Չես գիտեր ինչ մտորումներով նկարիչները, յատկապէս ալ երգիծանկարիչները տարեց պառաւի մը կերպարով կը բնութագրեն անցնող տարին, որ ընկճուած կ՚երեւի ամբողջ տարուայ մը ծանր լուծին տակ եւ զինք փոխարինելու կու գայ աշխոյժ եւ առոյգ Ամանորը։ Ինչ զարմանալի է անոր ճակատագիրը։ Այդ առոյգ երիտասարդն ալ ընդամէնը մէկ տարուայ տեւողութեան մէջ պիտի ստանձնէ համայն մարդկութեան բեռը եւ ինք ալ հերթը պիտի փոխանցէ յաջորդին։ Մինչդեռ մենք տակաւին պիտի յամառինք տարիներու հոլովոյթին մեր վրայ գործած աւերը ուրանալու։ Պիտի յետաձգենք տարիներու կուտակումին հետ համերաշխելու հրամայականը։ Միայն չարիքներով պիտի յիշենք անցնող տարին եւ բոլոր դրական ակնկալութիւնները պիտի վերագրենք նոր եկողին։ Բոլոր բարի մաղթանքները պիտի ըլլայ այդ նորին հետ կապուած։ «Թող Նոր Տարին …» ըսելով բացիկներ պիտի ուղարկենք մէկս միւսին, բայց տեղի պիտի չբերենք այդ ցանկութիւններու պահանջած հրամայականը։
Հրաժարինք ի զուր խաբկանքէ։ Նոր Տարին տոպրակին մէջ շալկելով չէ որ պիտի բերէ աշխարհի խաղաղութիւնը։ Մենք է, որ պիտի մարտնչինք այդ ցանկութեան տիրանալու համար։ Եթէ չունինք նման կամք, պարտինք ազատ թողել խեղճ Կաղանդ Պապան, որ իր գիտցած եղանակով երթայ ու գայ տարեկան հոլովոյթով։ Չէ որ կ՚ըսէր Աշուղ Ճիվանի. «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան»։ Բաւ է համոզուին այլեւս կու գան ու կ՚երթան իւրաքանչիւր տարուայ հետ միասին։ Ոչ մէկ տարի ինքնին չարութեան պատճառը չէ։ Ամէն տարուայ մէջ կան, թէ ուրախ եւ թէ տխուր պատահարներ։ Մենք ենք, որ մեզ շատ ցաւցուցած չար պատահարները կը յիշենք առհասարակ եւ անոնց փրկութիւնն ալ կը վերագրենք թուականի պարզ փոփոխութեանն միայն։ Տարիները կ՚անցնին կ՚երթան իրենց հետ կը սպառի նաեւ մեր հիւրութեան օրերը աշխարհի վրայ եւ քանի որ մեր ուժերէն վեր է այդ երթի հերթականութիւնը, ուրեմն ի՞նչ փոյթ՝ եկէք մենք ալ դիմենք գերիշխողին եւ բարեմաղթանքներով դիմաւորենք Ամանորը։
Շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորին ու բոլորին։