Հրանդ Տինքի ոգեկոչում ԱՄՆ-ի մէջ

Ընդառաջելով Լոս Անճէլըսի Պոլսահայ միութեան հրաւէրին թերթիս հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան այցելեց Միացեալ Նահանգներ։ Պոլսահայ Միութիւնը ինչէս նախորդ տարիներուն այս տարի ալ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին կազմակերպած էր յիշատակման միջոցառում մը, որու մասնակիցներն էին Թամար Նալճը, Ռոյ Առաքելեան եւ Բագրատ Էսդուգեան։

Օրուայ առաջին միջոցառումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճէլըսի մէջ հայ նահատակներու յուշարձանին վրայ, ուր Հոգեհանգստեան կարգով յիշուեցաւ Հրանդ Տինք։

Ապա նոյն օր երեկոյեան ժամերուն Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ բազմաթիւ ներկաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ գլխաւոր միջոցառումը, որու ընթացքին միութեան ատենապետ իրաւաբան՝ Էտվին Մինասեանի ձեռամբ Հրանդ Տինքի անուան մետայլ շնորհուեցաւ Բագրատ Էսդուգեանին։

Մինչ այդ ելոյթ ունեցան Թամար Նալճը անգլերէնով, իսկ Ռոյ Առաքելեան երկլեզու զեկոյցներով։ Նալճը իր զեկոյցին մէջ բնութագրեց Հրանդ Տինքի սպանութեան տանող ենթահողը եւ երկրի մէջ տիրող ատելութեան ու այլամերժութեան հոգեբանութիւնը։ Իսկ Ռոյ Առաքելեան լրացուցիչ տեղեկութիւններ տուաւ իր վերջին ուսումնասիրութեան մասին, որ կը վերաբերի Ատրիանապոլսոյ հայոց պատմութեան։ Վերջապէս իբրեւ օրուայ գլխաւոր ատենախօս Բագրատ Էսդուգեան Պոլսոյ այժմու իրադարձութիւններու մասին բաւականին բովանդակալից ծանօթութիւններ փոխանցեց յատկապէս նիւթ ունենալով մօտ անցեալի պատրիարքական ընտրութիւնները եւ անոնց հաւանական հետեւանքները։

Նոյն կազմակերպութեան ծիրէն ներս երկրորդ կարեւոր հանդիպումը տեղի ունեցաւ այս անգամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։ Իրաւաբան Յովհաննէս Սվասլեանի ջանքերով կազմակերպուած հաւաքոյթին Էսդուգեան եւս պատմեց պոլսահայ գաղութի խնդիրներու մասին ի մասնաւորի նշելով թէ ի՞նչ է նշանակութիւնը սփիւռք բառի եւ հասկացողութեան, երբ կը խօսինք Պոլսոյ մասին։ «Թէեւ Պոլիսը բառին բուն իմաստով կարելի չէ սփիւռք կոչել, բայց նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ հայ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող այս քաղաքը ինքնին հայրենիք մըն ալ չէ։ Ուրեմն հայրենիքէ հեռու կամ պոկուած ըլլալու իրողութիւնը կը թելադրէ զայն դիտել, որպէս սփիւռք, բայց հայ մշակոյթի օրրան մը ըլլալու երեւոյթով ալ չենք կրնար զայն նոյնացնել սովորական որեւէ գաղթօճախի հետ։ Անցեալի փառքերէն որքան ալ հեռու մնացած ըլլայ Պոլիս այսօր կը շարունակէ մշակոյթի օրրան ըլլալ եւ տակաւին խօսք ունենալ ազգային խնդիրներու ձեւաւորման մէջ»։

Էսդուգեան այս ուղղութեամբ յատկապէս շեշտեց հայ դպրոցի դիրքը բաղդատութիւններ բերելով Միացեալ Նահանգներու պայմաններուն հետ։ «Մենք այնտեղ կը դժգոհինք մեր դպրոցներու աշակերտութեան թիւով, ըստ որու մօտաւորապէս 50 կամ 60 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքի մը ուսանողներու թիւին հազիւ 3 հազարով սահմանուած ըլլալուն դէմ։ Բայց ցաւով կը տեսնենք, որ շուրջ 1,5 միլիոնի հասնող հսկայ մարդկային ներուժով հանդերձ հսկայ Միացեալ Նահանգներու դպրոցներուն մէջ ուսանող աշակերտած թիւը հազիւ թէ կը հասնի 4 հազար 700-ի»։

Էսդուգեանի ելոյթը դիմաւորուեցաւ մեծ ոգեւորութեամբ, որմէ ետք ներկաները առիթը ունեցան նաեւ բազմաթիւ հարցումներ ուղղելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ