թիւնը կա­­յացաւ, քա­­նի որ հան­­դի­­­սատես­­ներ վա­­յելե­­ցին հա­­յերէ­­նով բե­­մադ­­րութեան մը ներ­­կայ ըլ­­լա­­­լու եր­­ջանկու­­թիւնը։ Լե­­զուն ու­­նի իր երաժշտու­­թիւնը եւ դե­­րասան­­նե­­­րը մեծ յա­­ջողու­­թեամբ մա­­տու­­ցե­­­ցին այդ զգա­­ցու­­մը։ Ան­­գամ մը եւս ներշնչո­­ւեցանք մեր ակնկա­­լու­­թիւննե­­րը բարձր պա­­հելու պատ­­ճառ մը գտած ըլ­­լա­­­լու եր­­ջանկու­­թեամբ։ Բան մը, որուն բա­­ցակա­­յու­­թե­­­նէն կը տա­­ռապինք շատ ան­­գամ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ