ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
«Կարծում են նոքա թէ մի օր մեր երգերին նուազում կու գայ։ Չգիտեն խեղճերը որ դու նման ես երկրիդ գետերին։ Քանի կայ լեառն Արագած, եւ քանի աշխարհում դու կաս, դժուար է ցամաքեն ակունքները
մեր ջինջ երգերի»։
Այս երկրորդ օրն է որ լսելով Արփիի (Շահնուպարեան) երգերը, Եղիշէ Չարենցի տողերը կպած մնացին շուրթերուս։
Հայաստանէն այցելութեան եկած էր Յարութ Տէր Յովակիմեան, եւ իր հետ բերած երկու ձայնասկաւառակ, որոնց արտադրութեան մէջ ինք ալ ունեցած է իր դերը թէ իբրեւ երաժիշտ եւ թէ իբրեւ արտադրող։
Առաջինը կը կրէ «Օրօրերգ» անունը, ուր տեղադրուած են 15 օրօրներ, հեղինակային կամ աւանդական։ Ուրախութիւն էր տեսնել թէ երգչուհի Արփի կատարողական իր նուրբ ու քնքուշ ոճի կողքին ունի նաեւ գրական եւ յօրինողական շնորհք։ Արդարեւ երգացանկի գործերուն մէկ մասին երաժշտութիւնն ու բառերը կը պատկանին իրեն։ իսկ մնացեալ օրօրոցայիններուն մէջ կը հանդիպինք Յովհաննէս Թումանեան, Ռաֆայէլ Պատկանեան, Մկրտիչ Կորիւն, Գեղամ Սեւան անուններուն, իբրեւ խօսքերու հեղինակներ։ Նոյնքան ուշագրաւ է յօրինողներու անուանացանկը, ուր կը գտնենք Ազատ Մանուկեան, Ռոմանոս Մելիքեան, Ալեքսանդր Սպենդիարեան, Կոմիտաս վարդապետ, Բարսեղ Կանաչեան, Ռուբեն Գրիգորեան, Խաչատուր Աւետիսեան եւ Գարեգին Առաքելեանի նման հսկաները։
Երբ երգն ու երաժշտութիւնը ունկնդրին կը մատուցուի ձայնապնակի կամ խտացեալ ձայնասկաւառակի միջոցաւ, բաժին կը վիճակի նաեւ կերպարուեստին։ «Օրօրերգ» այդ առումով ալ ուշագրաւ եղած է շնորհիւ Արմէն Վահրամեանի սրտախօսիկ գեղանկարներուն։
«Օրօրերգ»ը ինքնին հաճելի յայտնութիւն էր մեզի համար, քանի նախքան չէինք լսած Արփիի անունը ու գործը։ Բայց շուտով պարզուեցաւ թէ մեր ուրախութիւնը ու հրճուանքը պիտի կրկնապատկուէր լսելով երկրորդ ձայնասկաւառակը։ Այս անգամ մենք երգչուհիի թաւշեայ ձայնի կողքին հիացումով լսեցինք ժողովրդական ու աշուղական երգերու ընտրանի մը։ Համարեայ բոլորը ծանօթ այդ երգերը սակայն, այս նոր ալպոմի մէջ ստացած էին բոլորովին նոր տարազ, շնորհիւ խիստ յաջող մշակման եւ գործիքաւորման։
Կը տողանցեն երգեր, սկսելով «Թամզարա»էն, անցնելով Սայաթ Նովա, Գուսան Շահեն կամ Շերամի նման հայ աշուղական դպրոցի մեծ վարպետներէն, կանգ առնելով Մուսա լերան նշանաւոր ժողովրդական մեղեդիներէն, աւարտին կը հասնի «Մարտիկի երգ»ով։
Այս երգերը իրենց նոր կաղապարին մէջ մեզ հմայեցին, որու հետեւանքով ալ Չարենցեան վերոյիշեալ տողերը կառչեցան մեր մտքին։ Յիրաւի սա երգ չէ առանցին, այլ երգի մէջ կուտակուած ձեւով ազգի մը ամբողջ երազանքը, տենչանքը, պայքարը, յաղթանակը եւ վերջապէս ընծան, նուէրը համաշխարհային մշակոյթին։
Յարութ Տէր Յովակիմեան հալէպահայ ընտանիքի զաւակ որպէս՝ ծնած է Գանատա։ 2002-ին ներգաղթած Հայաստան եւ հոն ձեւաւորած իր երաժշտական կեանքը։ Եթէ այսօր հայկական երաժշտութեան շուկայի վրայ կը տիրէ աժան ամբոխավարութեան հետեւանքով ձեւաւորուած ռազմատենջ, սնամէջ ազգայնականութիւնով խմորուած անճաշակութիւն մը, ինք ու իր նմանները այդ միջավայրին իսկ վառ կը պահեն ազգին բուն հարստութիւնը դարձած բարձրորակ արուեստը։ Ողջոյն իրենց ստեղծագործ վաստակին։