ԳԱՐԱԳԻՒՂԻ ԼՈՂՈՐԴՆԵՐԸ

Իսթանպուլի առաջին օրերս էին։ Ղա­լաթիոյ կա­մուրջին վրայ բազ­մութիւն մը հա­ւաքո­ւած էր։ Մօ­տեցայ ու տե­սայ որ կա­մուրջէն ծով ցատ­կող տղոց կը դի­տեն։ Տղա­քը ջուր կը մտնեն, դէ­պի նա­ւամա­տոյց կը լո­ղան, արա­գօրէն կը մագլցին աս­տի­ճան­նե­րը, կը մօ­տենան իրենք դի­տող­նե­րուն կող­մը եւ յե­տոյ դար­ձեալ ջուր կը ցատ­կեն։ Ես ալ սկսայ հե­տեւիլ այս ան­ցուդար­ձին եւ ահա­գին նկա­րեցի։ Երի­տասար­դութիւն կը ժայթքէր տղոց­մէ։ Արե­ւուն տակ սե­ւացած մկան­նե­րը կը փայ­լէին։ Ան­վախ էին, երբ իրա­րու ետեւ հեր­թի կանգնած կը սպա­սէին ցատ­կե­լու կար­գը, կրցա­ծիս չափ զրու­ցե­ցի իրենց հետ։ Բո­լորն ալ Թոփ­հա­նէ թա­ղէն էին եւ ըսին թէ ամա­ռուայ շո­գին զո­ւար­ճա­նալու հա­մար յա­ճախ կու գան հոս եւ ջուր կը մտնեն։ Ար­դէն ըն­կերնե­րով լո­ղալը ինքնին հա­ճելի է։ Անոր վրայ կու գայ աւել­նալ այսքան բարձր տե­ղէ մը ջուր նե­տուե­լու յու­զումնա­լից երե­ւոյ­թը։ Քա­ջու­թիւն պա­հան­ջող գործ մըն է վեր­ջա­պէս։ Ան­շուշտ կա­րելի է ներ­քե­ւի նա­ւամա­տոյ­ցէն ալ ջուր ցատ­կել, բայց տղա­քը կ՚առար­կեն «Չէ՛ ատի­կա մա­նու­կի գործ է» ըսե­լով։

Այս տղա­քը դի­տելու պա­հուն իմ ման­կութեան տա­րինե­րէն դրո­ւակ մը պատ­կե­րացաւ աչ­քե­րուս առ­ջեւ։ Առա­ջին ան­գամ ակա­նատես կ՚ըլ­լա­յի հայ­րի­կիս եղ­բայրս ծե­ծելուն։ Այդքան սաս­տիկ ծեծ մըն է որ այդ, քան­դա­կուած մնաց յի­շողու­թեանս մէջ։ Պատ­ճա­ռը տա­րիներ վերջ մայրս պատ­մած էր։ Եղ­բայրս դպրո­ցէն բա­խած ու Ջախ­ջա­խի գե­տը լո­ղալու գա­ցած էր։ Ատ է եղեր հօրս այդքան սաս­տիկ բար­կութեան պատ­ճա­ռը։ Այդ դէպ­քէն քա­նի մը օր առաջ մայրս կաս­կա­ծեր է եղ­բօրս ներքնազ­գեստի դե­ղին գոյ­նէն։ Ան ալ ըսեր է որ Ջախ­ջախ գե­տի ջու­րի գոյնն է։ Մե­րոնք նա­խապէս լսած են այդ ջու­րին մէջ քա­նի մը ան­չա­փահաս երա­խայի խեղ­դա­մահ ըլ­լա­լուն մա­սին։ Մայրս այդ մտա­հոգու­թեամբ խնդի­րը պար­զեր է հօրս եւ ան ալ իր կար­գին իր գիտ­ցած եղա­նակով պատ­ժեր է եղ­բայրս։

Այ­սօ­րուայ նման կը յի­շեմ հօրս մու­ճա­կի հա­րուած­նե­րուն տակ եղ­բօրս լացն ու կո­ծը։ Ան ծեծ կե­րած, բայց ես լա­ցած էի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ