Ուշագրաւ էր «Հետք.ամ» կայքէջի վրայ Սամսոն Մարտիրոսեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած հանրածանօթ «Գարուն, Գարուն» երգի ոդիսականը։ Երգի թրքերէն տարբերակը կը զուգադիպի Ատիս Հարմանտեանի Իսթանպուլեան համերգներու շրջանին։ Արդարեւ Ատիսի ստեղծած ոգեւորութեան իբր հետեւանք մօտ տասնեակ մը հայերէն երգեր մտան թրքական փոփ երաժշտութեան երգացանկին թրքերէն բառերով։ Սակայն միւս կողմէ խիստ ուշագրաւ է նաեւ երգին անցած համաշխարհային ճանապարհը։ Վստահ ըլլալով, թէ «Ակօս» ի հայերէն էջերու ընթերցողներու համար եւս շահեկան է ան հետեւաբար որոշ կրճատումներով կը ներկայացնենք հայերէն էջերու ընթերցողներուն։
ՍԱՄՍՈՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Երգը կ՚անցնի պետական սահմանները եւ բոյն կը դնէ Պաքուէն Պուրջ Համուտ եւ այլուր։
Հայկական խրախճանքներու միջոցին բոլորս լսած ենք «Գարուն, Գարուն» երգը։ Հանրածանօթ երգը առաջին անգամ կատարած է Լիբանանահայ երգիչ Ատիս Հարմանտեանը։
Շատեր համոզուած են թէ ան ի սկզբանէ հայկական երգ է, բայց այդպէս չէ։
Ես օրինակ, կարծած եմ թէ ան ազգային երգի մը փոփ մեկնաբանութիւնն է։ Բայց «Գարուն, Գարուն»ը կերգեն բացի հայերէնէ, ատրպէյճաններէն, թրքերէն, արաբերէն եւ յունարէն։
Երգի արմատները կը հասնին 1930-ականներ ու վերջերուն Խորհրդային Ատրպէյճան։ Մեզի ծանօթ կը դարձնէ երիտասարդ բանաստեղծի մը ողբերգական կեանքը եւ իր բանաստեղծութիւնը, որ երբեք պէտք չեր հրատարակուեր։
Բանաստեղծը գնդակահարեցին Խորհրդային բանտի մը մէջ, բայց անոր բանաստեղծութիւնը՝ որ ապա դարձաւ «Գարուն, Գարուն» երգի նախատիպը, կարելի չեղաւ ոչնչացնել։
Արգիլուած Սովետական ատրպէյճանցի գրողի սիրային բանաստեղծութիւնը
Միքայիլ Մուշֆիգը (Իսմայիլզատէ) ծնած է Պաքու, 1908-ին, թաթերու ընտանիքի մէջ։ Փոքր տարիքին որբանալով մեծցած է բարեկամներու մօտ։ Առաջին գրութիւնները լոյս տեսան ուսանողական տարիներուն 1926-ին, երբ անդամակցած էր «Գըզըլ Գալամ» (Կարմիր գրիչ) յեղափոխական բանաստեղծներու խումբին։
Իր քննադատական տեսակէտերու պատճառով կը ձերբակալուի 1937-ին, ու ապա կը վտարուի Ատրպէյճանի գրողներու միութենէն։ Հակայեղափոխութեան եւ ազգայնականութեան մեղադրանքներով կը դատուի, որու աւարտին կը վճռեն դաւաճանութեան ու մահապատժի։ Նոյն օրը կը գնդակահարուի, երբ հազիւ 30 տարեկան էր։ Քոյրն ալ կը դատեն եւ վեց տարի կ՚աքսորէն Սիպիր։
Մուշֆիգի կինը՝ Տիլպեր Ախունզատէ նոյնպէս տառապած է Ստալինեան բռնակալութենէն։ Մուշֆիգի գնդակահարութենէ մէկ շաբաթ առաջ, ամանորին ան ալ կալանաւորուած է եւ բանտարկուած մինչեւ 1939-ի Մարտ ամիսը։
Այս դէպքերէն տարիներ առաջ, երբ Տիլպերն ու Միքայէլը նոր հանդիպած էին, ան գրած էր «Տիլպերնամէ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ մտադիր չէր հրապարակելու։ «Ոչ մի անծանօթ մարդ չպէտք է կարդայ այն պոեմը, որ տղամարդը գրած է իր կնոջ համար»։
Միքայիլի ձերբակալութենէ ետք անոր գրառումներն ալ կ՚այրեն որպէս արգիլուած գրականութիւն։ Այսպէս Տիլպերնամէի ձեռագիր միակ օրինակն ալ կ՚ոչնչանայ բոցերու մէջ։
Ստալինի մահէն ետք Մուշֆիգը եւ արուեստի շարք մը այլ գործիչներ յետմահու արդարացան։ Այսպէս վերհրատարակուեցաւ Մուշֆիգի ստեղծագործութիւնները, որոնց կարգին Տիլպերնամէն, ըստ կնոջը՝ Տիլպերի յիշած տողերով։
1968-ին Տիլպերը կը տպագրէ «Միւշֆիգլի Կիւնլերիմ» (Մուշֆիկով օրերս) գիրքը։ Կը հրապարակէ «Սենէ Գուրպան» (Քեզ մատաղ)ը «Ուլդուզ» հանդէսի մէջ։ Նոյն տարին Ալագպէր Թաղիյեւ երաժշտութիւն կը յօրինէ «Սենէ Գուրպան»ի խօսքերով։ Երգը կը կատարէ Զէյնապ Խանլարովան եւ կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։ Այս երգը շուտով կը դառնայ հիթ, կը կատարեն տարբեր երգիչներ քանի մը տարբերակով։
Անցնինք առաջ՝ դէպի 70-ականներու Պէյրութ՝ Պուրջ Համուտ հայկական թաղամաս։
Պուրջ Համուտի մէջ ծաղկող հայկական էսդրատային շարժումը
1960- 70-ականներուն Պուրջ Համուտը ապրեցաւ հայկական Էսդրատային երաժշտութեան զարգացումը։
Լիբանանի մէջ ժողովրդականութիւն շահած այս ոճը ազդուած էր թրքական, յունական եւ արաբական փոփ երաժշտութենէ, որոնք եւս ազդուած էին արեւմտեան եւրոպական եւ ամերիկեան փոփէ։ Այդ տարիներուն Պուրջ Համուտի հայերը կը սիրէին լսել թրքական փոփ երաժշտութիւն, սակայն հիմնականին տան մէջ, այլ ոչ հանրային վայրեր։
Սերունդներու միջեւ երաժշտական նախասիրութիւններու տարբերութիւնը աւելի ակնյայտ դարձաւ 1960-ականներուն։ Երիտասարդները կը մերժէին թրքական երաժշտութիւնը, որ հաճելի կը թուէր իրենց ծնողներուն։ Սոյն բացը լցրեց էսդրատային շարժումը։ Նոր երգիչներ յայտնուեցան եւ յեղափոխեցին հայկական ինքնութիւնը երաժշտութեան միջոցաւ։
Ատիս Հարմանտեան եւ ուրիշներ ծանօթ մեղեդիները կատարեցին հայերէն խօսքերով։ Այս ընթացքին մէջ իրենց անունները եւրոպականացուցած շատ հայ երգիչներ սկսան հայերէն երգել։ Օրինակ Գինկ Արթիւրը դարձաւ Հարօ Փուրեան, Տը Փրինսը դարձաւ Փոլ Պաղտատլեան, Մաքսիմը դարձաւ Մաքսիմ Բանոսեան եւ Ատիս Հարմանտը դարձաւ Ատիս Հարմանտեան։ «Եւրոպական երաժշտութեան մէջ ես շատ յաջողակ էի, բայց ես անոր մէջ ապագայ չէի տեսներ...Մտածեցի՝ ինչո՞ւ չնուագեմ նոյն երաժշտութիւնը, բայց հայերէն։ Սա նոր բան էր։՝ Ոչ ոք այդ չէր ըրած։ Ես տուի անոնց այն ինչ որ կը սիրէին, բայց հայերէն», ըսած էր Ատիսը հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Ատիս Հարմանտեանի ամենասիրուած երգերէն մէկը եթէ «Նունէ»ն է, երկրորդը «Գարուն, Գարուն»ը եղաւ։ «Գարուն, գարունեը, ըստ էութեան «Սենէ Գուրպան»ի իւրօրինակ հայերէն քաւըրն էր։
Յայտնի չէ, թէ երբ է Ատիսը առաջին անգամ լսած «Գարուն, Գարուն»ը Հնարաւոր է, որ ան լսած է այն թրքական ռատիոյով, քանի որ երգը այդ ժամանակ Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս հիթ էր։ Խանլարովան շրջագայութիւններով մի քանի անգամ համերգ տուած էր Թուրքիոյ մէջ։ Եւ երգի արմատները, որ սկիզբ կ՚առնեն Մուշֆիգի պատումներէն, ընդհանրապէս յայտնի չեն։ Մուշֆիգի սիրոյ արտայայտութիւնը, որ երբեք պէտք չէր հրապարակուէր, հիմա դարձած էր յայտնի երգ ոչ միայն Ատրպէյճանի մէջ, այլ նաեւ սփիւռքի ոչ պաշտօնական մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ։
Պուրջ Համուտ ծաղկող էսդրատային շարժումը յայտնի դարձաւ նաեւ հայ համայնքէ դուրս։ Երգի արաբերէն տարբերակը շուտով յայտնուեց։ «Ֆաթում, Ֆաթում»ը դարձաւ սիրուած սիրոյ ֆիլմերու շարքի՝ «Սահ էլ Նումեի սաունդթրեքը։ Սա ակնյայտօրէն կը փաստէր «Գարուն, Գարուն»ի յայտնիութիւնը։
«Գարուն- Գարուն»ի թողարկումէն ընդամէնը մէկ տարի անց՝ 1974-ին, «Մաւի Պոնճուք» (Կապոյտ ուլունք) ֆիլմը յայտնուեցաւ Թուրքիոյ շարժանկարի սրահներուն մէջ։ Ֆիլմը կը սկսի նոյնանուն երգով, որ կը կատարէ հմայիչ թուրք երգչուհի Էմել Սայըն։ Ան ունէր նոյն մեղեդին, ինչ «Սենէ Գուրպան»ը եւ «Գարուն, Գարուն»ը, որոշ փոփոխութիւններով։ Ֆիլմի մէջ Էմել Սայընը գիշերային ակումբի երգչուհի է, որուն կ՚առեւանգեն մի խումբ թափթփուկներ։ Ժամանակի ընթացքին ֆիլմը իր երաժշտութիւնով կը դառնայ դասական կոմետիա։
Այնուհետեւ երգը կը հասնի Յունաստան։ Փոփ երգիչ Նիքոլաօ Ֆիլիպոսը, որ համբաւի տիրացած էր իբրեւ յունական «Փլէյ Պոյս» խումբի երգիչ, կը ստեղծէ երգի յունարէն մեկնաբանութիւնը «Փարէ, Փարէ» (Տար ինձ)։
Ֆիլիպոսի ժողովրդականութիւնը գագաթնակէտին կը հասնի 1970-ականներու կէսերուն, երբ ան կը թողարկէ «Փարէ, Փարէ»ն։
1970-ականներու կէսերուն այս ատրպեճանական երգը ունէր արդէն չորս մեկնաբանութիւն՝ հայերէն, արաբերէն, թրքերէն եւ յունարէն։ Ասոնց բոլորը իւրայատուկ էին եւ դարձան շատ սիրուած երգեր իրենց երկիրներուն մէջ։
Այս երգի յայտնութիւնը տարիներ անց եւս մէկ անգամ հաստատուեց, երբ 2007-ին յայտնի լիբանանցի երգչուհի Նենսի Աջրամը անպատրաստից կատարեց «Գարուն, Գարուն»ը «New TV» ալիքին հարցազրոյց տալու ընթացքին։ Հարցազրոյցի ժամանակ Նենսին ըսաւ թէ «Գարուն, Գարուն»ը Պէյրութի մէջ անցուցած մանկութեան տարիներուն իր սիրելի երգերէն մէկն էր։
Այս երգին վիճակուած էր դուրս գալ սահմաններէն անդին։
Այն դարձաւ հայկական, արաբական, թրքական եւ յունական մշակոյթներու մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաշերտ ինքնութիւններու գերազգային ներկայացում՝ արտայայտուած համընդհանուր լեզուվ՝ երաժշտութեամբ։
Հ.Գ. Ատիս Հարմանտեանը կեանքէն հեռացաւ այս 2019-ի Սեպտեմբերին Գալիֆորնիոյ Սանթա Մոնիքա քաղաքի մէջ, 74 տարեկանին։