Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցիի արարողութեան առթիւ 2012 թուին Վան գացած էի։ Հիւրանոցները բոլորովին լեցուն էին։ Փողոցը մնացի։ Յանկարծ յիշեցի ընկերս Էօզճան Եուրտալանը։ Երախաներու համար լուսանկարչական աշխատանոց կազմակերպած էր։ Ինք թերեւս մնալիք տեղ մը կրնար ապահովել։ Ի վերջոյ արարողութեան նախորդող գիշերը անցուցի Էօզճանին եւ ընկերներուն հետ։ Այդ օր Վանի այգիներէն մէկուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուէր։ Միասնաբար հոն գացինք։ Իսկոյն նկատեցի զինք։ Անհաւատալի կախարդանքով մը կը պարէր։ Նուագը, նուագածուները, ընդմիշտ կը փոխուէին, բայց ան չէր դադրեր, անսպառ եռանդով կը շարունակէր պարել բոլորին հետ։ Մերթ կը պարէր Մարտինէն եկած ռեպապի եռեակի ելեւէջներով, մերթ ալ Հայաստանէն եկած նուագախումբի հնչիւններուն ոտք յարմարցնելով։
Այս ուրախ միջավայրի մէջ ամենաշատ զուարճացողները 10-12 տարեկանի պատանիներն էին։ Ինք էր որ յաճախ շարժման կ՚անցնէր ընկերները շուրջպարի միանալու համար։ Բայց այդ ի՞նչ տեսակ շուրջպար էր։ Այդ ի՞նչ ոգեւորութիւն։ Կարծես երաժշտութիւնը իրենց երակներէն կը հոսէր։ Թմբուկի ուժեղ կշռոյթով կը դողդղար իրենց մարմինները։ Կը դողդողար ուսերը, կը դողդողար սրունքները, ուժգին կը հարուածէին գետին, մէջքերով կ՚օրօրուէին դէպի ետ ու առաջ։ Կը գոյանար այն տպաւորութիւնը, թէ իրենք հոն չեն։ Միայն մարմինով, միայն նիւթապէս հոն են։ Բայց անկէ վեր, անկէ աւելի ուրիշ աշխարհի մը մէջ են։ Այս շուրջպարին իր ոգին դրոշմողը լուսանկարի մէջ աջէն երկրորդն է։ Այդ փոքրակազմ մարմինը աչքերնուդ առջեւ կը հսկայանայ, շարժումները արտայայտութիւն կը ստանան եւ նախնական գոռումներով կը լուսաւորէ պարադաշտը։ Արդեօք ե՞րբ սորված էր երաժշտութեան հետ միաձուլուելէ ամբողջ ինքնութիւնը պարին վատնելէ չվախնալը։