18 Փետրուարին նոր էջ մը եւս կը բացուի պոլսահայ ընկերային կեանքի մէջ

Պատրիարք Սահակ Բ. սրբազան ընտրութեան նա­խոր­դող օրե­րուն «Ակօս» թեր­թին հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թացքին խոս­տա­ցած էր պատ­րիարք ընտրո­ւելէ ետք դպրոց ու­նե­ցող հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րուն հետ հա­մագոր­ծակցու­թեան եւ որո­շում կա­յաց­նե­լու կա­րող մար­մին մը հիմ­նե­լու մա­սին իր ծրա­գիրը։

Գա­հակա­լու­թե­նէն ամիս մը ետք կը տես­նենք թէ նո­րըն­տիր պատ­րիար­քը իր այս խոս­տումը կեան­քի կո­չելու հա­մար կը ձեռ­նարկէ կարգ մը քայ­լե­րու։ Այսպէս ան բո­լոր թա­ղական մար­միննե­րու վա­րիչ­նե­րը խորհրդակ­ցա­կան ժո­ղովի մը հրա­ւիրած է, որ պի­տի կա­յանայ 18 Փետ­րո­ւար ժա­մը 17-ին Պատ­րիար­քա­րանի մէջ։ Ժո­ղովի ըն­թացքին պի­տի քննար­կո­ւի կեդ­րո­նական սե­ղան մը հաս­տա­տելու մա­սին միտ­քե­րը եւ այս ուղղու­թեամբ կար­ծի­քի փո­խանա­կումներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան։ Նախ­քան այս 10 Փետ­րո­ւար եր­կուշաբ­թի ցե­րեկո­ւայ ժա­մերուն եւս խորհրդակ­ցութիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պատ­րիար­քա­րանի մէջ մաս­նակցու­թեամբ «Մար­մա­րա», «Ժա­մանակ», «Ակօս», «Փա­րոս» եւ «Լոյս» պար­բե­րական­նե­րու խմբագ­րա­պետե­րուն։ Այս ժո­ղովին պատ­րիար­քը դար­ձեալ օրա­կար­գի բե­րաւ իր միտ­քը։ Սոյն ժո­ղովին մաս­նակցե­ցաւ նաեւ Կրօ­նական Ժո­ղովի Ատե­նապետ Թա­թուլ Ծ. Վարդ. Անու­շեան եւ Պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ Գրի­գոր Աւագ Քհնյ. Տա­մատեան։ Այս հան­դիպման ըն­թացքին պատ­րիար­քը նշեց որ բո­լոր հաս­տա­տու­թիւննե­րը առան­ձին առան­ձին խնդիր­ներ ու­նին, բայց մենք ստի­պուած են ամ­բողջա­կան պատ­կե­րին վրայ կեդ­րո­նանալ։ Պատ­րիար­քի հա­մաձայն խնդիր­նե­րու լու­ծումին հա­մար անհրա­ժեշ­տութիւն է ու­նե­նալ կեդ­րո­նական վար­չութիւն մը։ «Դպրոց ու­նե­ցող հիմ­նարկնե­րը եւ հի­ւան­դա­նոցը սե­ղանի մը շուրջ մէկ­տե­ղուին եւ միաս­նա­բար խննե­նօք մեր խնդիր­նե­րը» ըսաւ Սա­հակ պատ­րիարք։

Ան նաեւ յայտնեց թէ այս առու­մով բո­լոր հաս­տա­տու­թիւննե­րուն կոչ ուղղո­ւած է եւ հինգ էջա­նոց լու­սա­բանու­թիւն մը ղրկո­ւած, որ­պէսզի այդ հի­ման վրայ կա­յանան նաեւ կար­ծի­քի փո­խանա­կումնե­րը։

«Սա պատ­մա­կան պահ մըն է, որու աւար­տին կամ կը թե­ւակո­խենք նոր փուլ մը, կամ ալ նա­խորդ շրջան­նե­րու թե­րու­թիւննե­րը կը մնան մեր վզին։ Սկիզբ մըն է, որ կը մեկ­նարկենք պար­զա­պէս» ըսաւ Մա­շալեան սրբա­զան։

Հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ղրկո­ւած հինգ էջա­նի յայ­տա­րարու­թեան մէջ ման­րա­մաս­նութիւններ կան նա­խատե­սուած կար­գադրու­թեան հա­մար։ «Մեր հա­մայնքը 1960-էն այս կողմ զրկո­ւած է կեդ­րո­նական վար­չութե­նէ մը։ Հա­մայնքա­յին կեան­քի բո­լոր փու­լե­րուն կը նկա­տուի հա­ղոր­դակցու­թեան զգա­լի պա­հանջ մը։ Շտա­պօրէն պէտք է ու­նե­նանք մեր եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր եւ ըն­կե­րային խնդիր­նե­րը հա­մակար­գող որո­շումներ կա­յաց­նե­լու կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող ի պա­հան­ջեալ հար­կին հե­ռու կամ կարճ հե­ռան­կա­րով ծրա­գիր­ներ մշա­կելու կա­րող մար­մին մը»։ Նա­մակին մէջ նշո­ւած է նաեւ թէ նա­խատե­սուած մար­մի­նը պի­տի անո­ւանա­կոչո­ւի «Մե­Մա» այ­սինքն թրքե­րէնով կրճա­տում մը կեդ­րո­նական սե­ղանի իմաս­տով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ