«Կեզի»ն արդարութեան յոյսն է

Եւրո­պայի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Ատեանը 10 Դեկ­տեմբե­րին կա­յացու­ցած վճի­ռով պա­հան­ջած էր Օս­ման Քա­ւալա­յի իս­կոյն ազատ ար­ձա­կու­մը։ Այս որո­շու­մով հան­դերձ Թրքա­կան դա­տարա­նը որո­շեց բան­տարկու­թեան մէջ պա­հել Օս­ման Քա­ւալան։

11 Փետ­րո­ւարին յե­տաձ­գո­ւած դա­տական նիս­տի ըն­դա­ռաջ դա­տախա­զու­թիւնը պա­հան­ջեց, որ Օս­ման Քա­ւալա եւ իր հետ Եիղիթ Աք­սա­քօղ­լու ու Մի­ճել­լա Եափը­ճը ցկեանս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տո­ւին։ Դա­տախա­զու­թիւնը նաեւ 15-20 տա­րուայ մի­ջեւ բան­տարկու­թիւն պա­հան­ջեց Չիղ­տեմ Մա­թեր Ռութ­քու, Ալի Հա­քան Ալ­թը­նայ, Մի­նէ Էօզէր­տեն, Շե­րաֆեթ­թին Ճան Աթա­լայ, Թայ­ֆուն Քահ­րա­ման եւ Եիղիթ Ալի Էք­մեքճիի հա­մար։

Դա­տախա­զու­թիւնը այս պա­տիժ­նե­րը կը պա­հան­ջէ մե­ղադ­րեալ­նե­րուն Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան աշ­խա­տան­քին ար­գելք ըլ­լա­լու, զայն վե­րաց­նե­լու եւ ան­գործու­թեան մատ­նե­լու պատ­ճա­ռաբա­նու­թեամբ։

Ար­դէն ար­տա­սահ­ման մեկ­նած եօթը ամ­բաստա­նեալ­նե­րու հա­մար ալ պա­հան­ջո­ւեցաւ, որ անոնց թղթած­րարնե­րը ան­ջա­տուի։

Այս զար­գա­ցումնե­րէն ետք Թաք­սի­մի զօ­րակ­ցութիւն հար­թակն ալ իր կար­գին յայ­տա­րարու­թիւններ ըրաւ եւ հա­սարա­կու­թիւնը զօ­րակ­ցութեան հրա­ւիրեց 18 Փետ­րո­ւարի դա­տավա­րու­թեան ըն­դա­ռաջ։ Յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւեցաւ թէ երկրի մէջ քա­ղաքի, ժո­ղովրդա­վարու­թեան պատ­մութեան ամե­նացայ­տուն դի­մադ­րութիւննե­րէն մէ­կը կ՚ու­զեն յան­ցա­գոր­ծութեան վե­րածել։ «Կե­զիի դի­մադ­րութիւ­նը սահ­մա­նադ­րա­կան իրա­ւունքի մը գոր­ծա­ծու­թիւնն է եւ ոչ աւե­լին։ Մտա­յին հա­ւասա­րակշռու­թիւնը կաս­կա­ծելի վկա­յի մը պնդումնե­րով իրա­կանու­թեան մէջ փաս­տի հան­գա­մանք չու­նե­ցող հա­կակա­զային դի­մակի մը յայտնա­բերու­մով բազ­մա­հարիւր էջա­նոց ամ­բաստա­նագիր շա­րադ­րո­ւած է։ Իրա­կանու­թեան մէջ ամ­բաստա­նագ­րի շրջագ­ծով կը դա­տուին իրենց բո­ղոբ­քի ձայ­նը բարձրաց­նող մի­լիոնա­ւոր մար­դիկ։ «Կե­զի»ի դի­մադ­րութիւ­նը ոչ յե­ղափո­խու­թիւն էր եւ ոչ ալ իշ­խա­նափո­խու­թիւն։ Ան իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքա­ցիի իր ազատ կամ­քով բռնու­թեան դէմ ապստամ­բե­լէն դուրս նշա­նակու­թիւն մը չու­նի եւ չու­նե­նար։ Ժո­ղովուրդի առար­կե­լու իրա­ւունքը ժո­ղովրդա­վարու­թեան մէկ մաս­նիկն է։ Ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը ամ­բողջա­կան ըն­կա­լում մըն է եւ չի կրնար մաս­նա­հատո­ւիլ։ Պի­տի չար­տօ­նենք որ այդ մաք­րա­մաքուր դի­մադ­րութիւ­նը ձեր կեղ­տոտ քաղաքական պնդումներուն գործիք դարձնէք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ