Լուսաւորիչի Ամանորեայ համերգը

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

 

Նոր տարո­ւայ անդրա­­նիկ հա­­մեր­­գը կա­­յացաւ 2 Յու­­նո­­­ւար Հինգշաբ­­թի օր, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Այս տա­­րի իր հիմ­­նարկու­­թեան 90-ամեակը նշող Լու­­սա­­­ւորիչ երգչա­­խումբը Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետէ, Ռո­­պէր Պետ­­րո­­­սեանէ, Խա­­չատուր Աւե­­տիսեանէ եւ այլ եր­­գա­­­հան­­նե­­­րէ ընտրո­­ւած 14 եր­­գե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող յայ­­տա­­­գիրով մը բեմ ելաւ։

Խմբա­­վար Յա­­կոբ Մա­­միկո­­նեանի վա­­րած երգչա­­խումբին դաշ­­նա­­­մու­­րով ըն­­կե­­­րակ­­ցե­­­ցաւ Ռո­­պէր Տո­­ղանայ։ Հա­­մեր­­գի մե­­նակա­­տար­­ներն էին Մե­­լինէ Թե­­մել­­ճի, Մա­­րիա Հա­­զարեան Էր­­շէն, Մա­­րալ Այ­­վազ Չաղ­­լը­­­չու­­պուքճու, Շանթ Չաք­­մաքճեան եւ Սեր­­ճան Կա­­զէրօղ­­լու։

Հա­­մեր­­գին ներ­­կայ գտնո­­ւեցաւ Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ., եկե­­ղեց­­ւոյ երէց Եղի­­շէ Ծ. Վար­­դա­­­պետ Ուչքու­­նեան, Յա­­րու­­թիւն Վար­­դա­­­պետ Տա­­մատեան, Գրի­­գոր Տա­­մատեան, Սար­­գիս Քու­­յումճեան եւ Գէորգ Չը­­նարեան աւագ քա­­հանա­­ները։

Հա­­մեր­­գի աւար­­տին Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. Հուսկ բանք ար­­տա­­­սանեց ու անդրա­­դար­­ձաւ Լու­­սա­­­ւորիչ երգչա­­խումբի 90-ամեակին՝ զայն կո­­չելով պատ­­մա­­­կան կաղ­­նի մը։ Գնա­­հատեց երգչա­­խումբի կազ­­մէն ներս երի­­տասարդնե­­րու առ­­կա­­­յու­­թիւնը, ըսե­­լով թէ այս երե­­ւոյ­­թը նման է պատ­­մա­­­կան կաղ­­նիի նոր ճիւ­­ղեր ար­­ձա­­­կելուն։ «Գնա­­հատան­­քի ար­­ժա­­­նի կը գտնենք այս ճիւ­­ղը եւ կ՚աղօ­­թենք որ ան ալ իր կար­­գին նոր ճիւ­­ղեր գո­­յաց­­նէ։ Սոյն աշ­­խա­­­տան­­քի մէջ սէր, միաս­­նութիւն եւ ճակ­­տի քրտինք կը տես­­նենք։ Այդ բո­­լորը այս միաս­­նութիւ­­նը վե­­րածած է ըն­­տա­­­նիքի մը։ Երաժշտա­­կան կա­­րողու­­թեան կող­­քին, պար­­զո­­­ւած այս պատ­­կերն ալ գնա­­հատե­­լի է եւ նոյնքան օրի­­նակե­­լի։ Վստահ եմ, թէ ապա­­գային ալ երի­­տասարդներ ցան­­կութիւն պի­­տի ու­­նե­­­նան նման կազ­­մի մէջ տեղ առ­­նե­­­լու» ըսաւ Պատ­­րիար­­քը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ