Սահակ Բ. Պատրիարքի Պատգամը Գահակալութեան Առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար Գումգաբու, 11 Յունուար 2020

«Տէր հո­­վուես­­ցէ զիս 
եւ ինձ ինչ ոչ պա­­կասես­­ցի»։

(Սղ. 23.1)

 

Յար­­գե­­­լի ներ­­կա­­­ներ, Հայ­­րեր եւ Եղ­­բայրներ՝

Երբ մեր կեան­­քի յա­­տուկ օրե­­րուն հաս­­նինք, ինչպէս այ­­սօր՝ հա­­շուե­­յար­­դարն ալ կը սկսի ինքնա­­բերա­­բար. «Ին­­չո՞ւ հա­­մար ես հոս եմ եւ ու­­րիշ տեղ մը չեմ գտնուիր»։ Հա­­ւատա­­ցեալի սրտին մէջ ներշնչո­­ւած պա­­տաս­­խա­­­նը ընդհան­­րա­­­պէս կ՚ըլ­­լայ սա­­պէս. «Աս­­տո­­­ւած առաջ­­նորդեց զիս մին­­չեւ հոս»։ Այս պա­­հուն երախ­­տա­­­պար­­տութեան եւ պաշ­­տա­­­մունքի խոր եր­­կիւղով կը խո­­նար­­հիմ այն Աս­­տո­­­ւածա­­յին Կամ­­քին առ­­ջեւ որ զիս հաս­­ցուց պատ­­րիար­­քի այս դիր­­քին, որուն դոյզն իսկ ար­­ժա­­­նի չեմ զգար ես զիս։ Սա­­կայն կա՚ն որո­­շումներ, որոնք կեան­­քիս վաղ տա­­րինե­­րուն առ­­նո­­­ւած են, ահա այդ ճա­­կատագ­­րա­­­կան պա­­հերու ընդմէ­­ջէն եկայ ու հա­­սայ այս օրհնեալ հանգրո­­ւանին։

…Կեան­­քիս բախ­­տա­­­ւորու­­թիւնը կը սե­­պեմ ճանչցած ըլ­­լալ ին­­ծի բա­­րի օրի­­նակ հան­­դի­­­սացող պատ­­կա­­­ռելի հո­­գեւո­­րական­­ներ։ Կը խո­­նար­­հիմ խնկե­­լի յի­­շատա­­կին առ­­ջեւ երա­­նաշ­­նորհ Շնորհք Պատ­­րիար­­քին, որ ներշնչեց եւ առաջ­­նորդեց զիս եկե­­ղեցա­­կան աս­­պա­­­րէզ։ Վստա­­հեցաւ ին­­ծի երբ տա­­կաւին թրքա­­խօս երի­­տասարդ մըն էի եւ տեղ տո­­ւաւ ին­­ծի իր սե­­ղանին վրայ եւ իր բա­­րի հո­­վիւի պատ­­կե­­­րը տպա­­ւորուեցաւ հո­­գիիս մէջ եւ բա­­ռին բուն իմաս­­տով եղաւ հո­­գեւոր ծնողս։ Նոյնպէս ջերմ երախ­­տի­­­քի զգա­­ցումներ ու­­նիմ հան­­գուցեալ նա­­խոր­­դիս՝ եր­­ջանկա­­յիշա­­տակ Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քին նկատ­­մամբ։ Բա­­րի վար­­դա­­­պետ մը եղաւ՝ ին­­ծի Տի­­րոջ ճամ­­բա­­­ներուն մէջ առաջ­­նորդե­­լով եւ ուսման սէ­­րը բոր­­բո­­­քեց մէջս։ Իր տե­­սիլքնե­­րով տպա­­ւորեց զիս եւ ես ալ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կեմ իր սկսած եւ կէս թո­­ղած ազ­­գօ­­­գուտ իր տե­­սիլքներն ու ծրա­­գիր­­նե­­­րը կեան­­քի կո­­չել։ Ծա­­ռայու­­թեան այս ըն­­դարձակ դաշ­­տին մէջ մտնե­­լու սա վճռա­­կան պա­­հուն ձե­­զի հետ միասին իմ նա­­խոր­­դին՝ ան­­մո­­­ռանա­­լի Մես­­րոպ Բ. Պատ­­րիար­­քի բա­­րի հո­­գիին հա­­մար աղօթք մը բարձրաց­­նել կ՛ու­­զեմ առ Աս­­տո­­­ւած, որ հանգչեց­­նէ զինք ի լոյս փա­­ռաց իւ­­րոց երկնա­­ւէտ երա­­նական խա­­ղաղու­­թեամբ եւ ըն­­դունի անոր բազ­­մա­­­բեղուն վաս­­տա­­­կը Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ այ­­գիին մէջ։

Ու­­նիմ նաեւ անձնա­­կան երախ­­տի­­­քի խո­­շոր բա­­ժին մը Նո­­րին Սուրբ Օծու­­թիւն Տէր Տէր Գա­­րեգին Բ սրբազ­­նա­­­գոյն Կա­­թողի­­կոսին։ Ինք էր որ գնա­­հատեց իմ տա­­ղանդն ու կա­­րողու­­թիւննե­­րը եւ ծա­­ռայու­­թեան ըն­­դարձակ դաշտ մը բա­­ցաւ իմ առ­­ջեւս, քա­­ջալե­­րեց եւ նե­­ցուկ կանգնե­­ցաւ այն բո­­լոր աշ­­խա­­­տան­­քին ու առա­­քելու­­թիւննե­­րուս, որոնք դար­­ձան կեան­­քիս ամե­­նէն ար­­դիւնա­­ւէտ տա­­րինե­­րը Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ։ Ի վեր­­ջոյյ զիս եպիս­­կո­­­պոսաց­­նե­­­լով հո­­գեւոր ծնող դար­­ձաւ։ Իր շի­­նարա­­րական աշ­­խուժու­­թիւնը եւ ան­­խոնջ աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւնը միշտ տպա­­ւորեց զիս եւ ներշնչեց խո­­րապէս։

Զիս ճանչցող­­նե­­­րը գի­­տեն որ եր­­բեք իմ առ­­ջեւս մեծ նպա­­տակ­­ներ եւ իտէալ­­ներ չեմ դրած դիր­­քե­­­րու եւ տիտ­­ղոսնե­­րու հաս­­նե­­­լու հա­­մար։ Ես Աս­­տուծոյ Խօս­­քի պարզ քա­­րոզի­­չը ըլ­­լալ ու­­զե­­­ցի։ Այն լոյ­­սը որ գտայ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչին մէջ, այնքան կեն­­սա­­­տու էր, որ մարդկու­­թեան մե­­ծագոյն ծա­­ռայու­­թիւնը ըլ­­լա­­­լով ըն­­կա­­­լեցի Տի­­րոջ Խօս­­քի մա­­տակա­­րարու­­մը։ Ես պարզ վար­­դա­­­պետ մը ըլ­­լալ ու­­զե­­­ցի եւ եղայ։ Փա­­ռաւոր կեանք մըն է եկե­­ղեցա­­կան աս­­պա­­­րէզը՝ եթէ մէ­­կը կո­­չում ու­­նի։ Որով­­հե­­­տեւ ան­­մահ հո­­գինե­­րու փրկու­­թեան նո­­ւիրո­­ւած աշ­­խա­­­տանք մըն է մե­­րը, ինչպէս Պօ­­ղոս Առա­­քեալը կ՚ըսէ. «Աս­­տուծոյ գոր­­ծա­­­կից­­ներն ենք մենք»։

Գի­­տեմ որ այժմ կը սպա­­սէ ին­­ծի ծանր բեռ մը եւ դժո­­ւարա­­կիր լուծ մը, որ միայն կրնայ թե­­թեւ­­նալ եւ քաղցրա­­նալ եթէ Տէր Յի­­սուս Ին­­քը ան­­ձամբ հան­­գիստ շնոր­­հէ տկար ու­­սե­­­րուս։ Եթէ ին­­ծի մնար, Տէր Յի­­սու­­սի Գեթ­­սէ­­­մանիի աղօթ­­քը կը կրկնէի. «Տէր, եթէ կա­­րելի է ինձմէ ան­­ցուր այս բա­­ժակը»։ Եւ սա­­կայն պի­­տի աւելցնէի անոր պէս. «Բայց ոչ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող կա­­տարո­­ւի»։ Օր­­մա­­­նեան Պատ­­րիար­­քի սկզբունքով կրնամ կրկնել. «Չեմ ցան­­կա­­­ցած դիր­­քե­­­րուն, բայց երբ պաշ­­տօն մը, պար­­տա­­­կանու­­թիւն մը ելած է առ­­ջեւս՝ եր­­բեք չեմ մեր­­ժած զայն»։

Սկիզ­­բէն ի վեր եր­­բեք հեշտ ու դիւ­­րին չէ եղած Պոլ­­սոյ Պատ­­րիարքնե­­րու գոր­­ծը եւ Տի­­րոջ ար­­տին մէջ մեզ­­մէ առաջ աշ­­խա­­­տող պատ­­րիարքնե­­րը մեծ գին վճա­­րեցին՝ յու­­սա­­­լով, որ իրենց վարձքը պի­­տի ստա­­նան երկնա­­ւոր թա­­գաւո­­րէն։ Ձեր բո­­լորի աղօթքնե­­րով Տէր Աս­­տո­­­ւած օժ­­տէ ին­­ծի վար­­չա­­­կան թարմ տա­­ղան­­դով մը եւ շնոր­­հէ ուժ, կո­­րով եւ իմաս­­տութիւն իր նո­­ւիրա­­կան հօ­­տը արա­­ծելու իր կա­­նաչ դաշ­­տե­­­րուն մէջ։ Կ՚ու­­զէի, ի հար­­կէ, այն գա­­ւազա­­նը որ ստա­­ցայ այ­­սօր, ու­­նե­­­նար Մով­­սէ­­­սի գա­­ւազա­­նի զօ­­րու­­թիւնը՝ ար­­գելքներ փա­­րատող եւ ծաղ­­կէր Ահա­­րոնի գա­­ւազա­­նին նման երկնա­­ռաք հե­­ղինա­­կու­­թեամբ։ Աղօթքս այն է, որ Տէ­­րը իմաս­­տութիւն տայ ին­­ծի, որ­­պէսզի իմա­­նամ թէ երբ եւ ինչպէս պէտք է գոր­­ծա­­­ծեմ այս հո­­վուա­­կան ցու­­պը ի շահ ամէ­­նուն։

Ժա­­մանակ­­նե­­­րը Քրիս­­տո­­­նէական կրօն­­քի եւ հա­­ւատ­­քի տե­­սակէ­­տէն սեւ ամ­­պեր եւ տխուր մար­­տահրա­­ւէր­­ներ կու­­տա­­­կած են հո­­րիզո­­նին վրայ։ Հի­­նը եւ նո­­րը, աւան­­դա­­­կանը եւ նո­­րելու­­կը եր­­բեք այսքան դէմ յան­­դի­­­ման չէին եկած ու իրա­­րամերժ դիր­­քո­­­րոշում չէին գրա­­ւած։ Մենք ստի­­պուած ենք հո­­մոզել մարդկու­­թիւնը որ հի­­նը միշտ ալ հին­­ցած չէ ու նորն ալ միշտ նո­­րոգող ու շի­­նիչ չէ։ Ո՛չ ոք գի­­տէ, թէ կեն­­ցա­­­ղի եւ բա­­րոյա­­կան ար­­ժէքնե­­րու փո­­փոխու­­թիւնը այս արա­­գու­­թեամբ ո՞ւր պի­­տի տա­­նի մարդկու­­թիւնը։ Կրօնքնե­­րու իմաս­­տութեան եւ պահ­­պա­­­նողա­­կանու­­թեան կա­­րիքը ու­­նինք աւե­­լի քան որե­­ւէ ժա­­մանակ՝ քննար­­կե­­­լու եւ ստու­­գե­­­լու հա­­մար առող­­ջութիւ­­նը եւ օգ­­տա­­­կարու­­թիւնը մեր առ­­ջե­­­ւը ակա­­մայ ցցո­­ւող նոր ճամ­­բա­­­ներուն, ար­­ժէքնե­­րուն ու ըն­­կա­­­լումնե­­րուն։ Շփո­­թած բազ­­մութիւններ կը սպա­­սեն տես­­նել եւ լսել Եկե­­ղեց­­ւոյ եւ հո­­գեւոր առաջ­­նորդնե­­րու ինքնավստահ կե­­ցուած­­քը ի սէր Աս­­տո­­­ւածա­­յին ճշմար­­տութեանց։ Պէտք չէ դադ­­րինք հնչեց­­նե­­­լէ եր­­կու հա­­զար տա­­րուայ Աւե­­տարա­­նին բա­­րի լու­­րը, նոյ­­նիսկ անի­­կա թո­­ւի շա­­տերուն «ձայն բար­­բա­­­ռոյ յա­­նապա­­տի»։ Ճշմար­­տութիւ­­նը պէտք չու­­նի պաշտպա­­նուե­­լու մեր կող­­մէ, այլ բա­­ւական է, որ ան պէտք է յայ­­տա­­­րարո­­ւի զօ­­րաւոր շեշ­­տով։ Քան­­զի ճշմար­­տութիւ­­նը կա­­րող է իր փաս­­տա­­­բանու­­թիւնը կա­­տարել. «Չի ծած­­կո­­­ւիր այն քա­­ղաքը որ լե­­ռան վրայ է շի­­նուած»։

Շատ յայտնի է որ մարդկա­­յին պատ­­մութեան մէջ շրջան մը իր վախ­­ճա­­­նին կը հաս­­նի եւ ժա­­մանակ­­նե­­­րը յղի են նոր ժա­­մանակ­­նե­­­րուն։ Մար­­գա­­­րէնե­­րու նա­­խագու­­շա­­­կած աշ­­խարհի վեր­­ջը յոյժ մօ­­տեցած կը թո­­ւի, բայց ան­­կէ առաջ «Ար­­քա­­­յու­­թեան այս Աւե­­տարա­­նը պէտք է որ քա­­րոզուի բո­­լոր ազ­­գե­­­րուն»։ Ի մաս­­նա­­­ւորի Հայ ժո­­ղովուրդը պէտք ու­­նի ազ­­դե­­­ցիկ մի­­ջոց­­նե­­­րով վերստին նո­­րոգո­­ւելու եւ հո­­գեպէս կեն­­դա­­­նանա­­լու Քրիս­­տո­­­սի ան­­մահ խօս­­քե­­­րով։ Առանց Աւե­­տարա­­նին տկար է մեր ազ­­գը։ Առանց մեր հայ­­րե­­­րու սուրբ ժա­­ռան­­գութեան տժգոյն կը դառ­­նայ մեր ժո­­ղովուրդի դի­­մագիծն ու նկա­­րագի­­րը։ Ա՚յս է մեր պատ­­մութեան դա­­սը։ Հե­­տեւա­­բար Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեցին կո­­չուած է հրա­­մայա­­կան եւ փրկա­­ւէտ կա­­րեւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող դե­­րակա­­տարու­­թեան, որ պի­­տի ճշդէ վերստին մեր ժո­­ղովուրդի ճա­­կատա­­գիրը 21.րդ դա­­րուն։ Հայ Եկե­­ղեց­­ւոյ չորս նո­­ւիրա­­պետա­­կան աթոռ­­նե­­­րէն մին՝ Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քութիւ­­նը, որուն առա­­ջին սպա­­սաւո­­րի պաշ­­տօ­­­նը ին­­ծի վստա­­հուե­­ցաւ այ­­սօր, «ժա­­մանա­­կի նշան­­նե­­­րը» կար­­դա­­­լով պի­­տի կազ­­մա­­­կեր­­պէ եւ պի­­տի տնօ­­րինէ շար­­ժումներ եւ պի­­տի մշա­­կէ ազ­­գօ­­­գուտ ծրա­­գիր­­ներ՝ հո­­վուե­­լու հա­­մար իրեն վստա­­հուած ժո­­ղովուրդը։

…Մեր Պատ­­րիար­­քա­­­կան եւ եղ­­բայրա­­կան սի­­րոյ ող­­ջոյննե­­րը թող հաս­­նին մեր Աթոռ­­նե­­­րու միաբան բո­­լոր եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րուն, Թե­­մերու առաջ­­նորդնե­­րուն, հո­­գեւո­­րական դա­­սուն, վար­­դա­­­պետաց, քա­­հանա­­յից եւ սար­­կա­­­ւագաց եւ հա­­մայն հա­­ւատա­­ցեալ ժո­­ղովրդեան, ի Հա­­յաս­­տան եւ ի սփիւռս աշ­­խարհի։

Մեր ան­­կեղծ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւնը կը յայտնենք Թուրքիոյ Պե­­տու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րուն եւ պե­­տական աւա­­գանիին որոնք բարձր մա­­կար­­դա­­­կով ներ­­կա­­­յու­­թիւն բե­­րին այս արա­­րողու­­թեան։ Մեր Երկրի բա­­րօրու­­թեան եւ բար­­գա­­­ւաճ­­ման աղօթքնե­­րը կը բարձրաց­­նենք առ Աս­­տո­­­ւած յան­­ձին Հան­­րա­­­պետու­­թեան վսե­­մաշուք նա­­խագահ Րէ­­ճէպ Թայ­­յիպ Էր­­տո­­­ղանի, աւելցնե­­լով մեր բա­­րեմաղ­­թանքնե­­րը իր առող­­ջութեան եւ արեւ­­շա­­­տու­­թեան հա­­մար։

«Տէ­­րը իմ հո­­վիւս է եւ ես ոչ մէկ պա­­կաս պի­­տի ու­­նե­­­նամ»։

Սի­­րելի եղ­­բայրներ եւ քոյ­­րեր,

Աղօ­­թեցէք որ Տէ­­րը միշտ հո­­վիւս ըլ­­լայ, որ­­պէսզի ես ալ անոր նման հո­­վուու­­թիւն կա­­տարեմ ձե­­զի վասն փա­­ռացն Աս­­տուծոյ, վասն խա­­ղաղու­­թեան եւ վասն բա­­րօրու­­թեան աշ­­խարհի, վասն պայ­­ծա­­­ռու­­թեան Ս. Եկե­­ղեց­­ւոյս եւ վասն շի­­նու­­թեան եւ բա­­րեկար­­գութեան ազ­­գիս Հա­­յոց. Ամէն։

ՍԱ­­ՀԱԿ Բ

ՊԱՏ­­ՐԻԱՐՔ ՀԱ­­ՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ