ԻՍԹԻՔԼԱԼԻ ՎՐԱՅ «ԿԷՕԶԻՒՆ ԷՇԷՔ»

Երբ 6-7 տարեկան էի հազիւ ո՞վ գիտէ քանի անգամ Ղամիշլիի փողոցներուն վրայ ամառուայ տօթին ընկերներուս հետ «Կէօզիւն էշէք» խաղացած եմ։ Թէեւ շատ կը սիրէինք այդ խաղը, բայց որովհետեւ բազմութիւնով խաղալ պէտք է, այնքան ալ յաճախ չէինք կրնար խաղալ։ Մեր բնակած փողոցին վրայ միայն երկու ընկերներ ունէի։ Հետեւաբար շատ ձեռնտու չէր այդ խաղը մեզ համար։ Բայց երբեմն կողքի փողոցի տղաքն ալ կու գային իրենց հետ ֆուտպոլ կամ քարեգնդիկ խաղալու կողքին «Կէօզիւն Էշէք ալ կը խաղայինք։ Վստահ էինք թէ խաղին անունը այսպէս է։ Իմ սերունդի տիյարպէքիրցի նախնիներէն սորված բազմաթիւ թրքերէն բառերու նման այս բառն ալ տարիներու հոլովոյթով ձեւափոխուած էր կ՚երեւի թէ։ Խաղի բուն անունը «Ուզուն էշէք» էր։ Այս իրողութիւնը շատ ուշ սորված եմ։ Շատ կը սիրէինք իրարու ետեւ դիզուած տղոցմէ բաղկացող իշուն կռնակը ցատկել։ Նշանակութիւն չունէր, թէ ցատկողներու շարքին ենք, թէ չոգածներուն։ Կռնակնիս երկու, երեք հոգիի ծանրութեան տակ որքան պիտի դիմանանք յայտնի չէր։ Հեծնողները յամառօրէն կը ջանային իրենց դիրքը պահելու։ Ի վերջոյ կը սպառէր վարիններուն ուժը եւ էշը փուլ կու գար։ Խաղը միշտ կ՚աւարտէր ուրախ ճիչերով։ Իսթիքլալ փողոցի վրայ քայլելու ժամանակ ուրախ ճիչեր լսելով ուղղուեցայ դէպի ձայնին եկած կողմը։ Մանկութեան տարիներէս այս կողմ առաջին անգամ հանդիպած էի Ուզուն էշէք խաղացողներուն։ Յիշողութեանս մէջ 45 տարի ետք գացի։ Ծիծաղելին այդ էր թէ այս անգամ խաղացողները թաղի տղաքը չէին, այլ խումբ մը երիտասարդ։ Հայրենաբաղձութեան զգացումներով հետեւեցայ իրենց խաղին եւ ապա սկսայ նկարել։ Այդ պահուն համոզուեցայ, թէ որքան ճիշդ որոշում մը առած եմ Իսթանպուլ գալով։ Ինչ լաւ էր անծանօթներ անգամ մը եւս կը յուշէին, թէ օտարութեան մէջ չեմ։ Այլ ընդհակառակը հարազատ միջավայրի։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ