2020-րդ անգամ է, որ երկնքի վրայ կը ծագի Բեթղեհէմի աստղը եւ մարդիկ իրենց յոյսը կապած մսուրէն բարձրացող ճիչին, զիրար կը շնորհաւորեն մեսիայի գալուստը աւետելով։ Երեք մոքեր մեծ իմաստ տեսան այդ աստղի լոյսին մէջ եւ ուղղուեցան լոյսին թելադրած ճանապարհին ու հասան Մարիամի ծննդաբերած Յիսուսի մսուրին։ Այդ օր ալ այս բարեբաստիկ ծնունդով յոյսերը կապուեցան համաշխարհային խաղաղութեան, որուն կը կարօտինք այդ թիւէն 2020 տարի ետք դարձեալ։
Բազում փորձանքներով փորձուեցաւ քրիստոնէութեան հաւատքը եւ տակաւին բազում եւս փորձաքարեր կան մեր առջեւ։ Միթէ կեանքի ամէն մէկ հատուած փորձութեան, փորձուելու նոր հրամայական մը կը պարզէ մեր դիմաց։ Ինչ փոյթ։ Պիտի յաջողինք այդ փորձութիւններու բոլորը իսկ անսայթաք անցնելու, ոչ թէ անոր համար թէ ճամբու աւարտին փրկութիւնն է մեզ սպասողը։ Եթէ կայ փրկութեան եղանակ, զայն պիտի բերենք բազմաչարչար տառապանքներու ընդմէջէն յանուն ապագայի պայծառութեան։ Այս է էական փորձութիւնը, որմէ պարտաւոր ենք յաջողութեամբ դուրս գալ։ Նման յաջողութեան համար մեզի տրուած է դատողութեան միտք, գործադրելու կամք եւ հաւատք։ Այդ կամք ու հաւատքով այս տարի ալ դիմաւորենք Բեթղեհէմի աստղը աւետելով՝
«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ»։