Հայկական բառերու խորհրդաւոր ծովուն մէջ, յարգելի ընթերցող, ութը տարի է, որ կը նաւարկենք։ Խարսխեցինք բազմաթիւ բառերու առջեւ, մեր տողերու վրայ փոխադրեցինք «մեխակ», «գինի», «կաթ», «շաքար», «շուշան» ու «գոհար»...։ Մեր նաւամատեանի մէջ նշեցինք լեզուական առասպելներ, արձանագրեցինք հմայիչ զրոյցներ։ Անոնք ունէին Հայկական լեռնաշխարհի բարբառներու քաղցր բոյրը։ Բայց մէկ բառ, միավանկ մը պարզ, վշտացաւ, կարծեց թէ անտեսուած է- «նաւ» բառն էր ան։
«Նաւ»։ Ինչ խորհրդաւոր եւ հայրենաբաղձ բառ, երեւակայութիւններու եւ երազանքներու հաւատարիմ փոխադրամիջոցը, Վանայ ծովէն ծնած, ապա ծովէ ծով պետականացած, իսկ այժմ ծովազուրկ դարձած հայ ազգի համար։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, խօսինք այդ թեւաւոր բառի մասին։ Ձեզ հարիւր տարի ետ տանիլ կ՛ուզեմ, երթալ Երեւանի գիւղերէն Քանաքեռի բարձունքները ու զրոյց մը կատարել «Նաւը լերան վրայ» վէպի գրական հերոս՝ հեռաւոր նաւ ուղղութիւններու նաւապետ Արա Հերեանի հետ։
- Նաւս շատ մեծ չէ։ Բայց Սեւանի ափամերձ աւաններուն համար տնտեսական, ռազմավարական նշանակութիւնը անհամեմատելի կրնայ ըլլալ, եթէ խոչընդոտներ չստեղծուին եւ զայն կարենամ լիճ հասցնել։
- Առասպելական պատկեր է ձեր ստեղծածը Պարոն Հէրեան. նաւ մը լերան վրայ։ Թէեւ, հայու մտքին համար նոր չէ այս տեսարանը. ունեցեր ենք Նոյան Տապանը, ահա սա դիմացի սարի կատարին։
1918 թուականին Արա Հէրեանը յաջողած է Պաթումէն նաւ մը գտնել, շոգեկառքով Երեւան փոխադրել, ապա զայն թոկերով քաշել մինչեւ Քանաքեռի բարձունքները։ Այժմ, օրուան վերջին ժամերուն, այդ տաժանելի աշխատանքի համար վարձուած գիւղացիներն ու անոնց եզները հանգիստի քաշուած են, իսկ Հէրեանը, գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ամփոփուած է իր խոհերուն մէջ։
- Այս նաւը մեր նոր հանրապետութեան համար յոյսի խորհրդանշան կրնայ ըլլալ։
- Ճիշդ է։ «Նաւ» բառը մեր հոգեւոր գրականութեան մէջ, նոյնպէս ճարտարապետութեան եւ բանաստեղծութեան մէջ յոյս եւ փրկութիւն խորհրդանշեց։ Ան եւ անոր յարմարանքները, ինչպէս՝ «նաւահանգիստ», «թռչնարան», «խարիսխ», «առագաստ»՝ ստեղծեցին փոխաբերութիւններ եւ նմանարկութիւններ՝ հարստացուցին եւ պատկերալից դարձուցին մեր լեզուն։ Պարոն Հէրեան, այս եկեղեցին, որուն մէջ գտեր էք մտքի խաղաղութիւն, «նաւ» մըն է, ֆրանսերէն, պուլկարերէն, ռուսերէն nef, իտալերէն navata, սերպերէն, փորթուկալերէն, անգլերէն nave, լեհերէն nawa, քանզի ճարտարապետութեան մէջ «նաւ» կը կոչուի եկեղեցւոյ հիմնական մասը, սիւնաշարերու միջեւ, հաւատացեալներուն համար սահմանուած տարածութիւնը։ Ան կը գտնուի խորանին եւ մուտքի սրահին միջեւ։ Ունեցեր ենք «միանաւ» եւ «եռանաւ» եկեղեցիներ։ «Եռանաւ» է այն եկեղեցին, որ ունի զոյգ սիւնաշարերով բաժնուած երեք «նաւ». կեդրոնական, աւելի լայն եւ բարձր նաւը, որ արեւելեան կողմէն կ՚աւարտի կոնքով՝ ու անոր հիւսիսային եւ հարաւային կողմերը՝ եւս երկու նաւ, որոնք կը կոչուին «կողային նաւեր»։ Մեր հնագոյն «եռանաւ» եկեղեցիներն են Քասաղի, Աղցի, Երերուքի եւ Եղուարդի տաճարները, Ծիծեռնավանքը, Դուինի կաթողիկէ եկեղեցին։ Իսկ չէ՞ որ դուք նաւերը անշարժ պահելու համար ծովու յատակը կ՚արձակէք խարիսխ, նոյնպէս՝ եկեղեցիները ամրացուած կ՚ըլլան երկրին՝ «գետնախարիսխ»ով, այսինքն, ամբողջ շինութիւնը կրող, յաճախ աստիճանաւոր պատուանդանով։ Եւ եթէ «նաւ» մըն է տաճարը, անկասկած պիտի ունենար «առագաստ»։ Հայկական ճարտարապետութեան մէջ «առագաստ» կը կոչուին այն չորս եռանկիւնաձեւ գոգաւոր կամարները, որոնց շնորհիւ թմբուկը, իր գմբէթով եւ վեղարով՝ կը նստի տաճարին վրայ։
Ինչպէս նաւը կը սիրէ հորիզոններ չափել, նոյնպէս «նաւ» գոյականը սիրեց թեւեր առնել եւ ուռչիլ։ Այդ բառով ունինք 150է աւելի բարդ բառ, բոլորն ալ մեր երեւակայութեան գեղեցիկ ստեղծագործութիւններն են, ինչպէս՝ նաւաբերան, նաւագոգ, նաւախել, նաւախոյ, նաւակմախք, նաւակող, նաւակտուց, նաւամատեան, նաւաշուրթ, նաւատոմար, նաւացռուկ, նաւաքիթ...։ Որպէս ծովագնաց ժողովուրդ, ունեցեր ենք՝ պատերազմիկ, հրձիգ, զօրագլխական, զրահեալ, վաճառական եւ թեւճակաւոր նաւեր, նոյնիսկ «գումարտակ նաւուց»։ Իսկ եթէ նաւը փրկութիւն էր քրիստոնեայի համար, ուստի նաւապետը պէտք էր ըլլար փրկարարը՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Մեսրոպ Մաշտոցը նկատեց այդ ու գրեց իր յայտնի շարականը. «Ծով կենցաղոյս հանապազ զիս ալէկոծէ։ / Մրրկեալ ալիք թշնամին ինձ յարուցանէ։ / Նաւապետ բարի լեր անձին իմոյ ապաւէն»։
- Իսկ մենք, հայազգի ծովագնացներս գիտենք եւ դեռ երկիւղածութեամբ կը կարդանք Նարեկացիի այն տողերը, ուր բանաստեղծը մանրամասնօրէն կը նկարագրէ Վանայ լիճի մէջ «վայրենի ալիքներէն խորտակուած» եւ ծովամոյն դարձած նաւ մը՝ ղեկը գալարած, կայմը խլուած, առագաստը պատռած, առասանները խզուած, խարիսխին ապաւինութիւնը լուծուած...
- Ըստ Նարեկացիի, կեանքը հոգիին նաւուղղութիւնն է, մարմինը՝ անոր նաւը։ Բանաստեղծը կ՚ուզէր գիտնալ, թէ արդեօք իր նաւաբեկ հոգին դարձեալ պիտի կենդանանա՞յ. «Իցէ՞ արդեւք տեսանել զփշրեալս նաւ ողբալի հոգւոյս ողջացեալ»։ Նոյն արտայայտութիւնը, Մաշտոցէն ութը դար ետք կը լսենք Խաչատուր Կեչառեցիի տաղերու մէջ. «Տրտում կամ եւ տխուր ի յայսմ աշխարհիս,/ Ալեկոծեալ ծփիմ ի մարմնոյ նաւիս» Պարոն Հէրեան, ծանօ՞թ էք Վահան Թէքէեանին։ Ձեզի տարեկից պոլսահայ բանաստեղծ մըն է, որ կը սիրէ խորհրդանշաններ օգտագործել։ Այս տարի լոյս ընծայեց նոր ժողովածու մը, որուն մէջ հաճոյքով կարդացի «Եկեղեցին Հայկական» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը։ Հոն գտայ հետաքրքրական փոխաբերութիւններ. «Եկեղեցին հայկական... կարծես նաւ մ՛է ծփուն», «Եկեղեցին հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ՝ նաւահանգիստ մ՚է խաղաղ»։ Իսկ տասնամեակ մը առաջ, 1908ին Վահան Տէրեանը «նաւ» բառով կը նկարագրէր իր ալեկոծեալ հոգին. «Իմ հոգին ծովերում անծանօթ / Մենաւոր ու մոլոր մի նաւակ»։ Նոյն բանաստեղծին պարտինք գրական գեղեցիկ պատկեր մը. «Նաւը ճեղքում է ջրի հայելին»։ Նոյն օրերուն, Պոլսոյ մէջ Ռուբէն Որբերեանը, որ քաջ ծանօթ էր Նարեկացիին, եւ որ այժմ գործի պատճառով նաւարկած է հեռաւոր Ճիպութի նաւահանգիստը, մեզի պարգեւեց հայկական բանաստեղծութեան ամենէն յիշատակելի երկտողերէն մէկը. «Կեանքի նաւակն հետք չթողուց իր ետին, / Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան»։ Իսկ, օր մը, պարոն Հէրեան, պիտի յայտնուի քնարերգակ մէկ այլ բանաստեղծ, ան պիտի նաւարկէ մտքի ծովերու մէջ, պիտի յօրինէ երազկոտ տողեր ու երգի պիտի վերածուի ան, անունը պիտի ըլլայ, կասկած չունիմ՝ «Յուսոյ առագաստ». «...Պարիր ծովի վրայ, մեր յոյսերից ծնուած նաւակ, / Լողա, ծովերն ի վեր՝պարզած ճերմակ առագաստներ...»։
- Իսկ ես մեր նորագոյն պետականութիւնը կը դիտեմ որպէս ազգին «նաւ»ը։ Թող ան ունենայ իմաստուն եւ հեռատես նաւապետներ ու ան հասնի հեռաւոր հորիզոններ։
- Հասնի հեռաւոր հորիզոններ։