ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Բարեւ ձեզ բարի եկաք։ Ուրկէ՞ եկած էք եւ ի՞նչ նիւթի շուրջ կ՚աշխատիք։
Իմ անունս Կարինէ Փալանճեան է։ Ես առաջին սերունդի Ամերիկահայ եմ։ Իմ ծնողքս Նորայր եւ Իսկուհին Հալէպէն են եւ մեր նախնիները Արեւմտահայաստանէն էին։ Իմ մօրս կողմը Պիրէճիքէն է եւ հօրս ընտանիքը Բալուէն։ Որպէս սփիւրքահայ գիտեմ որ ինքնութիւնս շատ կարեւոր եւ թանկարժէք է նամանաւանդ, երբ իմ մեծ մայրս 1915 Մեծ Եղեռնէն ազատուեր է եւ Հալէպ հասեր Տէր Զօրի անապատէն։ Փոքր տարիքիս ես Ամերիկեան դպրոց կը յաճախէի, բայց ամենասիրած օրերս կ՚անցնէի Շաբաթօրեայ հայկական դպրոցը, ուր հայերէն գրել եւ կարդալ սորվեցայ։ Կիրակի օրերուն կրօնական պատմութիւններուն եւ քրիստոնէութեան մասին գիտելիքներս զարգացան։ Նաեւ ես կը մասնակցէի համայնքի ձեռնակներուն, ուր հայ ինքնութեան մասին կը սորվէի։ Այդ դաստիարակութեան ընթացքին պատմութիւնը եւ մեր սորված յեղափոխական երգերը անզգալաբար ատելութիւն սերմանեցին իմ մէջ։
Համալսարան աւարտելէ ետք ես ուսուցչուհի եղայ եւ անդրադարձայ թէ սխալ կը դաստիարակենք մեր ապագայի սերունդները։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալով այլ առիթներով ես դասագիրքեր ուսումնասիրեցի ու հասկցայ որ մենք շատ փոքր տարիքէն սխալ կը սորվինք հայ ինքնութեան մասին ու շատ նեղ մօտեցումով կը նկարագրենք հայու ինքնութիւնը։ Դաստիարակութեան սխալ օրինակներ կան սկսելով մեր այբբենարաններէն, նոյնիսկ առաջին դասարանին։ Նաեւ մեր այբբենարանը կը սորվեցնէ «Թ» տառը թշնամի համարէ։ Այս դասերը հիմք կը ստեղծէ մեր երիտասարդ պատանիներուն եւ այլեւս պէտք է սկսինք աւելի լայն նկարագրել հայու ինքնութիւնը։ Այս այբբենարաններուն նիւթին մասին յօդուածներ գրած եմ իմ ընկերներով։ Ունեցայ առիթներ այլ ազգերու հետ շփուելու եւ ունեցանք առիթ հայերէն-թրքերէն դասագիրք պատրաստելու, ուր զգոյշ կ՚ըլլանք մանկավարժական մեթոտներու մէջ, որպէսզի աշակերտներ կարենան առանց ատելութեան սորվիլ իրենց ինքնութեան եւ պատմութեան մասին։
Այժմ ու՞ր կ՚ուսանիք։ Երբ եկաք եւ ինչո՞ւ Պոլիս էք։
Ես երրորդ տարուայ PhD ուսանող եմ Արիզոնայի պետական համալսարանի Կրթութեան բաժինը, տոքթ. Իվետա Սիլովայի հսկողութեան տակ։ Իմ հետազօտական նախագծի թեման է ուսուցիչներու յիշողութիւնները եւ պատմութիւններու վերապատրաստումը արտասահմանի մէջ, ուր հանդիպեր են այլ ազգերի հետ։ Առիթ ունեցայ թուրքերու, քիւրտերու, ատրպէյճանցիներու եւ Հայաստանի ուսուցիչներու ու մտաւորականներու հետ աշխատելու։ Հասկցայ որ կան մարդիկ որոնք փոքրամասնութիւնը կը կազմեն իրենց հասարակութեան մէջ։ Իրենք չեն հետեւիր ազգային մեծամասնութեան mainstream/dominant խօսքին, քանի որ իրենք կապի մէջ են կամ համագործակցութեան առիթներով կ՚աշխատին միասին տարբեր ծրագիրներով։ Այս ուսուցիչները կան եւ խաղաղութեան գաղափարախօսութիւնով կը կատարեն մանկավարժութիւնը։
Որոշեցի իմ ուսումնասիրութիւնս կեդրոնացնել իրենց աշխատանքին վրայ։ Առիթ ստեղծեմ իրենց խօսքը եւ միտքը լսելի դարձնելու։ Ուսուցիչները ամենակարեւոր անդամներն են մեր հասարակութեան, բայց ամենաքիչ յարգուած եւ գնահատուած։ Երբ պետութիւնները սահմանները բանան, ուսուցիչներու շնորհիւ սահմանամերձ տարածքներու աշակերտները աւելի համերաշխ մերձեցումով պիտի շփուին միմիանց հետ։ Այս հարցերը նաեւ կարեւոր են Պոլսոյ համայնքին համար, քանի որ փոքրամասնութեան ազգերը միասին ապրելով խտրական պայմաններու դէմ կը պայքարին։ Հրանդ Տինքի կիսատ թողած գործը պէտք է շարունակենք որ նոր պատմութեան էջեր գրենք։
Դուք այս ծրագրի շուրջ տարբեր երկիր մը գացած եւ հարցազրոյցներ վերցուցա՞ծ էք։
Ես արդէն Հայաստանի Երեւան, Շիրակ եւ Տաւուշի մարզերը ուսումնասիրեցի։ Այս ամիս Փետրուարէն մինչեւ Մարտ պիտի ուսումնասիրեմ Պոլիսը։ Մարտին պիտի վերադառնամ Հայաստան, որ կարենամ վերջին մարզը Սիւնիքը ուսումնասիրել։ Դժբախտաբար քանի որ Ատրպէյճանը չընդունիր հայազգի գիտաշխատողը, պիտի չի կարենամ Պաքուն ուսումնասիրել։ Բայց եթէ ատրպէյճանցի անհատներ ցանկանան մասնակցիլ, ես պատրաստ եմ այդ ուսուցիչներուն հետ անձամբ աշխատելու։ Այս հետազօտութեան արդիւնքներուն անուն չեմ նշելու. ոչ դպրոցներու, ոչ համայնքներու, ոչ անցերու անունը։ Նախ այս հետազօտութիւնը սկսելէն առաջ իմ համալսարանիս ASU Office of Research Integrity and Assurance աշխատակազմի անդամները քննարկեցին թէ որեւէ կանխատեսելի ռիսկեր չի պարունակեր։ Առաւել կ՚ուզեմ նշել որ հետազօտութեան ընթացքին մասնակիցները ազատ են, կրնան պատասխանել որեւէ հարցի կամ ցանկացած պահին դադարեցնել հարցազրոյցը։
Քիչ մը աւելի մանրամասնեցէք ձեր ուսումնասիրութիւնը։
Արդէն Շիրակի եւ Տաւուշի սահմանագիւղերու դպրոցներու կողքին ուսումնասիրած եմ նաեւ Երեւանի դպրոցը։ Հանդիպած եմ Պաքուի հայ փախստականի, որ չէր համարեր ինքզինք որպէս հայ, մինչեւ 1988-ի Սումկայիդ եւ Խոճալու ջարդերը սկսան երբ ինք 10 տարեկան էր։ Երբ Հայաստան տեղափոխուեցաւ ընտանիքին հետ, քոյրերը իրենք զիրենք Հայաստանցի չէին նկատէր։ Չունէին հայրենիքի զգացում։ Իմ ուսումնասիրութեան ընթացքին, նկատեցի որ մինչեւ այսօր հաւասարաչափ աչքով չեն ընդունիր Պաքուի հայ փախստականներուն։ Ուսուցիչները որ ատրպէյճանցիներու հետ շփումներ ունեցած են, լաւ յիշողութիւններով եւ պատմութիւններով կը նկարագրէին անցեալը մինչեւ 1988 թուականը։ Իրարու հարսանիքներուն մասնակցած էին, իրարու հետ առեւտուր կ՚ընէին…։ Այսինքն շատ պարզ կեանք ունեցած էին։ Երբ հայ-թուրք յարաբերութիւններու պատմութեան նայինք, կան նման երեւոյթներ։ Շատ գործ կայ մեր ժողովուրդներուն այս հանգամանքին անցնելու համար, բայց իմ կարծիքով կրնանք սկսիլ կրթութիւնով։
Ուրեմն ամէն տեսակ մարդու հետ չպիտի շփուիք։ Ինչպիսի մարդկանց հետ պէտք է շփուիք։ Ձեր այս ծրագիրի բուն նպատակը ի՞նչ է։
Իմ հետազօտութեան նպատակը այն է որ ուսումնասիրել ինչ տեսակ մանկավարժական մօտեցումներով կրնանք կերտել մեր ժողովուրդներուն մէջ բազմազանութեան գիտակցութիւնը։ Ժամանակին մեր ժողովուրդները իրար հետ ապրեր էին եւ կան դրական եւ բացասական յիշողութիւններ եւ պատմութիւններ։ Մինչեւ ե՞րբ պէտք է պատերազմներով, ջարդերով կամ տեղահանութիւններով չարչարենք զիրար։ Արդէն ժամանակն է, սահմաններուն չորս կողմերէն սկսինք իրար հասկնալ ու կարենանք խաղաղ պայմաններ ստեղծել։
Ես միայն ազգութեան հարցով չեմ սահմանափակեր այս հարցը, այլեւս պէտք է ընդունինք մարդիկ ինչպէս որ կան։ Ըլլայ հաշմանդամներուն, աղքատներուն, փախստականներուն, համասեռական անձերուն, եւ այլ… Երբ մենք կարենանք իրար ընդունիլ ինչպէս որ ենք, պիտի կրնանք սկսիլ իրար յարգելու եւ հանգիստ կեանք ապահովելու ներկայի սերունդներուն եւ ապագային։
Ձեր մեկնակէտը, ձեր բուն հարցերը անոնց ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Ա)Ինչպէ՞ս կը նկարագրեք ձեր մանկութիւնը։ Արդեօք կը յիշէ՞ք ձեր մտերիմ ընկերներուն, գործընկերներուն եւ հարեւաններուն։ Որո՞նք են ձեր ամենավառ յիշողութիւնները։
Բ)Մանկութեան տարիներուն, արդեօք դուք կամ ձեր ընտանիքի անդամները հանդիպա՞ծ էք հայերու, ատրպէյճանցիներու, քիւրտերու, ռուսերու, թուրքիայէն կամ Խորհրդային Միութեան տարածքէն մարդկանց կամ ալ էթնիկ խումբերուն։ Եթէ այո, կը նկարագրէ՞ք ձեր փորձառութիւնները։ Որտե՞ղ եւ ինչպէ՞ս են եղել այս շփումները։
Դ) Խնդրեմ նկարագրէք, թէ ե՞րբ եւ որտեղ մասնակցած էք այս վերապատրաստումներուն։
Ե) Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք այդ հանդիպումները այլոց հետ (Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն կամ Թուրքիայէն մարդկանց հետ)։
Զ) Կրնա՞ք յիշել այդ հանդիպումներու ժամանակ ձեր միտքերը եւ թէ ինչպէս ընկալեցիք այդ հանդիպումները։ Այս փորձառութիւնները ինչպէ՞ս ձեւափոխեցին ձեզ եւ ձեր ուսուցանելու մեթոդները/ Այդ փորձառութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան ձեր եւ ձեր ուսուցման մեթոդներու վրայ։
Հետազօտութեան ընթացքին ուսուցիչներ կրնան օգտագործել տարբեր միջոցներ (օր.՝ նկարներ, քարտէզներ, օրագրեր/գրառումներ եւ այլն) ձեր յիշողութիւնները պատմելու համար։ Բոլոր հարցազրոյցները պէտք է ձայնագրուին եւ կ՚անցկացուին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, իսկ վերլուծական աշխատանքները կ՚ըլլան գործընթացին զուգահեռ։ Խնդրեմ նկատի ունենալ, որ ձեր տուած տեղեկութիւններու ու պատասխաններու գաղտնիութիւնը կ՚ապահովուի։
Մինչեւ ե՞րբ հոս էք։
Ես մինչեւ Մարտ 1 Պոլիս պիտի մնամ։