8Դեկտեմբերին կայացաւ Պատրիարքական ընտրութիւններու առաջին փուլը։ Պատգամաւորները ճշդուեցան ժողովուրդի ձայներով։ Իսկ 11 Դեկտեմբերին պատգամաւորներու ժողովը յայտարարեց Թուրքիոյ հայոց նորընտիր 85-րդ պատրիարքը։ Այս շաբաթավերջին՝ 11 Յունուար շաբաթ օր կը կայանայ Սահակ Բ. Պատրիարքի գահակալութիւնը։ Այս յատուկ արարողութեան համար քաղաքս կը ժամանեն բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրեր, որոնց կարգին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ներկայացուցիչները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի ներկայացուցիչները, Երուսաղէմի Պատրիարքարանի ներկայացուցիչը, Հռոմի Պապը ներկայացնող քարտինալ մը եւ քաղաքիս բոլոր յարանուանութիւններու առաջնորդներ՝ գլխաւորութեամբ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Սրբազանը։
Կ՚ակնկալուի թէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը այս առթիւ արքեպիսկոպոսի կոչում շնորհէ նորընտիր պատրիարքին։