Ինչպէս նախորդ տարիներուն այս տարի ալ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հարակից Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ 2 Յունուար Հինգշաբթի օր, կայացաւ մանուկներու համար կազմակերպուած խրախճանքը։
Սահակ Բ. Պատրիարքի նախագահութեամբ կատարուած միջոցառման մասնակցեցան նաեւ Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան, Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Շահեն Քհնյ. Օհանեան եւ Քոյր Գայանէ Տուլքատիրեան։
Օրուայ հանդիսավարն էր Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որու հսկողութեան տակ մանուկները արտասանեցին Նոր Տարուայ բանաստեղծութիւններ, երգեցին երգեր եւ պարեցին։ Պատրիարք Սրբազանը նուէրներ բաժնելով ուրախացուց մանուկները եւ ապա անոնց խրատեց աղօթել։