Հայկական տաղասացութիւն - 1100-1722 - Գ. մաս

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Հայկական տաղասա­ցու­թիւնը հայ ժո­ղովուրդի ձայնն է, մերթ ցնծա­գին, մերթ ող­բա­գին։ 1100-1700 թո­ւական­նե­րուն Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հը տե­սաւ թա­թարա­կան, մոն­ղո­լական աս­պա­տակու­թիւններ, հարստա­հարու­թիւններ, տե­ղահա­նու­թիւններ, հա­մաճա­րակ­ներ... Բայց եղան պայ­ծառ օրեր, եկաւ գա­րու­նը, հայ տա­ղասաց­նե­րու ամե­նասի­րած եղա­նակը, ու ար­դար արե­գակի տակ ծաղ­կե­ցան ծա­ղիկ­ներ, խնճոյք էր ամէ­նուր, առատ էր մեր սե­ղանը, յոր­դե­ցաւ գի­նին եւ մեր քա­ղաք­նե­րու մէջ հնչե­ցին ու­րախ եր­գեր։ «Հայ­կա­կան տա­ղասա­ցու­թիւն» յօ­դուա­ծաշա­րի եր­րորդ հա­տուա­ծի մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, այ­սօր ծա­նօթա­նանք ուշ միջ­նա­դարու տա­ղասաց­նե­րու ընտրա­նիի մը ու վա­յելենք անոնց ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով կազ­մո­ւած փունջ մը։

Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցին ապ­րե­ցաւ 1500-ական­նե­րուն, հա­ւանա­բար Ղրի­մի Կա­ֆա քա­ղաքի մէջ։ Ան առա­ջինն է, որ եր­գեց խնճոյ­քը, ու­րա­խու­թիւնը եւ կեան­քի վա­յել­քը։ Կեն­սա­սէր է Խա­րասար­ցին։ Ան ժո­ղովրդա­կան տօ­նախմբու­թիւննե­րը նկա­րագ­րեց իրենց աշ­խարհիկ երե­ւոյթնե­րով։ Հայ­կա­կան եր­գի ու­րախ սե­ղանին Խա­րասար­ցին նո­ւիրեց «Վասն ու­րա­խու­թեան» տա­ղը, որ ծա­նօթ է նաեւ «Բուն բա­րեկեն­դա­նի տաղ» անու­նով։ Այբբե­նական է ան, ու­նի Այ­բէն մին­չեւ Քէ տա­ռով սկսող տո­ղեր։ Ահա այսպէս. «Այբն ասէ. Այ­սօր ըմ­պեմք, Բենն ասէ. Բե­րեք գի­նի... Գիմն ասէ. Գի­նի անուշ...»։ Տա­ղը կ՚աւար­տի բարձր տրա­մադ­րութեամբ. «Փիւրն ասէ. Փառք տամք այ­սօր, Քէն ասէ. Քա­հանա­յիւք... Ու­րախ լեր, ու­րախ լեր, ու­րախ լեր, տան տա­նու­տէրս ասպնջա­կան, ու­րախ լեր»։

Ապա եկաւ վշտա­հար Գրի­գորիս Աղ­թա­մար­ցին։ Միջ­նա­դարեան մար­դու ներ­քին տա­ռապան­քը, դա­տաս­տա­նի սար­սա­փը, վա­ղահաս մա­հուան զար­հուրան­քը, հայ­րե­նիքի ող­բա­լի վի­ճակը, աս­տանդա­կան կեան­քի աղա­ղակը ո՛չ մէկ տա­ղասա­ցի գոր­ծե­րու մէջ աւե­լի լսե­լի է, քան Արծրու­նի­ներու թա­գաւո­րական տոհ­մէն սե­րած, Աղ­թա­մարի կա­թողի­կոս Գրի­գորիս Աղ­թա­մար­ցիի գոր­ծե­րը։ 1480-1550 թո­ւական­նե­րուն ապ­րե­ցաւ ան։ Երկրի ան­հաստատ վի­ճակը ստի­պեց, որ ան ապաս­տան գտնէ Ար­ճէ­շի, Մե­ծոփի, Վա­րագայ եւ Ուռնկա­րի վան­քե­րու մէջ։ Բա­նաս­տեղծի հե­տեւեալ տո­ղը կը բա­ւէ պատ­կե­րաց­նե­լու հա­մար, թէ անօ­րէն «հա­գարա­ցինե­րը» (արաբ­նե­րը) ինչպէ՛ս կը վա­րուէին մեր երկրի եւ մեր ազ­գի հետ. «Հա­գարա­ցիք օրի­նօք թիւր, զազգս խան­ձեն որ­պէս զհուր...»։ Բա­նաս­տեղծը նաեւ ինքզինք նկա­տեց մե­ղաւոր ու ըսաւ. «Եղուկ ու հա­զար մի վայ, / Որ մե­ղօք ես աղ­տե­ղացայ, / Ղե­կօք ես ի ծով իջայ, / Եւ հող­մով չա­րին վա­րեցայ»։ Ժո­ղովրդա­կանա­ցած է Աղ­թա­մար­ցիի «Յա­մէն առա­ւօտ եւ լոյս» տա­ղը, որում մէջ բա­նաս­տեղծը ամէն առ­տու կը լսէ սո­խակի քաղցր ձայ­նը, բայց կը սար­սա­փի, մտա­ծելով թէ ար­դեօ՞ք մա­հուան կանչն է ան. «Յա­մէն առա­ւօտ եւ լոյս, Գաբ­րիէլն ասէր հոգ­ւոյս։ Արի՛, ե՛լ ի յայս այ­գոյս...»։ Այդ «այ­գին» կեանքն է, զոր մար­դը կը սի­րէ մշա­կել ու պտուղնե­րը վա­յելել։ Մար­դը ջանք կը թա­փէ, այդպէս չէ՞, բա­րեկե­ցիկ կեանք մը ապ­րե­լու հա­մար, քար քա­րի վրայ կը դնէ, պատ պա­տի քով կը հիւ­սէ... «Իմ նո­րատունկ այ­գոյս՝ քար եմ բե­րեր սա­րերոյս, ջուր եմ բե­րեր լեռ­նե­րոյս, աղ­բիւր եմ շի­ներ այ­գոյս, դեռ չեմ խմեր ի ջրոյս։ Ուռ եմ տնկեր այս այ­գոյս, դեռ չեմ կե­րեր պտղոյս»։ Այ­գե­պանի հա­մար սար­սա­փելի է մա­հուան գա­ղափա­րը, քան­զի, «Ինչպէ՞ս ել­նեմ ի յայ­գոյս, գէմ չար փուշ կայ պա­տերոյս»։ «Փուշ»ը, յար­գե­լի ըն­թերցող մեր մեղ­քերն են։ Ինչպէ՞ս ձգել երկրա­յին կեան­քը եւ յայտնո­ւիլ դա­տաստա­նի առ­ջեւ, երբ մեր մերկ ոտ­քե­րուն խճճո­ւած են մեղ­քի փու­շե­րը...։ Երկրի խա­ղաղ օրե­րուն, Աղ­թա­մար­ցին գրի առաւ տա­ղեր, գե­ղեց­կուհի մը փա­ռաբա­նող, հա­մար­ձակ, կեն­սա­խինդ։ Չենք գի­տեր, թէ Մա­րիամ Աս­տո­ւածած­նի՞ն են նո­ւիրո­ւած անոնք, թէ հո­ղեղէն գե­ղեց­կուհիին։ Ժո­ղովուրդը զա­նոնք ու­զեր է ըն­կա­լել, որ­պէս աշ­խարհիկ եր­գեր։ Ահա քա­նի մը պատ­կե­րաւոր պա­տառիկ. «Գի­շերն մինչ ի լուս ես, տա­պիմ եւ տո­չորիմ ես, վա­խեմ թէ մեռ­նիմ ես ի քէն հե­ռի եւ ան­տես», «Սի­րամար­գի նման սա­ւառ­նա­ցեալ ես, վար­դի թփի նման աթ­լաս հա­գեր ես», «Ձայն տուր ինձ, ո՛վ տար­փա­լի, մար­մինս իմ նո­ւաղեալ մա­շի», «Արե­գակ­նա­փայլ գե­ղով լի լու­սին ի տաս­նուհըն­գէ, / Աչեր ծով ի ծով ու­նիս, սոս­կա­լի վար­սա­ւոր սրով­բէ. / Ու­ներդ է քա­շած կա­մար, զինչ գար­նան աղեղն ի յամ­պէ, / Լե­զուդ տա­պար­զի շա­քար, քո շրթունքդ վար­դի թերթ է», «Նո­րաբոյս ծա­ղիկ եւ տունկ նշե­նի, երեսդ է պայ­ծառ քան զթերթ վար­դի», «Սի­րով լա­փեցիր եւ արիր զսիրտս խոց, կու տա­պիմ եւ այ­րիմ որ­պէս ի հնոց», «Քո մէջքդ է բա­րակ քան զու­ռի», «Բխեն ստինքդ կաթն քո գի­նի, մեղր ի շրթանցդ քո կա­թի», «Մո­մեղէն մա­սունք, հոտ պա­լասա­նին / Դու նուշ ու շա­քար, տուփ անոյշ խնկին»։ Իսկ բա­նաս­տեղծը ի՞նչ ածա­կան­նե­րու ար­ժա­նի գտաւ ինքզինք։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, մի՛ ակնկա­լէք շող­շո­ղուն եւ փա­ռասի­րու­թեամբ ուռչած բա­ռեր։ Իր տա­ղերու մէջ Աղ­թա­մար­ցին է «խեւ, յի­մար, եղ­կե­լի, ողոր­մե­լի, մո­լորեալ, անի­մաստ, թա­փառ­նիկ աղ­քատ, ու­նայնա­բան, ծա­ռայ մե­ղաց»։

Ապա եկան բա­նաս­տեղծներ, որոնք առօ­րեայ կեն­ցա­ղը պատ­կե­րող եր­գի­ծական գոր­ծեր հե­ղինա­կեցին։ 1507 թո­ւակա­նին հա­յաշատ Եւ­դո­կիա քա­ղաքի մէջ ծնած, Ռու­մա­նիոյ մէջ Մխի­թար Գօ­շի «Դա­տաս­տա­նագիրք»ը ղպչա­խերէ­նի թարգմա­նած Մի­նաս Թո­խաթե­ցին մե­զի պատ­մեց, թէ որ­քան կը սի­րեր հե­րիսան։ Ահա «Տաղ եւ գո­վասանք հե­րիսի» բա­նաս­տեղծու­թե­նէն հա­տուած մը. «Հի­ւանդ մար­մինս ի դող ելաւ, / Յան­կարծ շու­տով առող­ջա­ցաւ, / Հո­գով, մարմնով ու­րա­խացաւ, / Երբ հե­րիսի խա­պար հա­սաւ... Ա՛յ հե­րիսայ, իմ գո­վական, / Ոչ ոք չկայ ի քեզ նման, / Ամէն մար­դիկ դէմ քեզ դո­ղանե։ 1500-ական­նե­րու երկրորդ կէ­սի բա­նաս­տեղծ, ար­քե­պիս­կո­պոս, Լվով քա­ղաքի հա­յոց առաջ­նորդ Պար­սամ Տրա­պի­զոն­ցին տա­ռապե­ցաւ եւ գան­գա­տեցաւ... ակ­ռա­յի ցա­ւէն. «Ակ­ռա­յեկս հալ մի չու­նի, / Կու խոս­տէ, յիս չի մնաց հո­գի, / Թէ տամ քա­շել, նա կու ցա­ւի, / Դու ի՞նչ խրատ կու տայք ին­ձի։ / Հո­գիս կել­նու հետ չոր հա­ցի, / Հա­ւաս ու­նիմ ես չոր մսի, / Զէտ որ ի յակ­ռաս կու հա­սանի, / Այլ չի մնաց ի յիս հո­գի»։ Յով­հաննէս տա­ղասա­ցը, առա­ջինը աշ­խարհի մէջ, զգու­շա­ցուց ծխող­նե­րուն. «Ով որ սո­վոր է ի թու­թուն (ծխա­խոտ), / Բա­զում վնաս գոր­ծէ հո­գոյն, / Վնաս հո­գոյն եւ վիշտ մարմնոյն, / Ձե­ռօք աւեր առ­նէ զիւր տուն»։

Ան­ցեալ շա­բաթ, կը յի­շէ՞ք, խոս­տա­ցեր էի, թէ պի­տի վե­րադառ­նար գա­րու­նը, ծիլ ու ծա­ղիկ պի­տի ըլ­լար ու մեր եր­կի­րը կրկին պի­տի վե­րածո­ւէր բու­րումնա­ւէտ դրախ­տա­վայ­րի մը։ Ուստի, յօ­դուա­ծիս հրա­ժեշտ կու տամ մէջ­բե­րելով Կար­նոյ Սա­լաձոր գիւ­ղի մէջ ծնած «որ­բիկ» Դա­ւիթ Սա­լաձոր­ցիի «Գո­վասանք ծաղ­կանց» իւ­րա­յատուկ տա­ղը։ Հոն գո­վեր­գո­ւած են Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հի շուրջ հա­րիւր տե­սակ ծա­ղիկ­ներ, «Սու­սամն գուլգազ է ներ­կած, գունն է գլուխ կար­միրնե­րուն, միշտ գե­ղեցիկ է, խիստ պայ­ծառ, բուսնի մէջ պաղ աղ­բուրնե­րուն։ Զամ­բիւղ ծա­ղիկն հո­տովն անուշ, ինքն սպի­տակ- կարմրա­գուն, նար­դոս ծա­ղիկն ու կի­նամոն լցո­ւել են աս­տուծոյ բա­րուն։ Այն նու­նուֆար ծա­ղիկն որ կայ, բուսնի յե­զերս ջրե­րուն, օձերն զինքն կու պա­հեն, մարդ չի քա­ղել նո­ցա ահուն։ Այն հա­մաս­փիւռ ծա­ղիկն որ կայ, ծաղ­կել ծաղ­կովն հա­զարա­գոյն, կոյր աչե­րուն լոյս կու բե­րէ, թէ Տէրն տայ ադա­մոր­դուն»։ (Յա­ջորդ յօ­դուա­ծը. Նա­հապետ Քու­չակ, Պաղ­տա­սար Դպիր, Պետ­րոս Ղա­փան­ցի եւ վեր­ջա­պէս՝ Նա­ղաշ Յով­նաթան։)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ