ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԲԵՐԱՆ

Քաղցրախօս բառ


Գազանի երախ էր ան, թռչու­­նի կտուց, ան­­դունդի կլափ, հրա­­բու­­խի խառ­­նա­­­րան, սու­­րի սայր, դա­­նակի շեղբ, հնա­­խօս սե­­րունդի հա­­մար՝ խօ­­սարան, պա­­տաս­­խա­­­նարան, փա­­ռաբա­­նարան, իսկ հա­­յոց բար­­բառնե­­րու մէջ՝ լղտուն, լոխ եւ ռեխ։ Չմոռ­­նանք նաեւ անոր պատ­­կե­­­րաւոր հո­­մանի­­շերը. բա­­ցուածք, պատ­­ռո­­­ւածք եւ ճեղ­­քո­­­ւածք։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձեզ կը հրա­­ւիրեմ «բե­­րան» բա­­ռի քաղցրա­­ծորան զրոյ­­ցին ականջ տալ, ընդ որում մնալ ափ ի բե­­րան, զար­­մա­­­նալով անոր հարստու­­թեան։

Առա­­ջին ան­­գամ ե՞րբ բա­­ցուե­­ցաւ հա­­յու բե­­րանը։ Հինգ հա­­զար տա­­րի առա՞ջ, կամ աւե­­լի՞։ Չենք գի­­տեր։ Բայց ձեզ կը վստա­­հեց­­նեմ, թէ սկսե­­լով Ոս­­կե­­­դարէն, հա­­յու այդ օծեալ խո­­ռոչէն շռայ­­լօ­­­րէն ծո­­րեցան հեշ­­տա­­­լուր ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ եւ իմաս­­տութեան խօս­­քեր։ Հե­­տեւեալը, «բե­­րան» բա­­ռի, նախ բեր­­նէ բե­­րան աւան­­դո­­­ւած, ապա մա­­գաղա­­թի վրայ մե­­լան դար­­ձած մար­­գա­­­րիտ­­նե­­­րու շտե­­մարանն է։

Աս­­տո­­­ւածա­­շունչը, հա­­յոց գրա­­ւոր լե­­զուի նա­­խաբե­­րանը, ու­­նի 180-է աւե­­լի «բե­­րան», նե­­րառեալ՝ բե­­րանա­­բաց, բե­­րանա­­լիր եւ բե­­րանա­­կապ։ Աւե­­լի վի­­պական են բա­­ռակա­­պակ­­ցութիւննե­­րը, ինչպէս՝ բե­­րան իմաս­­տունի, խո­­նար­­հի, ար­­դա­­­րի, աղախ­­նի, սու­­րի, առիւ­­ծի, անհնա­­րին գա­­զան­­նե­­­րու, դժբախ­­տա­­­բար նաեւ՝ անի­­րաւի, օտա­­րի եւ ամ­­բա­­­րիշ­­տի։ Այդ օրե­­րուն շու­­շան բե­­րան դպիր­­ներ Սուրբ պա­­տարա­­գի եր­­գե­­­ցողու­­թիւնը աւար­­տե­­­ցին այսպէս. «Օրհնե­­ցից զՏէր յա­­մենայն ժամ, յա­­մենայն ժամ օրհնու­­թիւն Նո­­րա ի բե­­րան իմ»։ Մեր մա­­տենագ­­րութիւ­­նը լիաբե­­րան է զա­­նազան ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով. «Բե­­րան չար խրատ­­տուացն», «Բա­­զում սաղ­­մոսս ի բե­­րան», Եղի­­շէ պատ­­միչ, «Բե­­րան Տեառն», Ագա­­թան­­գե­­­ղոս, «Բե­­րան երկրա­­ծին», «Բե­­րան մե­­ղաւո­­րի», Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցի, «Բե­­րան քո բա­­րի», Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լի։

Դա­­սական հա­­յերէ­­նի զրու­­ցո­­­ղը Ե. դա­­րուն իր բեր­­նին մէջ ու­­նէր բազ­­մա­­­թիւ դար­­ձո­­­ւածքներ, ինչպէս՝ «Ի բե­­րան գի­­տել, առ­­նուլ» ան­­գիր ըսել կամ ար­­տա­­­սանել, «Բե­­րան ժո­­ղովոյն» ժո­­ղովի խօս­­նակ, «Գոյժ ի բե­­րան առ­­նուլ» գոյժ տալ, «Երգս ի բե­­րան առ­­նուլ» եր­­գել, «Ընդ մի բե­­րան» միաձայ­­նութեամբ, «Ընդ բե­­րան ածել» անընդհատ կրկնել։ Գրա­­բար հա­­յերէ­­նը ու­­նէր նաեւ բազ­­մա­­­բերան փո­­խաբե­­րու­­թիւններ- «Բե­­րան գե­­տոյ», «Բե­­րանք ճրա­­գաց», «Բե­­րան սրոյ», «Ի բե­­րան սո­­վուն» եւ «Գրել ինչ ի բե­­րանոյ ու­­րուք» այ­­սինքն ար­­ձա­­­նագ­­րութիւններ կա­­տարել ու­­րի­­­շի թե­­լադ­­րութեամբ։ Հա­­յը, ան­­շուշտ որ գի­­տէր իր բեր­­նին հա­­մը ու զար­­գա­­­ցուց այդ դար­­ձո­­­ւածքնե­­րը։ Այժմ ու­­նինք եօթա­­նասու­­նէ աւե­­լի. «Բե­­րան չէ տա­­ճար է», «Բե­­րան ծռել», «Բե­­րանը բաց մնալ», «Բե­­րանը լե­­զու դնել», «Բեր­­նին եկա­­ծը ըսել», «Բե­­րանը ու­­րի­­­շին ծա­­խել»...։ Երբ գաղտնա­­պահու­­թիւնն էր նիւ­­թը, մեր մայ­­րե­­­նին մար­­դոց բաժ­­նեց եր­­կու խումբի, «Բե­­րանը պինդ» եւ «Բե­­րանը թոյլ»։ Խօ­­սելու ոճի եւ մտքի հա­­մար եր­­կու տե­­սակ եւս. «Բեր­­նէն կրակ թա­­փող» կամ՝ «Բեր­­նէն մար­­գա­­­րիտ թա­­փող»։ Իսկ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձեր բեր­­նին մէջ մազ ելաւ, չէ՞, երբ նոյն բա­­նը յա­­ճախա­­կի բազ­­միցս ըսիք ու յոգ­­նե­­­ցաք։ Եւ ան­­շուշտ ոեւէ մէ­­կը չ՚ու­­զէր, որ, ին­­քը կամ ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րէն մէ­­կը «Բե­­րանի ծա­­մոց դառ­­նայ»։ Դուք նաեւ գի­­տէ՞ք, թէ ին­­չո՛ւ մեր ազ­­գա­­­յին, շի­­նարա­­րական գոր­­ծե­­­րը եր­­բեմն կը կա­­ղան։ Որով­­հե­­­տեւ, յա­­ճախ կ՚ու­­նե­­­նանք «Մի կա­­ռու­­ցող՝ հա­­զար բե­­րան»։

Միջ­­նա­­­դարուն անուշցաւ հայ­­կա­­­կան բե­­րանը, սրբա­­բերան տա­­ղասաց­­ներ շա­­քար ու մեղ­­րով գո­­վեր­­գե­­­ցին զայն։ Նախ եկաւ Յով­­հաննէս Թլկու­­րանցին, 1400-ական­­նե­­­րուն, նկա­­րագ­­րեց իր սի­­րածը. «Ու­­րակ ճա­­կատ ու ճոխ բե­­րան» ապա եր­­գեց, «Աղէկ պատ­­կեր բո­­լոր / եւ գե­­ղեցիկ ես, / Բե­­րանդ շաք­­րով իլի / թու­­թակ լե­­զու ես»։ 1500-նե­­րուն Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը ըսաւ, թէ իր լու­­սե­­­րես եարը ու­­նի «շու­­շան բե­­րան» եւ «Իր օնքն էր ղա­­լամով քա­­շած, եւ իր բե­­րանն շա­­քարով ի լի»։ 1600-ական­­նե­­­րուն Պաղ­­տա­­­սար դպի­­րը, Պոլ­­սոյ մէջ, Մար­­մա­­­րա ծո­­վու ափին նստած, դի­­տելով Պոս­­ֆո­­­րի բե­­րանը, զմայ­­լե­­­ցաւ թէ՛ գար­­նան տե­­սարա­­նին եւ թէ՝ իր եարին. «Գա­­րուն եղաւ, պար­­տէ­­­զի մէջ / Բնա­­կուե­­ցաւ վար­­դա­­­բերա­­նը, / Սի­­րաբար դար­­ձաւ վար­­դա­­­բերա­­նը»։ Իսկ նոյն օրե­­րուն, կին տա­­ղասաց մը դժբախտ, ափ ի բե­­րան մնաց երբ լսեց, թէ իր եարը որո­­շեր է աբե­­ղայ դառ­­նալ. «Նա ո՞նց եղաւ հա­­բեղայ։ / Բեր­­նիկն էր շա­­քար սո­­վոր, / աճապ ո՞նց կե­­րաւ նա բակ­­լա­­­յ»։ Իսկ Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը, 1700-ական­­նե­­­րու սկիզբնե­­րուն, Թիֆ­­լի­­­սի մէջ Հե­­րակլ Զ. թա­­գաւո­­րի պա­­լատի պա­­տու­­հա­­­նէն դի­­տելով Կուր գե­­տի շա­­ռաչող բեր­­անը, եր­­գեց այսպէս. «Բե­­րանդ՝ կար­­միր գի­­նի, լե­­զուդ՝ հա­­մեղ նուշ, / Դու մի­­նակ կու խմես ու կ՚անես անոյշ, / Նա­­ղաշն թո­­ղել ես ծա­­րաւ ու բէուշ. / Ես մնա­­ցի կա­­րօտ՝ խմե­­լոյ հա­­մար»։ Վեր­­ջա­­­պէս եկաւ Մի­­քայէլ Նալ­­պանդեանը։ Ան, որ սի­­րահա­­րած էր մէկ այլ գե­­ղեց­­կուհիին՝ Մայր Հա­­յաս­­տա­­­նի ազա­­տու­­թեան գա­­ղափա­­րին. «Ազա­­տու­­թի՜ւն դուրս թռաւ իմ ման­­կա­­­կան բե­­րանից»։

Այ­­սօր կը վա­­յելենք «բե­­րան» գո­­յակա­­նի 50-է աւե­­լի բարդ եւ ածանց տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը։ Ու­­շագրաւ են անոր զու­­գորդու­­թիւննե­­րը թի­­ւերու հետ. միաբե­­րան, եր­­կբե­­րան, երեք­­բե­­­րան, քա­­ռաբե­­րան, եօթ­­նա­­­բերան հա­­զարա­­բերան... Վեր­­ջի­­­նը երե­­ւակա­­յու­­թեան չա­­փազան­­ցութիւն կամ ան­­հա­­­ւանա­­կա՞ն կը նկա­­տէք։ Ականջ տո­­ւէք Ակ­­սել Բա­­կունցին. «Ոռ­­նում է գայ­­լը, ոռ­­նո­­­ցը հա­­զար­­բե­­­րան ար­­ձա­­­գան­­քով զրնգում է Մթնա­­ձորում»։ Մեր մայ­­րե­­­նին նկա­­տեր է նաեւ բե­­րանի լաւ տե­­սակ­­նե­­­րը՝ ազա­­տաբե­­րան, աս­­տուածա­­բերան, ոս­­կե­­­բերան, սրբա­­բերան, ու ան­­ցանկա­­լի տե­­սակ­­նե­­­րը՝ դի­­ւաբե­­րան, զազ­­րա­­­բերան, կի­­սաբե­­րան, շնա­­բերան, գայ­­լա­­­բերան։ Հայ­­կա­­­կան ժա­­մանա­­կակից գրա­­կանու­­թեան մէջ ու­­նինք «Մի խոր ան­­տա­­­ռի բե­­րան», «Դա­­նակի մը պող­­պա­­­տի սուրբե­­րան», «Ամէն բե­­րան նրա գովքն է անում»։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը իմաս­­տա­­­սիրեց. «Աշ­­խարհը յա­­ւիտեան մա­­հուան բե­­րանում, եւ մա­­հը նրան ծա­­մում է, ծա­­մում»։ Պա­­րոյր Սե­­ւակը ըմ­­բոստա­­ցաւ. «Եւ փրփու­­րը բեր­­նիս ես կա­­րող եմ վի­­ճել, / Որ բե­­րան է տրո­­ւած ո՛չ ու­­տե­­­լու, / Այլ խօ­­սելու հա­­մար»։ Իսկ այն օրը, որ Հա­­մօ Սա­­հեանը ծնաւ, մեծ հայ­­րը հպար­­տա­­­ցաւ. «Տէր երկնա­­յի՛ն, / Քո փառ­­քը շատ, իմ աչ­­քը լոյս, / Տանս մի սիւն, / Մի գե­­րան էլ աւե­­լացաւ», մեծ մայ­­րը, նախ խա­­չակնքեց իր երե­­սին, ապա դժգո­­հեցաւ. «Ան­­խիղճ աս­­տո­­­ւած, այս ի՞նչ արիր, / Խեղճ ու կրակ սուփրիս (սե­­ղան) վրայ / Մի աւե­­լորդ գդալ բռնող, / Մի բե­­րան էլ աւե­­լացաւ»։

Օր մը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, պա­­տահե­­ցաւ ամե­­նէն վա­­տը։ Հայ բա­­նաս­­տեղծը, որ միշտ բա­­րի ու ազ­­նիւ խօս­­քի հա­­մար բե­­րան բա­­ցեր էր, որուն բե­­րանը բե­­րան չէր այլ՝ տա­­ճար, եւ որ իր բե­­րանը եր­­բեք չէր պղծած անէծ­­քով, չդի­­մացան չա­­րին ու բե­­րանէն բող ու կրակ թա­­փեց ջար­­դա­­­րար այն վոհ­­մակնե­­րուն, որոնք աւար­­նե­­­րով ու աւեր­­նե­­­րով մեր եր­­կի­­­րը դար­­ձուցեր էին սու­­գի մշտա­­կան հո­­վիտի մը։ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանն էր ան, որ 1918ին գրեց. «Բե­­րանն ար­­նոտ Մար­­դա­­­կերը էն ան­­բան / Հա­­զար դա­­րում հա­­զիւ դա­­ռաւ Մար­­դասպան. / Ձեռ­­քերն ար­­նոտ գնում է նա դեռ կամ­­կար, / Ու հե­­ռու է մին­­չեւ Մար­­դը իր ճամ­­փան»։

Բայց, հա­­զար բե­­րան փառք Հա­­մօ Սա­­հեանի գրի­­չին, բա­­ռը կրկին սրբա­­ցաւ ու դար­­ձաւ քաղցրա­­բերան. «Մեր լե­­զուն մեր խիղճն է դա, / Սուրբ հա­­ցը մեր սե­­ղանի, / Մեր հո­­գու կանչն է ար­­դար / Ու հա­­մը մեր բե­­րանի»։ Հա­­զար բե­­րան փառք մեր «բե­­րան» բա­­ռին։