Հալէպի հայկական «Գանձասար» շաբաթաթերթի տուած տեղեկութիւնով ՝ միջադէպը տեղի ունեցած է Փետրուարի 5-ին։
Զոհուած զինուորի անունը Ժան Քեթենճիեան է։1988 թուականի ծնած Քեթենճիեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կայացաւ 6 Փետրուարին Հալէպի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ.
Իտլիպէ 15 քմ դէպի արեւելք գտնուող Սերաքիպը կը գտնուի երկու հիմնական ճանապարհներու խաչմերուկին, որոնք սուրիական բանակը կը ցանկանայ իր վերահսկողութեան տակ վերցնել։
Այս շաբաթ աւելի վաղ սուրիական բանակը շարժած էր դէպի Իտլիպ եւ Սարաքիպ, որպէսզի ապահովէ Հալէպը եւ Դամասկոսը միացնող Մ5 մայրուղիի հասանելիութիւնը եւ իր հսկողութեան տակ վերցնէ այդ շրջանը։
Թրքական զինեալ ուժերու թիւ 7 Դիտակէտը, որը կը գտնուի Թել-Թուքան, նոյնպէս մնացած է ռեժիմի կողմէ վերահսկուած գօտին։
Այսպէսով, ռեժիմի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն գտնուող թրքական դիտակէտերու քանակը հասած է երեքի։
Կը սպասուի, որ սուրիական բանակի յաջորդ թիրախը Սարաքիպէ ետք կը դառնայ Սարմին քաղաքը։