Հայ օսմանեան նկարիչներու հաւաքական ցուցահանդէս

Օս­­մա­­­­­նեան շրջա­­­նին հայ գե­­­ղան­­­կա­­­­­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու գոր­­­ծե­­­­­­­րը կը ցու­­­ցադրուին «Քան­­­վաս» գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան ցու­­­ցասրա­­­հին մէջ։ Արո­­­ւես­­­տի հա­­­ւաքա­­­րար Աթըլ­­­կան Պա­­­յարի իր դստեր Շի­­­րազ Պեն­­­կի Պա­­­յարի անու­­­նով կազ­­­մած հա­­­ւաքա­­­ծոյին մէջ կը հան­­­դի­­­­­­­պինք Աշոտ Զո­­­րեան, Դա­­­ւիթ Չրա­­­ճեան, Կա­­­րապետ Եազ­­­մա­­­­­­­ճեան, Ժագ Իհ­­­մա­­­­­­­լեան, Մա­­­յիտէ Արէլ, Մա­­­րի Քըպ­­­րըսլեան, Մա­­­րի Փա­­­փազեան, Մկրտիչ Ճի­­­վանեան, Յով­­­հաննէս Օն­­­նիկ Քիւրքչի­­­ւեան, Օն­­­նիկ Ադա­­­մեան, Բիւ­­­զանդ Գո­­­ճամա­­­նեան եւ Սի­­­մոն Եազը­­­ճեանի նման նկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու կա­­­րեւո­­­րագոյն գոր­­­ծե­­­­­­­րը։

Հա­­­ւաքա­­­ծոն իր այս բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թեամբ կը հա­­­մարո­­­ւի հայ օս­­­մա­­­­­­­նեան նկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու ամե­­­նածա­­­ւալուն օրի­­­նակը։ Ցու­­­ցադրո­­­ւած գոր­­­ծե­­­­­­­րուն մէջ են Ճի­­­վանեանի «Իս­­­թանպուլ»ը, Եազը­­­ճեանի ցարդ ան­­­յայտ «Գու­­­շակ Կին»ը եւ Բիւ­­­զանդ Գո­­­ճամա­­­նեանի «Էշեր»ը։

Ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը բաց պի­­­տի մնայ մին­­­չեւ 20 Յու­­­նո­­­­­­­ւար ու ապա պի­­­տի ճամ­­­բորդէ շրջե­­­լով Փա­­­րիզ, Նիս, Լոս Ան­­­ճե­­­­­­­լըս, Ուա­­­շինկթըն եւ Նիւ Եորք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ