Պոլիսը Լեւոն Լաճիկեանի աչքով

Իսթանպու­լա­հայ գե­­­­ղարո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սէր հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան հա­­­­մար ար­­­­դէն իսկ ծա­­­­նօթ անուն դար­­­­ձած է կիւմրե­­­­ցի գե­­­­ղան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րիչ Լե­­­­ւոն Լա­­­­ճիկեան։ Ան ան­­­­ցեալին ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­հան­­­­դէսնե­­­­րու ճամ­­­­բով ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացած էր պոլ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հայ հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան եւ ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նացած հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան որոշ ու­­­­շադրու­­­­թեան։ Այժմ ար­­­­ժէ­­­­­­­­­­­­­­­քաւոր արուես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտը կը պատ­­­­րաստո­­­­ւի իր պո­­­­լիսեան ներշնչումնե­­­­րով պատ­­­­րաստած գծագ­­­­րութիւննե­­­­րը ընդգրկող հա­­­­տորի մը հրա­­­­տարա­­­­կու­­­­թեան աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քին։ Աւե­­­­լի քան 100 գոր­­­­ծեր ընդգրկող ալ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­մի մէջ մե­­­­ծամաս­­­­նութիւ­­­­նը կը կազ­­­­մեն Պոլ­­­­սոյ ծո­­­­վային բնան­­­­կարնե­­­­րը։ Նշենք որ Լա­­­­ճիկեանի ու­­­­շադրու­­­­թիւնը աւե­­­­լի սե­­­­ւեռած է ճար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րապե­­­­տական առու­­­­մով կո­­­­թողա­­­­յին շի­­­­նու­­­­թիւննե­­­­րու վրայ։ Սա­­­­կայն անոր ու­­­­շադրու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն չվրի­­­­պիր նաեւ հա­­­­սարակ բնա­­­­կարան­­­­ներ, որոնք կողք կող­­­­քի գա­­­­լով կը կազ­­­­մեն փո­­­­ղոցի մը իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յատուկ դի­­­­մագիծ, որ նոյնպէս կ՚ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նայ վե­­­­րեւ նշո­­­­ւած կո­­­­թողա­­­­յին շի­­­­նու­­­­թիւննե­­­­րու հա­­­­մար­­­­ժէք կա­­­­րեւո­­­­րու­­­­թիւն։ Լա­­­­ճիկեանի ալ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­մը իր մէջ ու­­­­նի երեք գլխա­­­­ւոր հա­­­­տուած­­­­ներ, որոնցմէ առա­­­­ջինը կը ցո­­­­լաց­­­­նէ Ոս­­­­կեղջիւ­­­­րը հա­­­­տող Ղա­­­­լաթիոյ կա­­­­մուրջը իր կեն­­­­սունա­­­­կու­­­­թեան մէջ։

Լա­­­­ճիկեան մտե­­­­րիմ զրոյ­­­­ցի ըն­­­­թացքին կ՚ըսէ թէ ինք այդքան ալ ցան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցողը չէ մարդ նկա­­­­րելու։ Բայց Ղա­­­­լաթիոյ կա­­­­մուրջը ինչպէ՞ս պա­­­­տեկա­­­­րաց­­­­նել առանց ձկնորսնե­­­­րու։

Ալ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­մի մէջ յա­­­­տուկ բա­­­­ժին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յանան Գը­­­­նալը եւ Մեծ կղզի­­­­ները։ Բնա­­­­կանա­­­­բար Լա­­­­ճիկեան իբ­­­­րեւ հայ նկա­­­­րիչ յա­­­­տուկ ու­­­­շադրու­­­­թիւն կը դարձնէ քա­­­­ղաքի հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան դի­­­­մագի­­­­ծին վրայ։

Լա­­­­ճիկեանի գծագ­­­­րութիւննե­­­­րու իւ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­յատ­­­­կութիւննե­­­­րէն մէկն ալ ժա­­­­մանա­­­­կը շրջան­­­­ցել է։ Եթէ Վոս­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­րի ափին նկա­­­­րուած է նաւ, դի­­­­տողը այդ նա­­­­ւի պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րին նա­­­­յելով պի­­­­տի դժո­­­­ւարա­­­­նայ ժա­­­­մանա­­­­կը գու­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­կել։ Քան­­­­զի տո­ւեալ նա­­­­ւը այ­­­­սօր եւ նոյ­­­­նիսկ երեք դար առաջ կրնար նոյն տես­­­­քը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալ իր առա­­­­գաստնե­­­­րով։

Այս երե­­­­ւոյ­­­­թը բո­­­­լորո­­­­վին կ՚ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րաց­­­­նէ ալ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­մի «Հին ու նոր Պո­­­­լիսը» անո­­­­ւանու­­­­մը։

Ճիշդ է, որ բա­­­­զում կայսրու­­­­թիւննե­­­­րու մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­քաղաք Պո­­­­լիսը միշտ հմա­­­­յած է նկա­­­­րիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, բա­­­­նաս­­­­տեղծնե­­­­րը, եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­հան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ արո­­­­ւես­­­­տի բո­­­­լոր տե­­­­սակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նող արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Մեր իրո­­­­ղու­­­­թեան մէջ ալ Յով­­­­հաննէս Այ­­­­վա­­­­­­­­­­­­­­­զովսկիէն Մար­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­րոս Սա­­­­րեան, Ճի­­­­վանեանէն Փա­­­­նոս Թեր­­­­լե­­­­­­­­­­­­­­­մեզեան բնաւ քիչ չեն Պոլ­­­­սոյ հմայ­­­­քով տա­­­­րուած գե­­­­ղան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րիչ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Ալ չենք խօ­­­­սիր զար­­­­թօնքի շրջա­­­­նի բա­­­­նաս­­­­տեղծնե­­­­րէն մին­­­­չեւ մե­­­­րօրեայ իրա­­­­պաշտնե­­­­րուն կամ խորհրդա­­­­պաշտ հե­­­­ղինակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն շռայ­­­­լած տո­­­­ղերուն մա­­­­սին։

Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեւ Լա­­­­ճիկեան եւս ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ իր ու­­­­րոյն դրոշ­­­­մը այս պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան քա­­­­ղաքի վրայ։

Այժմ կը սպա­­­­սուի, թէ մօտ ապա­­­­գային ալ­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­մը լոյս տես­­­­նէ եւ արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սէր հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յանայ նոր ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­հան­­­­դէ­­­­­­­­­­­­­­­սի մը հետ զու­գա­հեռաբար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ