Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնեցաւ Օրհնեալ Է Յայտնութիւնն Քրիստոսի Ձեզի Եւ Մեզի Մեծ Աւետիս

Տարիներ կ՚անցնին եւ մենք խոր մխի­­­­թարանք կը զգանք եր­­­­կու հա­­­­զար տա­­­­րուան աւե­­­­տիսը վերստին հնչեց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու. «Քրիս­­­­տոս ծնաւ եւ յայտնե­­­­ցաւ»։

Մեր ման­­­­կութեան ջեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­գոյն յի­­­­շատակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով խան­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է այս օրը, չենք ու­­­­զեր որ փո­­­­խուի։ Ամէն ինչ կը փո­­­­խուի մեր շուրջ. մեր տա­­­­րիքը, շրջա­­­­պատը, աշ­­­­խարհը, ժա­­­­մանակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, ամէն ինչ։ Իսկ մենք կ՚ու­­­­զենք փա­­­­րոս­­­­ներ գտնել այս ծփծփուն եւ վա­­­­ղան­­­­ցուկ իրա­­­­կանու­­­­թեանց մէջ։ Մեր լոյս հա­­­­ւատ­­­­քի ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւններն են այդ փա­­­­րոս­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, որոնք կը փայ­­­­լին ամ­­­­բողջ տա­­­­րի Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նէական տօ­­­­ներու շքեղ տո­­­­ղանցքո­­­­վը՝ ետեւ ետե­­­­ւէ։

Ահա, եղա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը յա­­­­ջոր­­­­դե­­­­­­­­­­­­­­­ցին իրա­­­­րու եւ երկրա­­­­գունդը արա­­­­գըն­­­­թաց շրջան մը եւս բո­­­­լորեց արե­­­­գակին շուրջ եւ մեր ճամ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ները զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­դիպե­­­­ցան կրկին Բեթ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­հէմի խորհրդա­­­­ւոր մթնո­­­­լոր­­­­տին։ Կար­­­­ծէք թէ այ­­­­սօր է տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցեր Ս. Ծնունդը. այնքան թարմ են պա­­­­տահած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ յա­­­­ւեր­­­­ժօ­­­­­­­­­­­­­­­րէն կեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նի։ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածորդւոյն Աստղը կը փայ­­­­լի մեղ­­­­միկ՝ երկնա­­­­կամա­­­­րին վրայ պսպղուն՝ առաջ­­­­նորդե­­­­լով մեզ հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պելու տիեզեր­­­­քի իմաս­­­­տին։ Խոր­­­­հուրդ մեծ եւ սքան­­­­չե­­­­­­­­­­­­­­­լի. «Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած մար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ»։

Սի­­­­րելի հա­­­­ւատա­­­­ցեալ ժո­­­­ղովուրդ մեր,

Բեթ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­հէմի այ­­­­րին մէջ, ուր Աս­­­­տուա­ծոր­­­­դին ման­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ՝ եղաւ մե­­­­ծագոյն յայտնութ­­­եան վայ­­­­րը աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին սի­­­­րոյ։ Հօր Աս­­­­տուծոյ սիր­­­­տէն ծնունդ առ­­­­նող Միածի­­­­նը հա­­­­ճեցաւ այս ան­­­­գամ Սուրբ Կոյ­­­­սի ար­­­­գանդէն ծնիլ մարդկու­­­­թեան պատ­­­­մութեան մուտք գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լու հա­­­­մար 2020 տա­­­­րի առաջ։ Ան ծնաւ մեղ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րու բան­­­­տէն ազա­­­­տելու հա­­­­մար մար­­­­դը, որուն մէջ արա­­­­տաւո­­­­րուած աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րը վե­­­­րականգնե­­­­լու, անոր հո­­­­գին ազա­­­­տելու, որ­­­­պէսզի փրկո­­­­ւելով մա­­­­հուան ճի­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն՝ ետ դառ­­­­նայ Անա­­­­ռակ Որ­­­­դիին նման, իր Հօր տու­­­­նը՝ ու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­խու­­­­թիւն պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռելու Հօր եւ եր­­­­կինքի հրեշ­­­­տակնե­­­­րուն։ Մեծ է, շա՜տ մեծ է Աւե­­­­տիսը։

Տա­­­­կաւ կ՚ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­գան­­­­գէ հրեշ­­­­տակնե­­­­րու օրհներ­­­­գը Բեթ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­հէմի քար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րուտ հո­­­­վիտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ, բայց այս ան­­­­գամ՝ եր­­­­գակցու­­­­թեամ­­­­բը Ման­­­­կանց Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ՝ սփռո­­­­ւած ողջ աշ­­­­խարհի մէն մի ան­­­­կիւն։

… Տիեզե­­­­րական միու­­­­թեան պատ­­­­մութիւ­­­­նը կը սկսի Բեթ­­­­ղե­­­­­­­­­­­­­­­հէմի ման­­­­կան առա­­­­ջին ճի­­­­չով։ Նախ եւ առաջ, ժա­­­­մանակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը կամրջեն՝ հին եւ նոր, Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սէ առաջ եւ յե­­­­տոյ։ Հրեշ­­­­տակնե­­­­րը եւ մար­­­­դիկ կը միանան նոր եր­­­­գի մը շուրջ։ Աստղա­­­­գէտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը՝ այլ եւ այլ ազ­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­րէն, կու գան մէկ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­ղուե­­­­լու որ­­­­պէս հե­­­­թանոս­­­­ներ հրեային հետ։ Հա­­­­րուստը եւ աղ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­տը, ազ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւակա­­­­նը եւ ռա­­­­միկը, գի­­­­տու­­­­նը եւ տգէ­­­­տը, արուն եւ էգը, մար­­­­դը եւ անա­­­­սու­­­­նը, գի­­­­շերը եւ ցե­­­­րեկը մէ՛կ կը դառ­­­­նան։

…Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յայտնու­­­­թեան կեն­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­նորոգ տօ­­­­ներուն առի­­­­թով կ՚ող­­­­ջունենք Առա­­­­քելա­­­­կան Մայր Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ բո­­­­լոր զա­­­­ւակ­­­­ներն անխտիր։ Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սաւանդ ջեր­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­գին սի­­­­րով կ՚ող­­­­ջունենք նաեւ մեր Հո­­­­գեւո­­­­րական Դա­­­­սու ան­­­­դամնե­­­­րը, Սրբա­­­­զան Եպիս­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­պոս­­­­ներն ու Միաբան Հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը, Քա­­­­հանա­­­­յից, Սար­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ւագաց եւ Դպրաց Դա­­­­սերը, Գալ­­­­ֆա­­­­­­­­­­­­­­­յեան Ուխտի Քոյ­­­­րը, Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան Աթո­­­­ռի Տնտե­­­­սական Խոր­­­­հուրդի, Տիկ­­­­նանց եւ Երի­­­­տասար­­­­դաց կազ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­րու ան­­­­դամնե­­­­րը, Գոր­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ծուած իրե­­­­րու եւ հա­­­­գուստնե­­­­րու վե­­­­րար­­­­ժե­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­ման յանձնա­­­­խումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին Հի­­­­ւան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նոցի Հո­­­­գաբար­­­­ձութիւ­­­­նը, Բժշկա­­­­պետու­­­­թիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բուժքոյ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը, Հա­­­­մայնքա­­­­յին Հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թեանց Խնա­­­­մակա­­­­լու­­­­թիւննե­­­­րը, Թա­­­­ղային Խոր­­­­հուրդնե­­­­րը, Տիկ­­­­նանց Յանձնա­­­­խումբե­­­­րը, մեր հա­­­­մայնքա­­­­յին վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու Հիմ­­­­նադրի ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցիչներն ու Տնօ­­­­րէն­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, Հո­­­­գաբար­­­­ձութիւննե­­­­րը, Ու­­­­սուցչաց Դա­­­­սը, Աղ­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­տախ­­­­նամ Մար­­­­միննե­­­­րը, Սա­­­­նուց Միու­­­­թիւննե­­­­րը եւ բո­­­­լոր մար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­սիրա­­­­կան ու մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին մար­­­­միննե­­­­րը, Հայ Մամ­­­­լոյ Խմբա­­­­գիր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ ողջ Անձնա­­­­կազ­­­­մը, բա­­­­րեսի­­­­րական եւ կրթա­­­­կան հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թեանց սա­­­­տարող ազ­­­­նիւ բա­­­­րերար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, հա­­­­մայն հա­­­­ւատա­­­­ցեալ եւ սի­­­­րեցեալ մեր ժո­­­­ղովուրդը՝ մաղ­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­լով բո­­­­լորին եր­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­նիկ Ծննդեան եւ Աս­­­­տուա­­­­­­­­­­­­­­­ծա­­­­յայտնու­­­­թեան տօ­­­­նակա­­­­տարու­­­­թիւն, ինչպէս նաեւ եկե­­­­ղեցա­­­­շէն, կրթա­­­­նուէր եւ բա­­­­րեսէր գոր­­­­ծունէու­­­­թեանց լիակա­­­­տար յա­­­­ջողու­­­­թիւն։

Յա­­­­տուկ օրհնու­­­­թեամբ կ՚ող­­­­ջունենք եւ կը շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­ւորենք Կրե­­­­տէի Հայ հա­­­­մայնքի ան­­­­դամնե­­­­րը։

…Ս. Ծննդեան եւ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յայտնու­­­­թեան Տօ­­­­նին առի­­­­թով կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կենք աղօ­­­­թել վասն բա­­­­րօրու­­­­թեան եւ ան­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­սանու­­­­թեան Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­­­միած­­­­նի։ Մեր որ­­­­դիական ակ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ծան­­­­քը կը յղենք Նո­­­­րին Սրբու­­­­թիւն Տ. Տ. Գա­­­­րեգին Բ Ամե­­­­նայն Հա­­­­յոց Կա­­­­թողի­­­­կոսին։ Կը հայ­­­­ցենք Նո­­­­րին Սրբու­­­­թեան եւ Մայր Աթո­­­­ռի ողջ միաբա­­­­նու­­­­թեան աղօթքնե­­­­րը վասն պայ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թեան Աթո­­­­ռոյս։

Ի Քրիս­­­­տոս սի­­­­րով կը շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­ւորենք Մե­­­­ծի Տանն Կի­­­­լիկիոյ Նո­­­­րին Սրբու­­­­թիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կա­­­­թողի­­­­կոսը եւ Երու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ղէմի Նո­­­­րին Ամե­­­­նապա­­­­տուու­­­­թիւն Տ. Նուրհան Պատ­­­­րիար­­­­քը, հան­­­­դերձ իրենց միաբա­­­­նակից վա­­­­նական հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րով, նաեւ Հայ Առա­­­­քելա­­­­կան Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ բո­­­­լոր առա­­­­քելա­­­­գործ վի­­­­ճակա­­­­ւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, հան­­­­դերձ իրենց հո­­­­գեւո­­­­րական դա­­­­սերով վստահ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով, թէ բո­­­­լորը աղօ­­­­թակից են մե­­­­զի։

Մեր հայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան սրտա­­­­գին սէրն ու ող­­­­ջոյննե­­­­րը կ՚առա­­­­քենք սփիւռքի մէջ գոր­­­­ծող Ս. Խաչ Դպրե­­­­վանք, Կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նական, Էսաեան ու Մխի­­­­թարեան Վար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­րան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու Սա­­­­նուց Միու­­­­թեանց Վար­­­­չութիւննե­­­­րուն ու մե­­­­րազն ժո­­­­ղովուրդի զա­­­­ւակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, որոնք նեղ պայ­­­­մաննե­­­­րու մէջ կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեն տէր կանգնիլ իրենց աւան­­­­դութիւննե­­­­րուն։

Այս առ­­­­թիւ ի Քրիս­­­­տոս սի­­­­րով ող­­­­ջունե­­­­լով, Ս. Ծննդեան եւ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յայտնու­­­­թեան Տա­­­­ղաւա­­­­րի մեր շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­ւորու­­­­թիւննե­­­­րը կը յղենք նաեւ բո­­­­լոր քոյր Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեայ եկե­­­­ղեցի­­­­ներու առաջ­­­­նորդնե­­­­րուն, հո­­­­վիւ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն եւ հա­­­­ւատա­­­­ցեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, գլխա­­­­ւորա­­­­բար Հայ Կա­­­­թողի­­­­կէ եւ Հայ Աւե­­­­տարա­­­­նական հա­­­­մայնքնե­­­­րուն։

Շնորհք, սէր եւ աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին սրբա­­­­րար զօ­­­­րու­­­­թիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգ­­­­ւոյն Սրբոյ եղի­­­­ցի ընդ մեզ. Ամէն։

 

ՔՐԻՍ­­­­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­­­­ՑԱՒ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒ­­­­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­­­­ՏՈ­­­­­­­­­­­­­­­ՍԻ։

Հայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան սի­­­­րոյ ող­­­­ջունիւ եւ 
աղօ­­­­թիւք ի Քրիս­­տոս

ՍԱ­­ՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ