Սանասարեան Խանը վարձուած


Պատրիարքարանի փաստաբաններու բոլոր առարկութիւններով հանդերձ կայացաւ Սանասարեան Խանի վարձակալման գործընթացը։ Մկրտիչ Աղա Սանասարեանի հայ կարիքաւոր ուսանողաց ուսման, բնակեցման եւ սնուցման ծախսերը հոգալու համար կտակած կալուածը երկար ժամանակէ ի վեր դատական խնդիրի վերածուած է Պատրիարքարանի եւ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան միջեւ։

Խանի առգրաւման պատմութիւնը բաւական երկար անցեալ ունի եւ ատենօք սարքուած օրինական դաւադրութիւններով ան երկար ժամանակէ ի վեր մնացած էր ոստիկանութեան գործածութեան մէջ։

Քաղբանտարկեալներու խնդիրներով զբաղուող բաժանմունքի տրամադրուած օրերուն շէնքը վայելեց շատ վատ համբաւ, քանի որ բազմաթիւ քաղբանտարկեալներ հոն ծանր տանջանքի պայմաններու տակ մահացան։

Իսկ երբ օրակարգի եկաւ փոքրամասնութիւններու առգրաւուած կալուածները վերադարձնելու մասին օրինական բարեփոխումներ, Պատրիարքարանն ալ իսկոյն շարժման անցաւ վերատիրանալու համար, երբեմնի այս կալուածին։ Դատական գործողութիւնը տակաւին աւարտին չէր հասած, երբ Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը որոշեց աճուրդի միջոցաւ վարձակալել շէնքը։

Մամուլէ գաղտնի կայացող աճուրդի հետեւանքով շինարարական ընկերութիւն մը 35 տարուայ ժամկէտով եւ տարեկան 3 միլիոն լիրայ վարձով տիրացաւ կալուածին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ