Պոլսոյ մէջ մշակութային ժառանգը յայտնաբերելու ուղղուած նախագիծերու առաջինն էր «2012-ի Յայտարարագիրը», (2012 Պէյաննամէսի) որ իր տեսակին մէջ եզակի դարձաւ ընդգրկելով այս մեծ քաղաքի երբեմնի եւ ցարդ կայուն մշակութային կոթողները։
Այդ նախագծի յաջողութեան վրայ մեկնարկեց «Մշակութային ժառանգ» նախագիծը, այս անգամ ընդլայնելով ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին։ Այդ ծիրէն ներս հրատարակուեցան երկրի զանազան քաղաքները իրենց պատմական անցեալով, ընկերային եւ տնտեսական յատկութիւններով ծանօթացնող գիրքեր։
Հրանդ Տինք Հիմնարկի նման բովանդակութեամբ մշակած վերջին նախագիծը ըլլալով կը ներկայանայ «Քարտէս»ը, որուն ծանօթացումը կատարուեցաւ 9 Յունուար Հինգշաբթի երեկոյ Անարատ Յղութիւն շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ։
«Քարտէս» Պոլսոյ բազմաշերտ ու բազմազգի մշակութային ժառանգը նկարագրող ուղեցոյց է, որմէ կարելի է անվճար օգտուիլ բջջային հեռախօսի վրայ տեղադրելով App Store կամ Google play ի միջոցաւ։
Ինչպէս յաճախ կը պատահի, այս անգամ ալ ծանօթացման միջոցառումը արժանացաւ հասարակութեան ուշադրութեան, որու հետեւանքով ամբողջ սրահը լեցուած էր եւ ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասը հարկադրուեցաւ միջոցառման հետեւիլ մուտքի սրահի տեսալսողական դրութեան շնորհիւ։
Նարօտ Ավճը, Ռուտի Սայաթ Բուլաթեան եւ Ադոմ Շաշքալէ բաղկացող աշխատակազմի անունով Նարօտ Ավճը հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ ներկաներուն եւ ապա բարձրախոսը յանցնեց այս նախագծին իրականացման օժանդակողներուն։ Այսպէս Պերքեն Տէօնէր Գատըգիւղի Մոտա թաղի, Խրիսթօ Քոփանօ Փերայի, Թագուհի Թովմասեան Ետիգուլէի եւ Ահմետ Թանրըվերտի ալ Մեծ կղզիի երբեմնի ապրումներուն մասին յուշեր փոխանցեցին։
«Քարտէս» նախագծի ծանօթացման հաւաքը աւարտեցաւ ընդունելութեամբ։