Ցուցադրուեցաւ Ռենա Լուսին Պիթմեզի մրցանակաւոր ֆիլմը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Բազում անգամներ գրած էինք Ռե­­­նա Լու­­­սին Պիթ­­­մե­­­­­­­զի մրցա­­­նակա­­­ւոր վա­­­ւերագ­­­րա­­­­­­­կան ֆիլ­­­մի՝ «Աս­­­տո­­­­­­­ւած գաղ­­­թա­­­­­­­կան մա­­­նուկնե­­­րը կը սի­­­րէ՞ մայ­­­րիկ»ի մա­­­սին։ Քա­­­նի կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէր ֆիլ­­­մի փա­­­ռատօ­­­ներու մաս­­­նակցու­­­թիւնը, առի­­­թը չէինք ու­­­նե­­­­­­­ցած զայն դի­­­տելու։ Նա­­­խորդ ուրբաթ երե­­­կոյ յա­­­տուկ ցու­­­ցադրու­­­թեան մը շնոր­­­հիւ ար­­­ժա­­­­­­­նացանք այդ առի­­­թին, ֆիլ­­­մը դի­­­տելով Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի եկե­­­ղեց­­­ւոյ Շի­­­րինօղ­­­լու սրա­­­հին մէջ։

Նախ պար­­­տինք նշել, որ ֆիլ­­­մը պատ­­­մութեան մէջ իր ար­­­ժա­­­­­­­նի տե­­­ղը պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նայ ճիշդ ալ ներ­­­կայ ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու յա­­­տուկ տա­­­ռապանքնե­­­րը վա­­­ւերա­­­կանօ­­­րէն ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու առու­­­մով։

Վա­­­ւերագ­­­րա­­­­­­­կան ֆիլ­­­մե­­­­­­­րու կա­­­րեւոր թե­­­րու­­­թիւննե­­­րէն մէ­­­կը անոնց շար­­­ժանկա­­­րի յա­­­տուկ պատ­­­մե­­­­­­­լաոճէն դուրս մնա­­­լով բա­­­նաւոր պատ­­­մութեան օրի­­­նակ հան­­­դի­­­­­­­սանալն է։ Սա­­­կայն Ռե­­­նա Լու­­­սին Պիթ­­­մեզ մեծ յա­­­ջողու­­­թեամբ շրջան­­­ցած էր այդ ծու­­­ղա­­­­­­­կը եւ հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սին մա­­­տու­­­ցած գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան բարձր որա­­­կով գործ մը։

Պիթ­­­մե­­­­­­­զի տե­­­սախ­­­ցի­­­­­­­կը հիմ­­­նա­­­­­­­կանօ­­­րէն երեք վայ­­­րե­­­­­­­րու մէջ է, որ կեան­­­քի դրո­­­ւակ­­­ներ կը ձեր­­­բա­­­­­­­կալէ։ Այդ վայ­­­րե­­­­­­­րու առա­­­ջինն է պատ­­­մա­­­­­­­կան Գումգա­­­բու թա­­­ղը, որ ինչպէս ան­­­ցեալին, այ­­­սօր ալ այս քա­­­ղաքին մէջ ապաս­­­տան գտած բազ­­­մազգի գաղ­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեան մը օր­­­րանն է։ Սա­­­կայն մենք գործ ու­­­նինք նո­­­րան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն ապ­­­րուստ ճա­­­րելու հա­­­մար Թուրքիա եկած եւ այստեղ դժո­­­ւար պայ­­­մաննե­­­րով կեանք շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող հա­­­յերու հետ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Պիթ­­­մե­­­­­­­զի ոսպնեակի պատ­­­կերներ որ­­­սա­­­­­­­ցած երկրորդ վայ­­­րը քա­­­նի մը ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րու միաս­­­նա­­­­­­­բար օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած հին շէնք մըն է։

Ինչպէս անունն ալ պի­­­տի վկա­­­յէ, ֆիլ­­­մի գլխա­­­ւոր դե­­­րակա­­­տար­­­նե­­­­­­­րը ան­­­չա­­­­­­­փահաս­­­ներ են, որոնք իրենց ծնո­­­ղաց ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցե­­­­­­­լով եկած են այս օտար քա­­­ղաքը եւ կը փոր­­­ձեն ոտք յար­­­մարցնել տի­­­րող մի­­­ջավայ­­­րին։

Կա­­­րելի է ըսել, թէ ֆիլ­­­մի կա­­­րեւո­­­րագոյն պատ­­­գամնե­­­րը պա­­­հուած են ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րու մէջ։ Այդ պա­­­հուած իմաս­­­տը ըն­­­կա­­­­­­­լելու հա­­­մար հարկ է իմա­­­նալ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պայ­­­մաննե­­­րը։ Առտնի դաս­­­տիարակ­­­չութեան մշա­­­կոյ­­­թի մը լա­­­ւագոյն դրսե­­­ւորումնե­­­րը կը տես­­­նենք երի­­­տասարդ գաղ­­­թա­­­­­­­կան կնոջ իր աղջկան հետ զրոյ­­­ցի պա­­­հուն։

Ֆիլ­­­մի նկա­­­րահա­­­նուած եր­­­րորդ վայրն է Հրանդ Տինք վար­­­ժա­­­­­­­րանը, կամ այլ խօս­­­քով Կե­­­տիկ­­­փա­­­­­­­շայի Աւե­­­տարան­­­չա­­­­­­­կան եկե­­­ղեցիի նկու­­­ղին տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած դասարան­­­նե­­­­­­­րը։ Այստեղ դար­­­ձեալ ակա­­­նատես կ՚ըլ­­­լանք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժա­­­­­­­կան բարձր մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կին, ուր աշա­­­կեր­­­տը կը պատ­­­րաստո­­­ւի իր մտքի, ըն­­­կալման եւ պատ­­­կե­­­­­­­րաց­­­ման սահ­­­մաննե­­­րը ընդմիշտ ընդլայ­­­նե­­­­­­­լով։

Հաս­­­տա­­­­­­­տենք վե­­­րեւ նշո­­­ւած միտ­­­քը, ըսե­­­լով թէ մեր դի­­­մաց ու­­­նինք ոչ միայն յա­­­ջող շար­­­ժանկա­­­րի գործ մը, այլ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ան­­­կա­­­­­­­խացու­­­մէն ետք գո­­­յացած ճգնա­­­ժամի պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ Իս­­­թանպուլ եկած հայ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ապ­­­րումնե­­­րուն մա­­­սին իրա­­­ւացի վկա­­­յու­­­թիւն մը։

Այդ վկա­­­յու­­­թիւնը ալ աւե­­­լի յստա­­­կացաւ, երբ ցու­­­ցադրու­­­թե­­­­­­­նէ ետք բե­­­մադ­­­րիչ Ռե­­­նա Լու­­­սին Պիթ­­­մեզ ըն­­­դա­­­­­­­ռաջե­­­լով բուռն ծա­­­փահա­­­րու­­­թիւննե­­­րուն, հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սը ող­­­ջունեց իր կող­­­քին ու­­­նե­­­­­­­նալով ֆիլ­­­մի պա­­­տանի դե­­­րասան­­­նե­­­­­­­րը։ Այդ օր ցու­­­ցադրու­­­թեան մաս­­­նակցած էին նաեւ Հրանդ Տինք դպրո­­­ցի տնօ­­­րէնու­­­հի Հե­­­րիք­­­նազ Աւա­­­գեան եւ հո­­­գաբար­­­ձուներ՝ Թա­­­լար եւ Ար­­­թօ Հո­­­րոզօղ­­­լու ամո­­­լը։

Արո­­­ւես­­­տը կրկին ան­­­գամ ար­­­դա­­­­­­­րացուց իր հետ կա­­­պուած ակնկա­­­լու­­­թիւնը, որն է թարգման ըլ­­­լալ ժո­­­ղովուրդի ապ­­րումին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ