Գերապայծառ Զէքիեանի Պատգամը

Ծագումն հրաշագործ որ ի Կուսէն ծագեցաւ, ճառագայթելով զարարածս ամենայն։

Երկինք ցնծային եւ երկիրս ուրախանայր

Եւ Քրիստոս Աստուած ընդ մարդկան շրջեցաւ...

 

Հրաշագործ լուսածագ, որ Կոյսէն ծագեցաւ,

Ու ճառագայթեց բոլոր արարածներուն,

Երկինքը կը ցնծար, երկիրը կ՚ուրախանար

Եւ Քրիստոս Աստուած մարդոց միջեւ շրջեցաւ...

 

Քրիստոսի Ծննդեան լուսաշող Աւետիսը կը հնչէ դարձեալ մեր ականջներուն մէջ, կը ճառագայթէ երկնքի կամարներէն, կը յուզէ սիրտերը Բեթղեհէմի բարի հովիւներուն, կը ցնցէ միտքերը արեւելեան աշխարհներու հեռաբնակ իմաստուն մոգերուն։

Ձմեռնային այս օրերուն, երբ տնային օճախը, ընտանեկան ակութը աւելի ջերմօրէն կը գրկեն մեզ, առաւել մտերմիկ տաքութիւն մը կը ծաւալեն մեր շուրջ, Յիսուսի ծննդեան յիշատակը, այս յիշատակին բերկրախինդ վերակոչումը, հաւատքով միասնաբար տօնախմբութիւնը՝ վերամփոփումի, կեանքի իմաստին վրայ վերափոխումի, վերանորոգ անդրադարձի աստուածատուր առիթ մը կ՚ընծայեն բոլորիս։

Տօները, զորս Մայր Եկեղեցին կ՚առաջարկէ տարուան ընթացքին իր սիրասնունդ զաւակներուն, այսինքն մեզի հաւատացեալներուս, լոկ առիթներ են մեր ուշադրութիւնը աւելի կեդրոնացնելու, մեր մտածումներն ու խոհերը աւելի սեւեռելու, մեր զգացումներն ու յոյզերը աւելի մագնիսացնելու համար այդ տօներուն, այդ տօներէն իւրաքանչիւրին պարփակած խորհուրդին վրայ, որոնք մեր քրիստոնէական հաւատքին լուսասիւները կը կազմեն։ Այսպէս՝ Ծնունդը, Զատիկը, Հոգեգալուստը. Պայծառակերպութիւնը, Խաչվերացը եւլն.։

Քրիստոսի Ծնունդը Մարդեղութեան Խորհուրդին մարդկութեան առջեւ բացայայտումն է, բացափայլումն է։ Այն ինչ որ Աւետման օրը, Գաբրիէլ Հրեշտակապետին աւետմամբ, իրականացաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր անապական արգանդին մէջ, կը յայտնուի մարդկութեան, կը դառնայ ամէն մարդէ ճանաչելի համընդհանուր կալուած՝ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդով, որով Աստուած, անտեսանելին, անիմանալին, անշօշափելին կը դառնայ Էմմանուէլ, այսինքն՝ Աստուած ընդ մեզ, Աստուած մեզի հետ, ինչպէս կը կանխատեսէր, Ս. Հոգւոյն ազդմամբ, մեծ մարգարէն Եսայի։

Յիսուսի ծնունդը խորհուրդն է Աստուծոյ խորին, անհաս, անսկիզբ իմաստութեան, որով Աստուած ի յաւիտենից յղացաւ, սահմանեց, յօրինեց Փրկութեան կարգը, Քրիստոսի փրկարար Տնօրէնութիւնը, մեղքով պարուրուած մարդուն մաքրումը, սրբացումը, փրկութիւնը, այլ խօսքով մարդուն տրուած հնարաւորութիւնը՝ բացուելու աստուածային շնորհին, արժանանալու յաւերժական կեանքի անստուեր երանութեան։

Այս մտածումներով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ տիրաւանդ հօտիս, ինչպէս եւ բովանդակ Հայութեան, համայն քրիստոնէութեան՝ Ծննդեան եւ Յայտնութեան Տօները, մաղթելով որ Քրիստոսի շնորհաբեր Ծնունդն ու Յայտնութիւնը ըլլան ողջ մարդկութեան համար շնորհքի, արդարութեան, անդորր եւ խաղաղ համակեցութեան անսպառ աղբիւր։

Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան

Առաջնորդ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ

Կաթողիկէ Հայոց

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ