Թղթածրարին մէջ առաջին անգամ եօթը մեղադրեալ

Տիարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախկին նախագահ Թահիր Էլչիի սպանութեան նիւթին մէջ վերջապէս յայտնաբերուեցաւ երեք կասկածեալներ։ Տիարպէքիրի դատախազութիւնը Էլչիի սպանութեան պահուն փողոցին վրայ գտնուող եւ ատրճանակնին գործածող երեք ոստիկանները կասկածելի ըլլալով գրանցեց դատի թղթածրարին մէջ։ 28 Նոյեմբեր 2015-ին գործուած ոճիրը հարցաքննող դատախազը կասկածեալ երեք ոստիկաններու հայցերը ստացաւ։ Այսպէսով ոճիրի թուականէն չորս տարի ետք առաջին անգամ կասկածեալներու անունը տեղ գտաւ թղթածրարին մէջ։ Մինչ այդ հարցաքննուած ոստիկանները մերժեցին իրենց վերագրուած յանցագործութիւնը։

«Տոյչէ Վելլէ»ի թրքերէն բաժնի մէջ Ֆելաթ Պոզասլանի խմբագրած լրատուութեան համաձայն կասկածելի ոստիկաններէն Ս.Թ. պնդած է թէ դէպքի պահուն փախչողներէն մէկու կրակոցին հետեւանքով վիրաւորուած է փորէն փամփուշտ մը ստանալով։ Ան յայտնած է թէ Թահիր Էլչիի յայտարարութեան բերումով պաշտօնի ղրկուած էին այդ տարածքը եւ դէպքի պահուն ինք չէ տեսած Թահիր Էլչին։ «Ես կրակելու ժամանակ իմ կրակոցի տարածքին մէջ ոեւէ մէկը չկար։ Ես չեմ սպանած Թահիր Էլչին»։

Միւս ամբաստանեալները նոյնպէս պնդեցին թէ ոճիրը իրենք չեն գործած։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ