Քաւալա կը շարունակէ բանտարկուած մնալ

Սլիվրիի 30-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի մէջ կա­յացաւ Օս­ման Քա­ւալա­յի եւ իր հետ մե­ղադ­րո­ւած 15 գոր­ծիչնե­րու դա­տավա­րու­թիւնը։ Ի դէմ Եւ­րո­պայի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Ատեանի որո­շու­մին Քա­ւալա այս նիս­տին ալ ազատ չար­ձա­կուե­ցաւ եւ շա­րու­նա­կեց մնալ բան­տի մէջ։ Նշենք որ միւս մե­ղադ­րեալ­նե­րու բո­լորն ալ ազատ ար­ձա­կուած էին եւ ոչ ձեր­բա­կալո­ւած պայ­մաննե­րու մէջ կը շա­րու­նա­կուի իրենց դատավարութիւնը։

Քա­ւալա­յի դա­տավա­րու­թիւնը իր բո­լոր ման­րա­մաս­նութիւննե­րով գայ­թակղու­թեան բնոյթ ստա­ցած է, որու հա­մար ալ փաս­տա­բան­նե­րը կը մեր­ժեն դա­տակազ­մը, պնդե­լով թէ ան կը գոր­ծէ ոչ թէ իրա­ւաբա­նական սկզբունքնե­րու հի­ման վրայ այլ իրեն թե­լադ­րո­ւած քա­ղաքա­կան ճնշումնե­րու մի­ջոցաւ։

Իրաւ ալ զա­նազան երե­ւոյթնե­րով դա­տակազ­մը անըն­դունե­լի դիր­քի մը մէջ մատ­նո­ւած է եւ կար­ծես թէ կը գոր­ծէ որոշ ցուցմունքնե­րու հի­ման վրայ։ Իրա­ւապաշտպան­նե­րը մի առ մի մատ­նա­ցոյց կ՚ընեն այդ ան­կարգու­թիւննե­րը, սա­կայն դա­տարա­նը կը յա­մառի նոյն եղա­նակի մէջ։

Կա­րեւոր գայ­թակղու­թիւն մըն է «Կե­զի» զբօ­սայ­գիի դէպ­քե­րուն ժա­մանակ ոս­տի­կանի մը մա­հաբար աքա­ցիի հա­րուած­նե­րու տակ կեան­քը կորսնցու­ցած Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի մա­հուան պատ­ճառ դառ­նա­լով մե­ղադ­րո­ւած ոս­տի­կանը այս դա­տավա­րու­թեան ներ­կայ կը գտնո­ւի, իբ­րեւ տու­ժած կողմ, պատ­րո­ւակե­լով որ այս աքա­ցիի հա­րուած­նե­րու ըն­թացքին վնա­սուած է իր ոտ­քը, հե­տեւա­բար ինք որ­պէս տու­ժող կողմ կ՚ու­զէ մաս­նա­կից ըլ­լալ դա­տավա­րու­թեան։

Դա­տարա­նը ըն­թացք տո­ւած է ոս­տի­կանի այդ պնդումնե­րուն եւ ըն­դունած է իրեն ալ տու­ժող կողմ ըլ­լա­լով դա­տավա­րու­թեան մաս­նակցիլը։ Բնա­կանա­բար Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի ըն­տա­նիքին հա­մար անըն­դունե­լի երե­ւոյթ մըն է պար­զո­ւածը եւ անոնք կը բո­ղոքէն այս անար­դար որո­շու­մին դի­մաց։

Միւս կող­մէ Քա­ւալա­յի փաս­տա­բան­նե­րը առար­կե­ցին նաեւ Օս­ման Փա­պուչ անուն ակա­նատե­սի վկա­յու­թիւննե­րուն, քա­նի որ իրենք չեն կրցած անոր որե­ւէ հար­ցում ուղղել դա­տավա­րու­թեան ըն­թացքին։ Երբ այս մա­սին առար­կութիւննե­րը հետզհե­տէ բարձրա­ցան դա­տարա­նը փոր­ձեց ընդհա­տել նի­սը եւ ապա պա­հան­ջեց, որ ունկնդիր­նե­րը հե­ռացո­ւին դահ­լի­ճէն։ Այս զար­գա­ցումնե­րու վրայ փաս­տա­բան­ներն է, որ լքե­ցին դահ­լի­ճը։

Յստակ իրո­ղու­թիւն մը դար­ձած է, որ Թուրքիոյ ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գը բո­լորո­վին կորսնցո­ւցած է իր վստա­հելիու­թիւնը եւ այ­լեւս ոչ մէկ հա­ւաս­տիու­թիւն կ՚ու­նե­նայ կա­տարո­ւած դա­տավա­րու­թիւննե­րու ըն­թացքին։

Այս բնոյ­թով դա­տակազ­մը նաեւ կ՚ար­ժա­նանայ բուռն քննա­դատու­թիւննե­րու, սա­կայն կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել, որու հե­տեւան­քով Օս­ման Քա­ւալա ալ կը զրկո­ւի ազա­տու­թե­նէն։ Դա­տավա­րու­թեան պի­տի շա­րու­նա­կուի 18 Փետ­րո­ւարին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ